Parliament speaker presents Armenia government's Crossroads of Peace project to Italy counterpart First border post installed on Armenia-Azerbaijan border Suren Papikyan, head of Senate’s France-Armenia Friendship Group discuss cooperation in defense sector RA NA President Alen Simonyan meets with Speaker of the House of Commons of Parliament of Canada Greg Fergus Ambassador Makunts spoke about security situation in Armenia at meeting with students of John Hopkins University in Washington Meeting of the Minister of Foreign Affairs of Armenia with the EU Special Representative Prime Minister Pashinyan receives Toivo Klaar Azerbaijan will ensure security in Karabakh with its own forces, CSTO Secretary General says Pashinyan sets up working group under Armenia-Azerbaijan border delimitation, security commission Netanyahu vows to fight possible U.S. sanctions on Israeli army units 

Ուր է աշխարհը եւ հատկապես Արեւմուտքը՝ ի տես Թուրքիայի ցեղասպան քաղաքականության. Արամ Ա

Society

Արամ Ա կաթողիկոսը Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղղած համազգային զօրակոչին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի 25 Հոկտեմբերին։

«Ահաւասիկ այսօր 29-րդ օրն է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախին եւ Արցախի ճամբով ողջ հայ ժողովուրդին դէմ շրթայազերծուած պատերազմին։ Անցնող օրերու ընթացքին յաճախակի առիթներով Մեր հայրական խօսքը ուղղեցինք եւ Մեր զօրակցութիւնը յայտնեցինք հայոց բանակին, ինչպէս նաեւ հայրապետական կոչ ուղղեցինք մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ իրենց անվերապահ ու ամբողջական աջակցութիւնը բերելու Արցախին ու հայոց բանակին։

Սա պահուն, կ’ուզենք կարգ մը յիշեցումներ եւ ընդգծումներ կատարել.-

Ա) Հայոց բանակը հերոսաբար կը շարունակէ պաշտպանել ազատ ու անկախ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ Արցախի ճամբով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութիւնը, եւ Հայաստանի ճամբով համայն հայութեան ամուր գոյութիւնը։ Այս հայեցակէտով հարկ է դիտել ու արժեւորել Արցախի պատերազմը։ Հետեւաբար, սովորական պատերազմ մը չէ սա. հայութեան ու հայրենիքին ճակատագիրը վճռող պատերազմ մըն է։ Մեր պատմութեան ընթացքին ապրեցանք ճակատագրական պահեր երբ մեր ազգին ու հայրենիքին գոյութիւնը խորապէս վտանգուած էր։ Սակայն, մեր ամուր միասնակամութեամբ, անխորտակ հաւատքով ու զօրեղ կամքով մնացինք ու գոյատեւեցինք։ Յիշեցէ՛ք Վարդանանց Պատերազմը, երբ մեր ժողովուրդը հաւաքական վճռակամութեամբ ըսաւ՝ այս հաւատքէն մեզ ո՛չ ոք կրնայ խախտել։ Մեր հաւատքին մէջ խտացած էր նաեւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը ու ազգին ազատութիւնն ու անկախութիւնը, որոնք քրիստոնէական վեհ արժէքներ են։ Յիշեցէ՛ք նաեւ Խրիմեան Հայրիկին «երկաթէ շերեփ»ը, որպէս հայ ժողովուրդի անկախութեան ու արժանապատուութեան համար պայքարելու խորհրդանիշ։ Վստահ ենք, որ այս գիտակցութեամբ ու իրենց արիւնը հայրենիքին համար թափելու յանձնառութեամբ կը կռուին մեր հերոս զինուորները Արցախի մէջ։ Մեր ողջ ազգը հայոց բանակին հետ է։ Իւրաքանչիւր հայ զինուոր է։ Հայրենիքին ազատութեան ու անկախութեան համար կռուիլը սոսկ պարտաւորութիւն չէ, այլ՝ պատիւ ու հպարտութիւն։ Փա՜ռք ու պատիւ հայոց քաջ բանակին։

Բ) Արցախի դէմ պատերազմ հռչակողը ու մասնակցողը Ազրպէյճանի կողքին Թուրքիան է։ Եւ սա այլեւս գաղտնիք չէ. Թուրքիան ինքը կը յայտարարէ միաժամանակ շեշտելով, թէ պատերազմը կեցնելու ու Արցախին ապագան ճշդելու իր պայմանները ունի։ Այս ձեւով Թուրքիան մուտք կը գործէ նաեւ Կովկասէն ներս. այն Թուրքիան, որ արաբական ու իսլամական աշխարհէն ներս կը շարունակէ իր խանգարիչ ու բաժանարար ներկայութիւնը. այն Թուրքիան, որ կը փորձէ Միջերկրականեան երկիրներէն սկսեալ մինչեւ արեւելեան Եւրոպա ներկայութիւն դառնալ՝ բանթուրանիզմը նոր մօտեցումներով ու տարազով հաստատելու հեռանկարով։ Սա այլեւս մեկնաբանութեան ու վերլուծումի չի կարօտիր. յստակ է Թուրքիոյ նպատակը։ Ահա թէ ինչու Արցախի պատերազմը անհրաժեշտ է դիտել Արցախէն անդին՝ Թուրքիոյ կողմէ հեռաւոր նպատակներ հետապնդելու միտող լայն շրջագծէն ներս։ Դժբախտաբար այս բոլորին գինը կը վճարէ հայ ժողովուրդը։

Գ) Ո՞ւր է աշխարհը ու յատկապէս՝ Արեւմուտքը, ի տես Թուրքիոյ ցեղապաշտական, ցեղասպանական, կայսերապաշտական եւ բանթուրանական քաղաքականութեան։ Արդարեւ, երբ կը խօսինք 1915-ի ցեղասպանութեան մասին, յաճախ հարց կու տանք թէ ո՞ւր էր Արեւմուտքը երբ ազգ մը ենթակայ դառնար Օսմանեան Թուրքիոյ բնաջնջումի ծրագրին։ 105 տարիներ յետոյ, ներկայ քաղաքակիրթ աշխարհին դիմաց դարձեալ եւ առա՛ւել ցասումով հարց կու տանք՝ ո՞ւր է միջազգային համայնքը, երբ նոյն ցեղասպանական ծրագիրը հետապնդող ցեղասպանը ազատօրէն կր շրջագայի իր անմիջական սահմաններէն շա՜տ հեռու վայրերու մէջ։ Ո՞ւր են իրենց աշխարհաքաղաքական շահերով Կովկասին առնչուած ուժերը ի տես Թուրքիոյ այս վտանգալից նկրտումներուն։ Քաղաքական իրատեսութիւնը կը պահանջէ անմիջական շահէն ու տեսանելի երեւոյթներէն անդին դիտել, ինչպէս նաեւ եղելութիւնները լայն շրջագծի մէջ ու հեռաւոր գիծի վրայ տեսնել ու արժեւորել։ Գիտենք դժբախտաբար, որ աշխարհաքաղաքական շահերը կը գերադասեն ամէն տեսակ կրօնական, մշակութային, պատմական արժէքներ ու կապեր։ Սակայն, այս բոլորին մէջ տեղ մը «բարեկամութիւն» կոչուող մարդկային արժէք մը ու տարածք մը գոյութիւն ունի, որ որոշակի կացութիւններու ու դէպքերու ընթացքին սպասելի է որ ինքզինք գործնապէս դրսեւորէ։
Սիրելի՛ ժողովուրդ, փաստօրէն հզօր պետութիւններ զանազան կերպերով գործնապէս մասնակից կը դառնան մեր «փոքր ածուի»ին դէմ շղթայազերծուած ահաւոր պատերազմին։ Եկէք յիշենք մեր պատմահօր՝ Մովսէս Խորենացիի բառերը «Թէպէտ եւ եմք ածու փոքր, եւ թուով յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ, եւ զօրութեամբ տկար եւ ընդ այլով յոլով անգամ նուաճեալ թագաւորութեամբ, սակայն բազում գործք արութեան գտանին գործեալ եւ ի մերում աշխարհիս, եւ արժանի գրոյ յիշատակի»։ Այսօր մեր ժողովուրդը իր քաջ բանակին առաջնորդութեամբ «արութեան գործեր» կը կատարէ Արցախի մէջ՝ նոյնիսկ «իմացեալ մահ»-ով պաշտպանելով մեր սրբազան հողը։ Եկէք յիշենք նաեւ անմահանուն բանաստեղծին բառերը՝ ժողովուրդ հայոց քու փրկութիւնդ քու հաւաքական ուժիդ մէջ է։ Անհերքելի ճշմարտութիւն մը, յաւերժախօս պատգամ մը, որ առաւել ուժգնութեամբ կը հնչէ այսօր իւրաքանչիւր հայու կեանքին մէջ։
Արցախի ժողովուրդը իր ինքնորոշման իրաւունքը հաստատած է գործնապէս՝ իր անկախ պետականութեամբ։ Միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը, որպէս իր ազատ կամքի արտայայտութիւնը։ Ոչ մէկ նահանջ կամ ընկրկում Արցախի հայութեան այս հաւաքական որոշումէն՝ ներկայ թէ ապագայ բոլոր պայմաններուն մէջ։

Հետեւաբար, սա պահուն Անթիլիասի Մայրավանքէն համազգային զօրակոչ կը յայտարարենք, որուն մասնակից պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայ, զանազան կերպերով իր ներդրումը կատարելու Արցախի հողին անկախութեան ու անվտանգութեան պաշտպանութեան սրբազան պատերազմին։ Այս սպասումով կարեւորութեամբ կ՚ուզենք յիշեցնել.-

1. Անհրաժեշտ է որ Հայաստանի իշխանութիւնը մեր ազգին ներուժը համախմբելու եւ ներդաշնակ ու համադրուած աշխատանքի լծելու առաջադրութեամբ իր շուրջ համախմբէ Հայաստանի թէ Սփիւռքի պետական, քաղաքական, կուսակցական, կրօնական նախկին թէ ներկայ պատասխանատուները, փորձագէտներն ու մասնագէտները, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար խորհրդակցիլ հայ ժողովուրդին, Արցախին ու Հայաստանին գոյութեան սպառնացող ներկայ վտանգը յաղթահարելու կարելիութիւններու շուրջ։

2. Համահայկական զօրակիչի ծիրէն ներս Սփիւռքը կարեւոր դեր ունի կատարելիք։ Առաջին, յարաբերական, քարոզչական, մարդուժի եւ նիւթականի լայն կարելիութիւնները ծրագրուած ու ազդու կերպով օգտագործելով։ Երկրորդ, Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու գծով մթնոլորտ ստեղծելով։ Այս հանգրուանին, բնականաբար, առաջնահերթ է զինադուլի ամբողջական հաստատումը եւ ապա Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ կատարուելիք իրաւական, քաղաքական, դիւանագիտական ու յարաբերական աշխատանքներու համապարփակ ուսումնասիրութիւնը, ծրագրումն ու գործընթացքի ճշդումը։

Արդ, Սիրելի՛ Ժողովուրդ, եկէք մտածենք, ծրագրենք ու գործենք՝ ի պաշտպանութիւն Արցախի անկախութեան, Հայաստանի հզօրութեան ու մեր ազգի յաւերժութեան։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ»:

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
Parliament speaker presents Armenia government's Crossroads of Peace project to Italy counterpartCentral Bank of Armenia: exchange rates and prices of precious metalsFirst border post installed on Armenia-Azerbaijan borderBaku agrees to meeting of foreign ministers of Armenia and Azerbaijan in KazakhstanMicrosoft makes Leonardo da Vinci's Mona Lisa rapiPhone 16 may get sensor surrogates instead of real buttonsNavigating the Future: Insights from AIM Congress 2024 with Dawood Al ShezawiUS cautions 'potential threat of sanctions' over Pakistan-Iran agreements. Samaa TVUK Great to provide unprecedented $617 million military aid package to UkraineSuren Papikyan, head of Senate’s France-Armenia Friendship Group discuss cooperation in defense sectorRA NA President Alen Simonyan meets with Speaker of the House of Commons of Parliament of Canada Greg FergusExpert groups of countries on border of Armenia and Azerbaijan started process of determining coordinatesLilit Makunts discussed security situation in Armenia with participants of Rumsfeld's educational programBaghanis-Voskepar highway closed to ensure demining works in adjacent area: Ministry of Internal Affairs clarificationIn conversation with Zelensky, Biden expressed hope that Senate would approve $61 billion aid package for UkrainePentagon confirmed news of withdrawal of American troops from NigerNewspaper: 3 Armenia-Azerbaijan border delimitation options discussedAmbassador Makunts spoke about security situation in Armenia at meeting with students of John Hopkins University in WashingtonProtest staged outside office of EU Delegation to ArmeniaWe are satisfied with how security problems in region are solved with participation of Russia: Aliyev at meeting with PutinMeeting of the Minister of Foreign Affairs of Armenia with the EU Special RepresentativeEU ambassador visits Armenia nuclear plantNikol Pashinyan gives interview to British mediaCentral Bank of Armenia: exchange rates and prices of precious metalsUAE welcomes agreement between Armenia and AzerbaijanPrime Minister Pashinyan receives Toivo KlaarIran's president Raisi embarks on an official visit to PakistanDeclaring Shushi as the Youth Capital of OIC is falsification of history by Azerbaijan – Geghard SAFAzerbaijan will ensure security in Karabakh with its own forces, CSTO Secretary General saysAnother working group under Armenia-Azerbaijan border delimitation, security commission is formedPashinyan sets up working group under Armenia-Azerbaijan border delimitation, security commissionHuge battery, IP68/IP69K and MIL-STD-810H certifications: Ulefone will present the Armor Pad 3 Pro tabletGlobal military spending in 2023 surges amid war, rising tensions and insecurity – SIPRI reportArmenia parliament speaker paying working visit to SpainSituation remains tense in border area of Armenia’s Tavush ProvinceUkraine has announced destruction of a ship of Russian Navy in SevastopolPapua New Guinea leader takes offense after Biden implies his uncle was eaten by cannibals12 flights to, from Yerevan delayedNorway welcomes news on progress in Armenia-Azerbaijan border delimitation workVillagers continue blocking Kirants-Voskepar section of Armenia-Georgia motorwayWhatsApp will get new and useful featureNetanyahu vows to fight possible U.S. sanctions on Israeli army unitsOil Prices DownCeremony of lighting eternal flame of Arc de Triomphe in Paris in memory of victims of the Armenian GenocideUS State Department announced sanctions against Belarusian and Chinese companiesWashington is working towards establishing a ceasefire in Gaza Strip: BlinkenMass demonstrations not stopped in Georgia for several days now, dozens of arrests reportedBasically, for the first time, Armenia and Azerbaijan have resolved issue at table: Nikol PashinyanIran will not take any action if Israel refrains from large-scale attacks: Amir-AbdollahianFifty drones destroyed in sky of eight regions of Russia: Ministry of Defense of Russia
Most Popular