Parliament speaker presents Armenia government's Crossroads of Peace project to Italy counterpart First border post installed on Armenia-Azerbaijan border Suren Papikyan, head of Senate’s France-Armenia Friendship Group discuss cooperation in defense sector RA NA President Alen Simonyan meets with Speaker of the House of Commons of Parliament of Canada Greg Fergus Ambassador Makunts spoke about security situation in Armenia at meeting with students of John Hopkins University in Washington Meeting of the Minister of Foreign Affairs of Armenia with the EU Special Representative Prime Minister Pashinyan receives Toivo Klaar Azerbaijan will ensure security in Karabakh with its own forces, CSTO Secretary General says Pashinyan sets up working group under Armenia-Azerbaijan border delimitation, security commission Netanyahu vows to fight possible U.S. sanctions on Israeli army units 

Արամ Ա Կաթողիկոսը շնորհավորել է Նիկոլ Փաշինյանին՝ ՀՀ վարչապետի պաշտոնում նշանակվելու կապակցությամբ

Armenia

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսը  շնորհավորական ուղերձ է հղել Նիկոլ Փաշինյանին՝ ՀՀ վարչապետի պաշտոնում նշանակվելու կապակցությամբ:

Շնորհավորական ուղերձում, մասնավորապես, ասված է.

«Վսեմաշո՛ւք Պրն. Վարչապետ,

Քրիստոնէական սիրով ու Հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ձեզ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն: Կը շնորհաւորենք Ազգային Ժողովին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ձեր նշանակումը, որպէս Վարչապետ Հայաստանի Հանրապետութեան ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Արդարեւ, հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի պատմութեան վճռադրոշմ մէկ հանգըրուանին, դուք վերստին կը կոչուիք վարչապետի ծանր ու պատասխանատու պաշտօնին: Պաշտօն մը, որ սովորական իմաստով դիրք ու պատիւ չէ, այլ իր էութեամբ ու նպատակով հայրենակերտումի առաքելությիւն է: Այսօր, ինչպէս գիտէք, մեր հայրենիքը լուրջ տագնապներով շրջապատուած է՝ ներքին թէ արտաքին: Անոր պետականութեան հիմքերը վտանգուած են: Յուսախաբութիւնն ու անորոշութիւնը  դարձած են տիրական Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, ժողովուրդը կը սպասէ որ դուք հայրենիքի վերականգնումի ու վերածաղկումի առաքելութեան լծուիք՝ բարձրագոյն աստիճանի նպատակասլաց պատասխանատվութեամբ ու յանձնառութեամբ: Այս սպասումէն մեկնելով ու այս հեռանկարով, կ’ուզենք Ձեր ազնիւ ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.

ա) Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ միացեալ ուժերով Արցախին դէմ շղթայազերծըւած պատերազմը եւ անոր յառաջացուցած մարդկային մեծաթիւ զոհերը, մեր նահատակներու արիւնով ազատագրուած հողերու գրաւումը, հոգեւոր կառոյցներու քանդումը ու հազարաւոր ընտանիքներու տեղահանումը մեր ժողովուրդին մօտ յառաջացուցած են խոր ընդվզում ու յուսաբեկում: Կարելի չէ առանց հաշուետուութեան, մեր ժամանակակից պատմութեան այս դառն ու մռայլ էջը դարձնել: Հարցումներ կան, որոնք պատասխանի կը սպասեն: Անորոշութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք կը կարօտին յստակացման: Փոխադարձ մեղադրանքներ կը կատարուին, որոնք կարիքը ունին լուսաբանութեան: Հետեւաբար, Մեր սպասումն է, որ նոր ընտրուած Ազգային Ժողովը իր օրակարգի առաջնահերթ հարցերէն մէկը դարձնէ բոլոր խմբաւորումներէն բաղկացած յանձնաժողովի մը նշանակումը, որպէսզի ան կարենայ պատերազմին առնչուած բոլոր խնդիրները համապարփակ կերպով ու իրապաշտ մօտեցումով քննել եւ հրապարակային հաշուետուութիւն կատարել մեր ժողովուրդին:

բ) Մեր ժողովուրդին ներքին միասնականութիւնը յատկապէս ներկայ տագնապալից ժամանակներուն անյետաձգելի հրամայական է: Իրաւ միասնականութիւնը տեսակէտներու միատեսակութիւն չէ, այլ բազմակարծիքութեան ներդաշնակումն է՝ ի սպաս ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերուն: Նման միասնականութիւն կը դառնայ ամուր կռուան Հայաստանի պետութեան ամրացման, տոկուն յենարան իշխանությիւն-ժողովուրդ յարաբերութեան եւ զօրեղ նեցուկ՝ Հայաստանի արտաքին յարաբերութեան: Անհրաժեշտ է, որ ընտրապայքարի օրերուն ծաւալած քաղաքական վատառողջ մշակոյթն  ու ներքաղաքական լարուածութիւնը տեղի տան իշխանութիւն-ընդդիմութիւն առողջ ու շինիչ քննադատութեան: Ա՛յս կը պահանջէ հայրենիքին շահը:

գ) Հայրենիքին նկարագիր ու դիմագիծ տուողը ժողովո՛ւրդն է, եւ ժողովուրդը իր իւրայատուկ ինքնութիւնը կ’արտայայտէ ու զայն կը պահէ անեղծ ժամանակի փոշիին դէմ՝ իր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներով: Ա՛յս կը յիշեցնէ մեզի մեր ”փոքր ածու“ին գոյատեւումը պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն դիմաց: Ներկայ ժամանակներուն, երբ համաշխարհային մշակոյթի ապազգային ”արժէքները“ սկսած են թափանցել ամէն տեղ, Մեր սպասումն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնը, յատկապէս կրթական ու մշակութային կառոյցներու ճամբով մեր ժողովուրդը մղէ ամրօրէն կառչելու մեր ազգի ինքնութիւնն ու հզօրութիւնը երաշխաւորող արժէքներուն:

դ) Արցախը այսօր վիրաւոր է: Անոր ցաւը մեր ողջ ազգին ցաւն է: Մեր հաւաքական յանձնառութիւնը Արցախի անկախութեան նկատմամբ հարկ է պահել ամուր: Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչումը ո՛չ միայն Հայաստանի իշխանութեան առաջնահերթ հարցերէն մէկը պէտք է դառնայ, այլ նաեւ Սփիւռքին: Մեր ազգին հաւաքական ներուժը հարկ է ի սպաս դնել Արցախի անկախութեան ամրապնդման:

ե) Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը կենսական կարեւորութիւն ունի թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին եւ թէ Սփիւռքին համար: Մեր ազգի այս երեք միաւորներուն ներդաշնակ ու սերտ գործակցթուիւնը, բնականաբար դերերու բաժանումով ու առաջնահերթութիւններու յստակեցումով, կը նկատենք հրամայական: Այս շրջագծէն ներս համահայկական օրակարգի մշակումը Սփիւռքի գործօն մասնակցութեամբ կը նկատենք էական ու առաջնային:

զ) Արցախի պատերազմը եւ անոր հետեւող Հայաստան-Ազրպէյճան-Ռուսիա զինադադարի ստորագրութիւնը փաստօրէն ցուցանիշ է Կովկասէն ներս ստեղծուած աշխարհաքաղաքական նոր իրավիճակին: Ներկայ վտանգալից կացութիւնը կը պահանջէ, որ Հայաստանի անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան նկատմամբ իշխանութիւնը ըլլայ զգօն ու անտեղիտալի: Հայաստանին համար վտանգաւոր զարգացումներով յղի շրջանի պարզած ներկայ իրավիճակը նաեւ կը պահանջէ «Ո՛չ» ըսելու  վճռակամութիւն: Արդարեւ, պատմութեան ընթացքին մեծ կայսրութիւններու շահերու խաչմերուկին կռուախնձոր դարձած Հայաստանը իր գոյութիւնը պահեց, թէկուզ երբեմն վիրաւոր, ”Ո՛չ“ ըսելու իր հաւաքական քաջութեամբ:

է) Երբ այսօր Հայաստանը շրջապատուած է հին ու նոր ժամանակներու ցեղասպաններով, որոնք կը շարունակեն իրենց ծաւալապաշտական նկրտումները Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ՝ անտեսելով իրենց յանձնառութիւնները ու միջազգային օրէնքի տրամադրութիւնները, անհրաժեշտ է որ հայոց բանակը դառնայ աւելի կազմակերպ ու մարտունակ: Նաեւ անհրաժեշտ է որ կարենանք մեր ռազմավարական բարեկամներու ու գործընկերներու ծիրը ընդլայնել:

Մեր սպասումն է, Պրն. Վարչապետ, որ հակիրճ կերպով Ձեզի պարզած Մեր մտահոգութիւններն ու մտածումները կարեւորութեամբ նկատի ունենաք, որպէզի կարելի ըլլայ հաւավաքական ու հետեւողական ճիգով, խոհեմ ու պատասխանատու ոգիով մեր հայրենիքը առաջնորդել դէպի պայծառ ապագայ:

Կ’աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ անսասան ու ապահով պահէ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւնները եւ Ձեզի պարգեւէ իմաստութիւն ու կորով՝ Ձեր դժուար առաքելութեան մէջ»:

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
Parliament speaker presents Armenia government's Crossroads of Peace project to Italy counterpartCentral Bank of Armenia: exchange rates and prices of precious metalsFirst border post installed on Armenia-Azerbaijan borderBaku agrees to meeting of foreign ministers of Armenia and Azerbaijan in KazakhstanMicrosoft makes Leonardo da Vinci's Mona Lisa rapiPhone 16 may get sensor surrogates instead of real buttonsNavigating the Future: Insights from AIM Congress 2024 with Dawood Al ShezawiUS cautions 'potential threat of sanctions' over Pakistan-Iran agreements. Samaa TVUK Great to provide unprecedented $617 million military aid package to UkraineSuren Papikyan, head of Senate’s France-Armenia Friendship Group discuss cooperation in defense sectorRA NA President Alen Simonyan meets with Speaker of the House of Commons of Parliament of Canada Greg FergusExpert groups of countries on border of Armenia and Azerbaijan started process of determining coordinatesLilit Makunts discussed security situation in Armenia with participants of Rumsfeld's educational programBaghanis-Voskepar highway closed to ensure demining works in adjacent area: Ministry of Internal Affairs clarificationIn conversation with Zelensky, Biden expressed hope that Senate would approve $61 billion aid package for UkrainePentagon confirmed news of withdrawal of American troops from NigerNewspaper: 3 Armenia-Azerbaijan border delimitation options discussedAmbassador Makunts spoke about security situation in Armenia at meeting with students of John Hopkins University in WashingtonProtest staged outside office of EU Delegation to ArmeniaWe are satisfied with how security problems in region are solved with participation of Russia: Aliyev at meeting with PutinMeeting of the Minister of Foreign Affairs of Armenia with the EU Special RepresentativeEU ambassador visits Armenia nuclear plantNikol Pashinyan gives interview to British mediaCentral Bank of Armenia: exchange rates and prices of precious metalsUAE welcomes agreement between Armenia and AzerbaijanPrime Minister Pashinyan receives Toivo KlaarIran's president Raisi embarks on an official visit to PakistanDeclaring Shushi as the Youth Capital of OIC is falsification of history by Azerbaijan – Geghard SAFAzerbaijan will ensure security in Karabakh with its own forces, CSTO Secretary General saysAnother working group under Armenia-Azerbaijan border delimitation, security commission is formedPashinyan sets up working group under Armenia-Azerbaijan border delimitation, security commissionHuge battery, IP68/IP69K and MIL-STD-810H certifications: Ulefone will present the Armor Pad 3 Pro tabletGlobal military spending in 2023 surges amid war, rising tensions and insecurity – SIPRI reportArmenia parliament speaker paying working visit to SpainSituation remains tense in border area of Armenia’s Tavush ProvinceUkraine has announced destruction of a ship of Russian Navy in SevastopolPapua New Guinea leader takes offense after Biden implies his uncle was eaten by cannibals12 flights to, from Yerevan delayedNorway welcomes news on progress in Armenia-Azerbaijan border delimitation workVillagers continue blocking Kirants-Voskepar section of Armenia-Georgia motorwayWhatsApp will get new and useful featureNetanyahu vows to fight possible U.S. sanctions on Israeli army unitsOil Prices DownCeremony of lighting eternal flame of Arc de Triomphe in Paris in memory of victims of the Armenian GenocideUS State Department announced sanctions against Belarusian and Chinese companiesWashington is working towards establishing a ceasefire in Gaza Strip: BlinkenMass demonstrations not stopped in Georgia for several days now, dozens of arrests reportedBasically, for the first time, Armenia and Azerbaijan have resolved issue at table: Nikol PashinyanIran will not take any action if Israel refrains from large-scale attacks: Amir-AbdollahianFifty drones destroyed in sky of eight regions of Russia: Ministry of Defense of Russia
Most Popular