Armenia and Italy discuss military cooperation Heads of Russian Gazprom and Azerbaijani SOCAR discussed cooperation in gas sector Grand Indian Wedding at Seven Visions, The Dvin Aliyev and Scholz to discuss issues related to foreign policy, economy and energy At suggestion of Kazakh side, we will inform about date of possible meeting of Foreign Ministers of Armenia and Azerbaijan: Ani Badalyan Suren Papikyan welcomed a delegation led by the Head of the Council of Europe Office in Yerevan France PM: Armenia has endured, it is writing the future of itself and its people Armenia parliament not received any letter from Russia, legislature speaker's spox says Border residents of Armenia’s Tavush Province close off Kirants village bridge Ararat Mirzoyan paid tribute to victims of Armenian Genocide at Tsitsernakaberd Armenian Genocide memorial complex 

Դեպի Արցախի Հանրապետության միջազգային ճանաչում. այլընտրանք չկա. Արամ Ա

Society

Թուրքիոյ անմիջական հովանաւորութեամբ եւ ահաբեկիչներու ու վարձկաններու մասնակցութեամբ Ազրպէյճանի շղթայազերծած պատերազմը Արցախի դէմ մեզ դրաւ նոր իրականութեան մը դիմաց՝ իր զինուորական, քաղաքական, իրաւական եւ աշխարհաքաղաքական երեսներով ու հետեւանքներով: Հետեւաբար, ներկայ իրականութիւնը պէտք է Արցախը, Հայաստանը, ինչպէս նաեւ միջազգային համայնքը մղէ մտածելու ու գործելու մէկ ուղղութեամբ՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչում, այլ ընտրանք չկայ:

Ազրպէյճան-Արցախ վերջին պատերազմի զարգացումներուն մօտէն հետեւողը յստակօրէն պիտի տեսնէ, թէ՝ առաջին, Ազրպէյճանը կը վայելէԹուրքիոյ քաղաքական ու զինուորական անվերապահ ու ամբողջական զօրակցութիւնը եւ Իսրայէլի մասնագիտական նեցուկը: Երկրորդ, ներկայ պատերազմը սոսկ տեղական բնոյթ չունի, այլ յղի է շրջանային եւ միջազգային հետեւանքներ ունենալու լայն կարելիութիւններով:Երրորդ,Թուրքիան իր փանթուրանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան նոր ձեւաւորում ու շեշտաւորում տալով,Միջին Արեւելքէն ու իսլամական աշխարհէն սկսեալ մինչեւ արեւելեան Եւրոպա ու Միջերկրականի ափերը, իր ազդեցութիւնը տարածելու իր հետեւողական ճիգին առընթեր այժմ նո՛յնը կը փորձէ Կովկասէն ներս՝շահագործելով Ազրպէյճանը:

Սուրիոյ գծով Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան ստեղծուած որոշ համաձայնութիւնը փաստօրէն կը մղէ Ռուսիան եւ Իրանը չափաւոր ու զգուշաւոր մօտեցում որդեգրելուԹուրքիոյ կողմէ հրահրուած եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնած պատերազմին նկատմամբ: Սակայն, իրենցզգուշաւոր մօտեցումը չի կրնար երկար տեւել՝ լուրջ վտանգներով եւ ծանր հետեւանքներով լեցունայս պայթուցիկ կացութեան դիմաց, երբ մանաւանդ իրենց ու յատկապէս Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերը կը սկսին վտանգուիլ շրջանէն ներս:

Ազրպէյճանը միշտ փորձեց զէնքի ոյժով Արցախը վերագրաւել՝ հակադրուելով քաղաքական ու բանակցային ճամբով Արցախի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման միջազգային որոշումներուն:Ազրպէյճանի այս վերջին փորձը եւս, որուն եկաւ նոր տարածք ու մղում տալուհամաթրքական փանթուրանիզմը,կը հետապնդէր նո՛յն նպատակը:

Հայոց բանակը հերոսութեամբ կը շարունակէ պաշտպանել Արցախը, մեր իրաւունքը ու արժանապատուութիւնը: Արիւն թափեցինք, ահաւոր քանդում ու աւեր ունեցանք, հսկայ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցանք, սակայն կը շարունակենք տոկալ: Արդարեւ, թրքական աջակցութեամբ ու իսրայէլեան զինուժով օժտուած ազերիական յարձակումներուն դէմ դնելը ինքնին յաղթանակ է: Բանակի կողքին Հայաստանի ու Արցախի դիւանագիտական արշաւը, Սփիւռքի կողմէ լայնածաւալ քարոզչութիւնը, կազմակերպուած բողոքի ու զօրակցական ցոյցերը մեր ողջ ժողովուրդը զօրակոչի ենթարկեցին:

Կացութիւնը կը շարունակէ մնալ աւելի քան կնճռոտ ու փխրուն:

30 տարիներ շարունակ աշխարհին դիմաց ըսինք Արցախը մե՛րն է, մեր ինքնորոշման իրաւունքը արեան գնով հաստատեցինք եւ մեր հայեացքները, մեր մտածումներն ու աշխատանքը ուղղեցինք դէպի Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչում: Անցնող տարիներուն այս գծով նաեւ խոհեմ զգուշաւորութիւն ցոյց տուինք՝ առիթ տալով քաղաքական բանակցութիւններուն:Սակայն, ներկայ պատերազմը եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու, թէ Ազրպէյճանը չի հաւատար բանակցութիւններու եւ բացայայտօրէն վայելելով Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը, մեզ հանգիստ պիտի չձգէ՝ դիմելով մաշումի պատերազմի,եւ աւելին՝ պիտիշահագործուի Թուրքիոյ կողմէ Արցախէն շատ աւելի մեծ ու հեռաւոր նպատակներու համար:

Մենք չենք կրնարմի քանի տարին անգամ մը մարդկային զոհեր տալ, ինչպէս նաեւ ենթարկուիլ նիւթական եւ տնտեսական ահաւոր վնասներու:Անհրաժեշտ է, որ յստակօրէն ճշդենք մեր ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները, կարճաշունչ ու երկարաշունչ հանգրուաններով, միշտ իրապաշտ ոգիով եւ համահունչ ներկայ աշխարհաքաղաքական տուեալներուն ու պայմաններուն:

Առաջին, անհրաժեշտ է ամէն գնով եւ անմիջապէս ամբողջական զինադադար հաստատել եւ վերսկսիլ քաղաքական բանակցութիւններուն:

Երկրորդ, ծրագրուած աշխատանք տանիլ Արցախի միջազգային ճանաչման գծով: Այլեւս չենք կրնար երկար սպասել. սա ի վնաս մեզի է՝ ամէ՛ն իմաստով:Գիտենք, որ նման քայլ մը կրնայ նոր բարդութիւններ ստեղծել եւ միջազգային համայնքի ընդառաջումը կրնայդրական չըլլալ գէթ այս հանգրուանին:Սակայն,այլ ճանապարհ չկայ:Ներկայ պատերազմէն աւելի ծանր ի՞նչ կրնայ ըլլալ, երբ Ազրպէյճանը նոյնիսկ կ՚անտեսէ պատերազմի ու զինադադարի առնչուած միջազգային օրէնքին սկզբունքները:

Երրորդ, Ռուսիոյ դերը ճշդորոշիչ է Արցախի առնչուած որեւէ հարցին լուծման գծով: Ռուսիոյ դանդաղ ու զգուշաւոր մօտեցումը կրնայ զանազան մեկնաբանութիւններու դուռ բանալ: Սակայն,ինչ ալ ըլլան Ռուսիոյ ներկայ մարտավարական մօտեցումներն ու հաշիւները, Ռուսիան երբեք պիտի չ՚արտօնէ իր կողքին այլ ոյժի մը ներկայութիւնը Կովկասէն ներս: Այս համոզումէն մեկնելով, Ռուսիոյ հետ մեր գործակցութիւնը պէտք է ըլլայ փոխադարձ վստահութեան հիման վրայ ու հասարակաց շահերով պայմանաւորուած:

Չորրորդ, Արցախին ճանաչում ապահովելու յոյժ կարեւոր իրաւաքաղաքական նախաձեռնութիւնը միջազգային համայնքին ներկայացնելը լուրջ նախապատրաստութիւն, յարաբերական ու դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքեւ հետեւողական գործընթացք կ՚ենթադրէ, որուն հարկ է լծուիլ անմիջապէս: Միջազգային օրէնքը կը պարզէ ճանաչման զանազանկերպերը, եղանակներն ուպահանջները: Անհրաժեշտ է համապարփակ ու մասնագիտական մօտեցումով ուսումնասիրել ճանաչման առնչուած խնդիրները եւ քոնքրէթ պարագաները:

Կը գտնուինք մեր պատմութեան մէկ ճակատագրական խաչմերուկին: Զինուորական գետնի վրայ յաղթանակ տանիլը առանցքն է, իսկ միջազգային կարծիքին հայանպաստ դիրքորոշումը մղիչ ոյժն է մեր յաջողութեան: Հարկ է ըլլալ զգօն ու խոհեմ եւ միշտ միակամ:

Հետեւաբար, կոչ կ՚ուղղենք Հայաստանի մեծարգոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որ զինադադարի ամրապնդումէն անմիջապէս ետք իր մօտ հրաւիրէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի քաղաքական կուսակցութեանց պետերը, հոգեւոր պետերը եւ Հայաստանի ու Արցախի պետական բարձրաստիճան ներկայացուցիչները,միասնաբար խորհրդակցելու ներկայ իրավիճակին եւ յետագայ հանգրուաններուն մասին: Նման հաւաք մը, մէկ կողմէն, յաչս օտարներուն, ցոյց պիտի տայ մեր ժողովուրդին միասնական ոգինու ամուր կեցուածքըեւ միւս կողմէն՝ առիթ պիտի հանդիսանայ տեսակէտներու ու մօտեցումներու փոխանակման:Մեր առաջարկն է նաեւ, որ յիշեալ հաւաքէն ետք փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը կազմուի, որպէսզի վարչապետին գլխաւորութեամբ կարենայ ծրագրել միջազգային ճանաչման առնչուած գործընթացքը՝ իր իրաւագիտական, դիւանագիտական, յարաբերական ու քարոզչական երեսներով:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
Armenia ruling force MP: Tavush-Gazakh sector border delimitation process technically completedMFA spox: Armenia received Azerbaijan proposals regarding ‘peace treaty’ draftRussia MP: I’m ashamed of my colleagues' assessments of events in KarabakhArmenia parliament receives Valentina Matviyenko's letter regarding Alen Simonyan's remarksBaku described resolution of European Parliament related to human rights in Azerbaijan as 'one-sided and groundless'Armenia and Italy discuss military cooperationPM: We are resolving matter of Armenia’s existence in coming decadesHeads of Russian Gazprom and Azerbaijani SOCAR discussed cooperation in gas sector'Negative' factors building in US-China ties, foreign minister Wang tells BlinkenJoint Russia-Turkey monitoring center closing in KarabakhTasks of Russian-Turkish joint monitoring center are considered completed: ValiyevRussian-Turkish joint monitoring center closed in AghdamGrand Indian Wedding at Seven Visions, The DvinAliyev and Scholz to discuss issues related to foreign policy, economy and energyUSA started providing new military package to KyivAt suggestion of Kazakh side, we will inform about date of possible meeting of Foreign Ministers of Armenia and Azerbaijan: Ani BadalyanCivil disobedience actions resume in Yerevan in the morningDeputy FM, US officials discuss assistance to be provided to ArmeniaNewspaper: Armenia ruling political team also afraid of prospect of return of Azerbaijani ‘refugees’Chile Chamber of Deputies recognizes Armenian Genocide, Turkey protestsMher Grigoryan, Iran envoy discuss latest developments in Armenia-Azerbaijan state border delimitationWhat risks are hidden in keyboards of Android smartphones?Parliament speaker: There is no Armenia settlement under Azerbaijan controlCentral Bank of Armenia: exchange rates and prices of precious metals20 border posts installed on Armenia-Azerbaijan borderSuren Papikyan welcomed a delegation led by the Head of the Council of Europe Office in YerevanArmenia parliament speaker: Buying natural gas from Azerbaijan is very good optionOverchuk: Russia awaits Armenia's Pashinyan at EAEU summit in MoscowHamas official says group would lay down its weapons if a two-state solution is implemented, APRussia MFA spox comments on Putin's words regarding Karabakh’s statusMFA spox: Russia has always perceived the Armenian Genocide as its own pain, misfortuneArmenia to open consulate general in Iran's TabrizFrance PM: Armenia has endured, it is writing the future of itself and its peoplePeople block Yerevan-Sevan, Yerevan-Meghri motorways alsoIsrael says poised to move on Rafah, ReutersWe must act now to hold Azerbaijan accountable - Robert F. Kennedy Jr.Spain's prime minister halts public duties as wife faces inquiryArmenia parliament not received any letter from Russia, legislature speaker's spox saysKuwait welcomes start of Armenia-Azerbaijan border delimitationImportant step towards concluding a durable and dignified peace, US State Department on Armenia-Azerbaijan border agreementBorder residents of Armenia’s Tavush Province close off Kirants village bridgeWhatsApp adds new useful featureNewspaper: Another ‘slap’ to Armenia PM from the WestWe mourn those killed during the Armenian Genocide – Samantha PowerArmenia completely rejects Azerbaijan's claims of ethnic cleansing: Lawrence MartinUruguay Chamber of Representatives speaker: Armenian people are again fighting against hatreArmenia 2nd President Robert Kocharyan: Today marks 109th anniversary of Armenian GenocideWe must remember and honour the memories of the victims lost to the Armenian Genocide․ Justin Trudeau’s statementToday we honor memory of the victims of Genocide: Nikos DendiasArarat Mirzoyan paid tribute to victims of Armenian Genocide at Tsitsernakaberd Armenian Genocide memorial complex
Most Popular