Foreign Minister of Armenia, Director-General of the European Commission discuss Armenia-EU partnership agenda issues There is a real momentum for the establishment of lasting peace - Armenian Foreign Minister's interview to Al-Jazeera Gert Jan Koopman to Nikol Pashinyan: Armenia-EU relations will continue to develop, expand dynamically Hungary blocking provision of €1M aid to Armenia from EU European Peace Facility Secretary General of Council of Europe welcomes border delimitation between Armenia and Azerbaijan Important visit to Armenia following the EU-USA-Armenia high-level event, Gert Jan Koopman US Congress members threaten ICC over Israeli arrest warrants - Axios Finance minister, World Bank official discuss launch of new bank-assisted programs in Armenia Archbishop of France’s Marseille arrives in Armenia China's Xi to visit France, Serbia and Hungary, aims to boost EU ties 

«Քրիստոս իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար». Արամ Ա կաթողիկոսը Սուրբ զատկական պատգամ է հղել

Blogosphere

Արամ Ա կաթողիկոսը Սուրբ զատկական պատգամ է հղել.

«ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍԸ ԱՊՐԻ՛Լ՝

ՈՐՊԷՍ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԵՑՈՅՑ

Քրիստոսի հետ ապրած, անոր երկրաւոր կեանքի բոլոր դրուագներուն հաղորդակից դարձած, անոր ուսուցումները լսած ու հրաշքներուն ականատես եղած աշակերտներուն համար խորապէս ցնցիչ դէպք մըն էր Քրիստոսի յարութիւնը։ Անոնք տակաւին չէին կրցած լիովին ըմբռնել յարութեան խորհուրդը։ Յարութեան դէպքէն որոշ ժամանակ ետք միայն, առաքեալները սկսան հասկնալ ու Քրիստոսի հետեւորդներուն բացատրել յարութեան դէպքին իւրայատուկ նշանակութիւնը՝ յատկապէս շեշտելով անոր առանցքային կարեւորութիւնը քրիստոնեայ մարդու կեանքին մէջ եւ կոչ ուղղելով ապրելու յարութեան խորհուրդն ու իմաստը։

Քրիստոսի յարութեան խորհուրդով օծուն այս օրերուն, անհրաժեշտ է հետեւեալ կարեւոր յիշեցումները կատարել.-

- Քրիստոսի յարութիւնը՝ հիմքն է մեր հաւատքին։ Պօղոս առաքեալ շեշտակիօրէն կը հաստատէ եւ կը յիշեցնէ նորադարձ քրիստոնեաներուն, թէ՝ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար մեր հաւատքը պիտի կորսնցնէր իր հիմքն ու իմաստը (Կր 15.13)։ Յարութիւնն էր որ Աստուծոյ Որդւոյն ուսուցումներուն ու հրաշքներուն եւ ընդհանրապէս անոր երկրաւոր առաքելութեան իմաստն ու նպատակը պարզեց։ Արդ, առանց յարութեան կարելի չէ հասկնալ Քրիստոսի մարդեղութիւնը եւ մարդու փրկութիւնը, որուն համար աշխարհ եկած էր Աստուծոյ Որդին։

- Քրիստոսի յարութիւնը՝ յաղթանակն է կեանքին։ Կեանքը, Աստուծոյ պարգեւը մարդուն, ապականած էր Ադամի մեղքով եւ անոր յաջորդող սերունդներուն մարդակեդրոն կենցաղակերպով։ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր այլափոխելու մեղքով ու ապականութեամբ շաղախուած մարդու կեանքը, եւ զինք օժտելու նոր կեանքով։ Իր խաչով ու յարութեամբ Քրիստոս յաղթեց մահուան եւ մարդուն պարգեւեց աստուածատուր կեանքը վերստին ապրելու շնորհքը։ Քրիստոսի յարութեամբ, մարդը զինուեցաւ մահէն դէպի կեանք ընթանալու հաւատքի ու յոյսի զօրութեամբ։ Առաքեալը կը վկայէ թէ՝ Աստուած մարդը "վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով" (Եփ 2.5)։ Նոյն առաքեալը նաեւ կը հաստատէ, թէ իրեն համար կեանքը Քրիստոս է։

- Քրիստոսի յարութիւնը՝ հրաւէր է Աստուծոյ հետ հաշտութեան։ Աստուած առաջին մարդը իրեն գործակից նշանակած էր, զինք օժտելով բանականութեամբ ու կամքի ազատութեամբ, եւ անոր տալով տիեզերքը կառավարելու եւ առաւել հարստացնելու պարտականութիւնը։ Սակայն, մարդը հաւատարիմ չէր գտնուած իր կոչումին եւ հեռացած Աստուծմէ։ Աստուծոյ Որդին իր մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ մարդը մօտեցուց Աստուծոյ եւ հայր եւ որդիի փոխյարաբերութեան ուխտը կնքեց Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ. առաքեալին բառերով՝ "Աստուած իր Որդիին մահով մեզ իր հետ հաշտեցուց" (Հռ 5.10)։ Առաքեալը ապա կոչ կʼուղղէ ըսելով՝ "հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ, որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղքի պատարագ ըրաւ Քրիստոսը" (Բ.Կր 5.20-21)։

- Քրիստոսի յարութիւնը՝ Ճանապարհ է փրկութեան։ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը անկեալ մարդուն փրկութիւնն էր, անառակացած մարդուն վերադարձը իր երկնաւոր Հօր, մահացած մարդուն նոր կեանք պարգեւել էր։ Խաչի զօրութեամբ ու յարութեան յաղթանակով Քրիստոս մարդուն առջեւ բացաւ փրկութեան ճանապարհը։ Պօղոս Առաքեալ իր կեանքի փորձառութեամբ կը վկայէ թէ՝ "պիտի փրկուինք Քրիստոսի կեանքով" (Հռ 5.10)։

Արդ, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է ոչ միայն Քրիստոսը դաւանելու որպէս միակ Փրկիչը աշխարհին, այլ՝ մարդուն համար խաչով յարութիւն կերտած յարուցեալ Քրիստոսը ապրելու։ Առաքեալը կը հաստատէ. «ինծի համար կեանքը Քրիստոս է» (Փլմ 1.21) եւ կʼաւելցնէ. «ես չէ որ կʼապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է որ կʼապրի իմ մէջս» (Գղ 2.20)։

Ի՞նչ կը նշանակէ Քրիստոսը ապրի՛լ՝ որպէս կեանքի ուղեցոյց ու նպատակ։

Քրիստոսը ապրիլ՝ հաւատարիմ ըլլալով Աստուածաշունչին, անոր ուսուցումներուն ու արժէքներուն։

Քրիստոսը ապրիլ՝ զինք մեր մտածումներուն ու գործերուն առանցքը դարձնելով։

Քրիստոսը ապրիլ՝ օգնելով կարիքաւորին ու զրկեալին եւ ծառայելով ուրիշին։

Քրիստոսը ապրիլ՝ որպէս "ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք", ինչպէս Քրիստոս բնութագրեց ինքզինք (Յհ 14.6)։

Ա՛յս է քրիստոնեայ ըլլալու ճշմարիտ կերպը, ճի՛շդ ճամբան։

Կʼապրինք չարով ու չարիքներով լեցուն աշխարհի մը մէջ։ Շրջապատուած ենք մարդու կեանքէն Աստուծոյ ներկայութիւնը հեռացնող տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթներով։ Բազմաթիւ դժուարութիւններով տիրապետուած է մեր կեանքը։ Չմոռնանք առաքեալին յիշեցումը, թէ՝ Քրիստոս "իր անձը տուաւ մեր մեղքերուն համար, որպէսզի Աստուծոյ՝ մեր Հօրը կամքով մեզ ազատէ ներկայ չար աշխարհէն" (Գղ 1.4)։ Արդ, ներկայ ժամանակներու դառն պայմաններուն դիմաց, պէտք է զինուինք Քրիստոսի յարութեան հաւատքով ու յոյսով։ Ներկայ փոթորկայոյզ աշխարհին մէջ Քրիստոսը պէտք է ապրինք, որպէս մեր կեանքին միակ ուղեցոյցը ու ապաւէնը։

Ա՛յս է Քրիստոսի թափուր գերեզմանէն հնչող պատգամը։

***

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կʼողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն։ Կʼողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կʼողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, Հոգեւոր Դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։ Կʼաղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը եւ մեր ազգին սիրելի զաւակները, որպէսզի կարենանք, Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգել մեր կեանքը եւ դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու բազմազան մարտահրաւէրները։

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Սուրբ Զատիկ 2022

Անթիլիաս, Լիբանան»:

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
19 dead after road collapses in southern ChinaElizabeth Hurley shows off her age-defying figureKazakhstan president welcomes Armenia, Azerbaijan agreement to hold their FMs' talks in AlmatyLive Science: People hear their names being called in forest noise due to pareidolia phenomenon63 people detained during Tbilisi protestJeep Grand Cherokee to no longer have V-twin enginesNewspaper: PM chastises that ‘you don't want to give up a piece of your land to save the whole of Armenia’US State Department: We continue to believe that peace is possible between Armenia, AzerbaijanForeign Minister of Armenia, Director-General of the European Commission discuss Armenia-EU partnership agenda issuesThere is a real momentum for the establishment of lasting peace - Armenian Foreign Minister's interview to Al-JazeeraArmenian authorities's actions aimed at establishing stable peace in the region: Armenian PresidentUS State Dept 'Deeply troubled' on detention of Anar MammadliBoy, 13, dies after stabbing attack in LondonGert Jan Koopman to Nikol Pashinyan: Armenia-EU relations will continue to develop, expand dynamicallyHungary blocking provision of €1M aid to Armenia from EU European Peace FacilityNo way back for Azerbaijan into the Parliamentary Assembly, Frank SchwabeSecretary General of Council of Europe welcomes border delimitation between Armenia and AzerbaijanArmenia’s Pashinyan spills water on his desk, clothes to explain what he is doing in Tavush ProvinceKirants villagers are more uneasy after meeting with Armenia PM, village head saysGeorgia's Ivanishvili lashes out at west amid draft law On Transparency of Foreign Influence bill crisisArmenia premier appoints commissioners for diaspora affairs abroadImportant visit to Armenia following the EU-USA-Armenia high-level event, Gert Jan KoopmanUS Congress members threaten ICC over Israeli arrest warrants - AxiosDuchess Sophie visits Ukraine in first trip by British royal since start of warNewspaper: What do Americans want to do in Armenia, without any experience?BMW to invest $2.8 billion to upgrade its plant in ChinaAt least 9 killed in India road accidentFinance minister, World Bank official discuss launch of new bank-assisted programs in Armenia35 border posts installed on Armenia-Azerbaijan borderUkraine is on an “irreversible path” to NATO - Secretary General Stoltenberg is in KyivKazakhstan to not act as mediator in Armenia, Azerbaijan FMs' meetingArchbishop of France’s Marseille arrives in ArmeniaMediaHub: Armenia's Pashinyan to not attend Putin's inaugurationChina's Xi to visit France, Serbia and Hungary, aims to boost EU tiesTurkish authorities banned May Day demonstrations in Istanbul's Taksim SquareSituation on frontline has worsened: Ukraine army chief SyrskyiCentral Bank of Armenia: exchange rates and prices of precious metalsBlinken, Turkish FM meet in Riyadh amid Gaza effortsIsrael concerned over possible ICC arrest warrants related to Gaza war – ReutersArmenian Foreign Minister highly appreciated the meeting with Chairman of the Consultative Assembly of QatarDavit Martirosyan, the Secretary General of "Pyunik" FC passed awayICC may discuss issue of Netanyahu's arrestAbout $35 billion to be earmarked for Dubai’s Al Maktoum airport expansion projectGlobal wine production reaches lowest level in 62 yearsIndia says it has increased defense exports 35 times in 10 yearsBritney Spears: My family hurt meForeign Ministers of Armenia and Azerbaijan to meet in AlmatyBlinken arrives in Saudi Arabia kicking off his Middle East tripProtests continue in Yerevan in support of Armenia’s Tavush Province border residentsRolls-Royce growing its factory so it can build more expensive cars
Most Popular