Հունիսի 6-ին մահացել է Ինտրան` հայ գրականության եզակի դեմքը
Գիտություն և Մշակույթ
...Ինտրա հոգեպէս եւ իմացականօրէն անդարմանելի ցնցումի ենթարկուեցաւ Ատանայի կոտորածներուն ազդեցութեան տակ, վերջնականապէս կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը, կրակի տուաւ գրական իր անցեալն ու ձեռագիրները եւ դարձաւ ապաշխարհած աւետարանիչ մը, մինչեւ որ 1921-ի Յունիս 6ին նահատակուեցաւ, քեմալականներու կողմէ իրեն պարտադրուած աքսորի ճամբուն վրայ, Խարբերդի մերձակայքը, ծեծին եւ չարչարանքներուն չդիմանալով։
Ծայր աստիճան զգայուն նկարագիր եւ տկարակազմ մարմին ունէր Տիրան Չրաքեան անուն մականունով Պոլսոյ արուարձաններէն Սկիւտարի մէջ 1875-ին ծնած տաղանդաշատ հայ բանաստեղծը։ Սկիւտարի թաղային դպրոցին մէջ նախնական ուսումը ստանալէ ետք, Չրաքեան ընդունուեցաւ Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը, ուր մեծ ուսուցչապետ Ռեթէոս Պէրպէրեանի ամբողջական հոգածութեան եւ շունչին տակ կազմաւորուեցաւ իբրեւ արուեստներու, գրականութեան եւ բնապատմութեան նկատմամբ անհուն սէր ունեցող ու համապատասխան ձիրքով օժտուած անհատականութիւն։ Հազիւ Պէրպէրեանը աւարտած, 1891-ին, Չրաքեան ուսուցչութեան կոչուեցաւ նոյն վարժարանին մէջ՝ հայ գրականութիւն դասաւանդելու համար։ Եւ իրա՛ւ կոչում եղաւ ուսուցչութիւնը Տիրան Չրաքեանի համար, որ նկարելու եւ գրելու բնատուր տաղանդի տէր էր։ Նաեւ՝ կեանքի ու մահուան, մարդու եւ բնութեան խոր ճշմարտութիւններուն եւ խորհուրդներուն ընկալման ու յայտնաբերման նուիրուած փիլիսոփայ մտածող էր։ Իբրեւ այդպիսին, երիտասարդութեան իր տարիները Չրաքեան իմաստաւորեց միաժամանակ ուսուցանելով, նկարելով ու գրելով։
1898ին հեռացաւ Պոլիսէն՝ Փոքր Ասիոյ հայկական շրջաններուն մէջ ուսուցչութիւն ընելու եւ ստեղծագործական իր աշխատանքին նուիրուելու համար։ Բայց նկարչութեան մէջ հմտանալու եւ ուսումը ամբողջացնելու մղումը զինք տարաւ Փարիզ, Ֆրանսա, ուր ինքնաշխատութեամբ եւ կենդանի շփումով կատարելագործեց իր տաղանդը։ 1904-ին անցաւ Եգիպտոս, ուր երկու տարի ուսուցչութեամբ պարապելէ ետք վերադարձաւ Պոլիս՝ Պէրպէրեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն լեզու եւ քերականութիւն, ինչպէս նաեւ բնապատմութիւն դասաւանդելու պաշտօնով։ Այդ տարիներուն պատրաստեց եւ հրատարակութեան յանձնեց ֆրանսերէնէ հայերէն իր բառարանը։
1906-ին լոյս ընծայեց իր առաջին գրական գործը՝ Ներաշխարհը, որ անմիջապէս գրաւեց ուշադրութիւնը Պոլսոյ գրական դժուարահաճ շրջանակներուն։ Արդէն իր անունին՝ Տիրանի շրջումով ընտրած էր Ինտրա գրչանունը, որ իր կատարելագործուած հայերէնով եւ իմաստասիրական արձակով թէ՛ խանդավառ ընդունելութեան արժանացաւ, թէ՛ խիստ քննադատութեանց թիրախ դարձաւ իբրեւ արտասովոր եւ խորհրդաւոր գրող։ Այդ քննադատութիւններուն առ ի պատասխան՝ Ինտրա ծաւալուն յօդուածաշարքերով հանդէս եկաւ ատենի պոլսահայ մամուլի էջերուն, գրականքննադատական եւ իմաստասիրական իր մօտեցումները պարզելով եւ պաշտպանելով։
1908-ին Ինտրա լոյս ընծայեց իր երկրորդ գիրքը՝ Նոճաստան անունով բանաստեղծութիւններու հատորը, որ նուիրագործեց անոր ինքնուրոյն ու արժէքաւոր տեղը հայ գրականութեան անդաստանին մէջ։
1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումով պոլսահայ կեանքի վերաշխուժացումը նորովի թափով համակեց նաեւ Ինտրայի ստեղծագործական յուզաշխարհը։ Բայց վրայ հասաւ Կիլիկիոյ Աղէտը եւ Ատանայի ջարդերուն արձագանգը խորապէս ցնցեց այնքա՜ն զգայուն ներաշխարհը Ինտրայի, որ ըստ կենսագիրներու՝ երեք անգամ ուղեղի ցնցում անցուց, մինչեւ որ խախտեցաւ անոր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը։ Ինտրա ուրացաւ իր բանաստեղծի անցեալը, կրակի տուաւ իր գիրքերն ու յատկապէս անտիպ ձեռագիրները, որոնցմէ շատ աննշան մաս մը կարելի եղաւ օրին փրկել։ Չրաքեան ապաշխարհեց, շաբաթապահ դարձաւ եւ Աւետարանի քարոզիչ դարձաւ՝ գաւառները շրջագայելով եւ մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ սէրն ու անդենական երանելի կեանքի պաշտամունքը տարածելով։ Ինտրա իր կարգին 1915-ին ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ, բայց իր հաւատակիցներու նիւթական կաշառքներով ստոյգ մահէ փրկուեցաւ, ինչ որ աւելի ծանր անդրադարձ ունեցաւ արդէն խելագար իր վիճակին վրայ։
Զինադադարէն ետք, 1918-էն 1921, Սեւ Ծովը եզերող գաւառներուն մէջ, շաբաթապահներու իր խումբով Չրաքեան աւետարանական քարոզիչի իր գործունէութեան նոր թափ տուաւ։ Այն աստիճան, որ քեմալականներու կողմէ դատապարտուեցաւ իբրեւ ժողովուրդի թշնամի եւ իր հետեւորդներով, 1921-ի Փետրուարին, ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ Տիգրանակերտի խորերը։
Աքսորի ճամբուն վրայ ալ նահատակուեցաւ՝ չդիմանալով աքսորեալներուն հսկող թուրք ոստիկաններու գործադրած ծեծին եւ չարչարանքներուն։ Թէոդիկի Ամէնուն Տարեցոյցի 1924-ի համարով տրուած է Ինտրայի հետեւորդներէն ու աքսորէն վերապրած Օհան Պետիկեանի յուշվկայութիւնը՝ ընդհանրապէս այդ աքսորին եւ Տիրան Չրաքեանի ողբերգական մահուան պարագաներուն մասին։
Հազիւ 45 տարեկան էր Ինտրա՝ երբ այդպէս մաշած ու սպառած, հոգեկան իր հաւասարակշռութիւնը աւելի քան 10 տարիէ ի վեր կորսնցուցած, հեռացաւ մեր աշխարհէն Յունիսի 6-ին։
Աղբյուրը` «Վատիկանի ձայն»
Նյութը պատրաստեց` Ք. Ա-ն


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)