Ջուր հավաքեք. բազմաթիվ հասցեներում երկար ժամանակ ջուր չի լինելու Էմմա Պողոսյանը՝ ծանրամարտի Եվրոպայի չեմպիոն Հազարավոր օտարաղբյուր փաստեր հաստատում են Հայոց Ցեղասպանության օբյեկտիվ իրողությունը. Արա Քեթիպյան (տեսանյութ) Արցախի մշակութային ցեղասպանության հարցը՝ ԵԽԽՎ-ում․ԱՄՆ-Ը թերագնահատել է Իրանին,հարվածներ պլանավորելիս (տեսանյութ) Աննա ջան, բարի ճանապարհ, ամուր կգրկես տղերքին, մինչ հանդիպում․Ադամ Սահակյանի մայր Ախալքալաքում հարգանքի տուրք են մատուցել Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակին Դրոշ այրելը բողոքի արտահայտման ընդունված ձև է. Ռոբերտ Քոչարյան (տեսանյութ) Մինչև ե՞րբ է շարունակվելու ձեր և Քոչարյանի միջև հակամարտությունը. Հարց Սերժ Սարգսյանին (տեսանյութ) Իսպանիայում շոկ․ ռազմական մեքենան ընկել է ուղղաթիռից (տեսանյութ) Ազգային անվտանգության խնդիր է մեր պատմությունը և հիշողությունը խեղաթյուրելը, կեղծելը. Քեթիպյան (տեսանյութ) «Ոխերիմ ընկերներ» արտահայտությունը վերաբերում էր տարբեր մարդկանց․ նրանց, ովքեր իրենց չեզոք պահեցին, ովքեր պիտի անեին այն, ինչը չարեցին․ Սերժ Սարգսյանը՝ իր հայտարարության մասին Իրանի ԱԳ նախարարը նախատեսում է այցելել Ռուսաստան, Օման և Պակիստան 

Նա հայ ժողովրդին կտակեց ազգային - քաղաքական մի մեծ տեսլական

Գիտություն և Մշակույթ

Ստոյգ տուեալներ կը պակսին Հայ Դատի քաղաքական պայքարին մեծանուն ռահվիրան հանդիսացող Օրիի վախճանման ճշգրիտ թուականին մասին։ Օրմանեան Պատրիարքի «Ազգապատում»ը եւ Հայկական Հանրագիտարանը կը նշեն, թէ Օգոստոս 1711-ին Աստրախանի մէջ յանկարծամահ եղաւ հայ ազգային-քաղաքական մեծ գործիչը։ Իսկ Գասպար Իփէկեան եւ Հրաչ Տասնապետեան ճշգրիտ 7 Նոյեմբեր 1711-ը (հին տոմարով) կը յիշատակեն իբրեւ Իսրայէլ Օրիի մահուան թուական։Ամէն պարագայի, տարակարծութիւն գոյութիւն չունի տարեթիւին շուրջ եւ յուշատետրի այսօրուան էջը նուիրուած է արդի ժամանակներու հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան պայքարին անզուգական նախակարապետին՝ Իսրայէլ Օրիի մահուան 300-ամեակին։

Հայոց պատմութեան դասագիրքերէն մինչեւ հայ քաղաքական մտքի քննարկման ու զարգացման նուիրուած աշխատութիւնները, հասկնալիօրէն, կարեւորութեամբ կանգ կ'առնեն այս բացառիկ Հայուն կեանքին ու գործունէութեան վրայ, արժեւորումը կը կատարեն ի նպաստ Հայ Դատին - միջազգային ազդու միջամտութիւն ապահովելու նպատակով - անոր թափած անդուլ ճիգերուն եւ միաձայնութեամբ կըեզրակացնեն, որ Իսրայէլ Օրի թէեւ չկրցաւ իրականացնել անկախ Հայաստան եւ հայկական պետութիւն ստեղծելու իր քաղաքական ծրագիրը, բայց անպայման արդի ժամանակներ թեւակոխած հայ ժողովուրդին ու անոր հետագայ սերունդներուն կտակեց ազգային-քաղաքական մեծ տեսլական մը։

Նոյնիսկ խորհրդային կոչուած պոլշեւիկեան ապազգային ու այլամերժ ամբողջատիրութեան շրջանին, Օրի շարունակեց ներշնչման աղբիւր մնալ մեր ժողովուրդին համար, իսկ խորհրդահայ պատմագրութեան ու գրականութեան թոյլատրուեցաւ մեծարել Իսրայէլ Օրին այն հիմնաւորումով, որ հայ ազգային-ազատագրական շարժման նախակարապետը եղած էր առաջինը, որ Ռուսաստանի մէջ փնտռած էր Հայաստանի ապաւէնը։ Լրիւ ճշմարտութիւնը, անշուշտ, այլ էր. Իսրայէլ Օրի ամբողջ Եւրոպան շրջելէ եւ Հռոմի Պապէն սկսեալ մինչեւ Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Աւստրիոյ այլեւայլ իշխանները շահագրգռելու յամառ փորձեր կատարելէ ու ձեռնունայն մնալէ ետք դիմեց Պետրոս Մեծն ու Ռուսաստանը... հայութեամբ եւ Հայաստանով շահագրգռելու քայլին։

Այդ առումով ալ Իսրայէլ Օրիի քաղաքական Գործն ու Կտակը տակաւին կը սպասեն իրենց ամբողջական ու առակայական արժեւորումին։ Անհրաժեշտ է վերջնականապէս թօթափել թիւրիմացութիւնները եւ գաղափարական նկատառումներով անցեալին կատարուած եւ տակաւին յամեցող խեղաթիւրումները Իսրայէլ Օրիի վարքագծին վերաբերեալ՝ յատկապէս հետեւեալ ուղղութիւններով.-

1) Հակառակ աջէն թէ ձախէն կատարուած «մեղադրանքներուն», Իսրայէլ Օրի հայ ժողովուրդին ազատագրումը եւ Հայաստանի անկախութիւնը «օտարներէն սպասող» եւ «մուրացող» մը չեղաւ։ Ընդհակառակն՝ Օրի համոզուած էր եւ գործեց այն հաստատ վարքագծով, որ հայութիւնը իր սեփական ուժերով պէտք է մղէր ազատագրութեան եւ անկախութեան պայքարը։ Իսրայէլ Օրի միաժամանակ ունէր քաղաքական այն իրատեսութիւնը, թէ էապէս անհաւասար ուժերով պայքար մը վիճակուած է հայ ժողովուրդին, որ յաջողելու համար անխուսափելիօրէն կարիքը ունէր մեծապետական աշխարհի քաղաքական ուժերու նպաստաւոր դասաւորումին։ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց դաժան լուծին տակ երկատուած ու աստիճանաբար մեռնող հայութեան եւ Հայաստանի միաւորումն ու ազատագրումը 17-րդ դարուն կը պահանջէին, ինչպէս որ այսօր ալ անհրաժեշտ կը դարձնեն, համադրումը մէկ կողմէ սեփական ուժերուն հաւատացող եւ անձնուիրաբար անհաւասար կռուի դաշտ նետուող հայութեան կամքին, իսկ միւս կողմէ՝ մեծապետական ուժերը շահագրգռելու քաղաքական զօրաշարժին, որպէսզի հզօրները իրենց սեփական շահերուն ապահովումը տեսնեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան մէջ։

2) Իսրայէլ Օրի յառաջամարտիկը եղաւ արդի հասկացողութեամբ հայ քաղաքական լոպիինկին՝ հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ի նպաստ օտար ու հզօր ուժեր սիրաշահելու եւ ազդու միջամտութեան մղելու առումով։ Ինչպէս ատենին, նաեւ մինչեւ մեր օրերը եւ լոպիինկի իբրեւ քաղաքական պայքարի արդիւնաւէտ եղանակի նուիրագործումը, ոմանք մեղադրեցին Օրին այն թիւր ընկալումով, թէ երիտասարդ հայորդին պարզապէս իրեն համար իշխանութեան գահ փնտռող քաղաքական բախտախնդիր մըն էր... Ուրիշներ ծանր տարին հայ առաքելական եկեղեցիէն առերես հրաժարելու եւ կաթոլիկութիւն թէ ուղղափառութիւն ընդունելու Օրիի... քաղաքական պատրաստակամութիւնը։ Խորքին մէջ Իսրայէլ Օրի պարզապէս քաղաքական ու դիւանագիտական խաղին ուրոյն օրէնքներն ու կանոնները լաւ ըմբռնած եւ կիրարկած ազգային գործիչն էր, որ յանուն իր Ազգի եւ Հայրենիքի պետական անկախութեան գիտէր ու տիրապետած էր զիջումներ խաղարկելու եւ հիմնական շահեր ապահովելու արուեստին։ Գիտէր մանաւանդ աշխարհասփիւռ հայերու անհատական յաջողութիւնները ծառայեցնել ազգային հաւաքական նպատակներու իրականացումին, ինչը առանցքն ու հիմքն է ազդու եւ յաջող լոպիինկին։

Ահա այս տարողութեամբ եւ ըմբռնումով Հայ Դատի քաղաքական պայքարին ռահվիրան էր Իսրայէլ Օրի, որուն մահուան 300-ամեակը լրացաւ այս տարի, իսկ որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 2011-ի ճիշդ այս օրը, Նոյեմբեր 7-ին։

Հայ ազգային-ազատագրական պայքարի յառաջապահ գործիչը ծնած էր հայրենի Սիւնեաց աշխարհին մէջ, 1659 թուին։ Ստուգապէս իր մասին առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1677-ին, երբ հօր՝ Մելիք Իսրայէլի կողքին, 18 տարեկանին, կը մասնակցի Ս. Էջմիածնի մէջ Գէորգ Ջուղայեցի Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ գումարուած գաղտնի ժողովին, որուն օրակարգին գլխաւոր խնդիրը Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան նպատակով քրիստոնեայ տէրութեանց պաշտօնապէս դիմում ներկայացնելու առաջնդրանքն էր։ Այդ առաքելութեան համար ընտրուած պատուիրակներու շարքին էր Մելիք Իսրայէլ, որուն ընկերացաւ որդին՝ Իսրայէլ Օրին, երբ 1679-ի Դեկտեմբերին պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Կ. Պոլիս:

Պատուիրակութիւնը չյաջողեցաւ Եւրոպա մեկնիլ եւ այդ ձախողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ բոլորը վերադառնան իրենց տեղերը։ Միայն 20-ամեայ Իսրայէլ Օրին շարունակեց ճամբան։

Այդ օրէն Իսրայէլ Օրի իր կարճատեւ՝ 52-ամեայ կեանքին աւելի քան 30 տարիները նուիրեց եւրոպական երկիրներու եւ անոնց տէրութեանց օգնութեամբ թրքական լուծէն սեփական հայրենիքը ազատագրելու նպատակին։

Այսպէս, 1680-ի վերջաւորութեան, Պոլսէն մեկնած խումբ մը հայ վաճառականներու հետ, Իսրայէլ Օրի հասաւ Վենետիկ։ Քանի մը տարի վաճառականութեամբ զբաղելէ ետք, 1683-ին ան անցաւ Փարիզ, ուր սկիզբը ձեռնամուխ եղաւ ֆրանսական բանակի պարենմատակարարման աշխատանքներու, ապա՝ մտաւ զինուորական ծառայութեան եւ հասաւ հեծելազօրի լէյթենանթի, յետոյ եւ հեծելազօրի Քափիթանի աստիճանին։ Իբրեւ այդպիսին 1688-95-ին մասնակցեցաւ անգլեւֆրանսական պատերազմին։ Անգլիացիներու ձեռքը գերի ինկաւ, կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ եւ մօտէն ծանօթացաւ անգլիական բանակի կազմաւորման ու պետական կառավարման արուեստին։ 1698-ին անցաւ Գերմանիա, ուր Յովհան Վիլհելմ իշխանին հետ կապեր հաստատելով՝ անոր ներշնչեց Հայաստանը նուաճելու, անոր թագաւորը դառնալու եւ Օսմանեան Կայսրութեան թիկունքին անկախ Հայաստան ու Վրաստան ստեղծելու միտքը։ Յովհան Վիլհելմ համաձայնեցաւ եւ Իսրայել Օրիի միջոցաւ թուղթեր յղեց Քարթլիի Գէորգի ԺԲ. թագաւորին, Հայաստանի մելիքներուն եւ Ամենայն Հայոց ու Աղուանաց Կաթողիկոսներուն՝ մանրամասն տեղեկութիւններ խնդրելով Հայաստանի ու յարակից երկիրներու տնտեսական, քաղաքական ու ռազմական պայմաններուն մասին։

Նոյն 1698-ի Օգոստոսին Իսրայէլ Օրի ժամանեց Վիեննա՝ Աւստրիոյ Լէոփոլտ Ա. կայսրէն եւս յուսադրող գրութիւն ստանալու նպատակով, բայց մերժումի հանդիպեցաւ՝ այդ օրերուն թուրքերու հետ սկսած խաղաղութեան բանակցութեանց պատճառով։ Այնուհետեւ մեկնեցաւ Ֆլորենցիա, ուր ստացաւ Թոսքանյաի դուքս Քոզմաս Գ.ի համաձայնութիւնը եւ հուսկ, 1699-ին, ուղեւորուեցաւ Հայաստան։

Սակայն Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ իրադրութիւնը լրիւ փոխուած էր։ Նախապէս ապստամբ Գէորգի Զ.ն արդէն հնազանդած էր պարսիկ արքունիին եւ կը գտնուէր Սպահան, իսկ Հայոց Կաթողիկոս Նահապետ Ա. Եդեսացին ու Գանձասարի Սիմէոն Կաթողիկոսը չընդառաջեցին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեան։ Միայն Մելիք Սաֆրազի օժանդակութեամբ Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ, Անգեղակոթ աւանին մէջ, Ապրիլին գումարել Սիւնիքի 11 մելիքներու խորհրդաժողով մը, ուր կազմուեցան եւ հաստատուեցան գրութիւններ՝ ուղղուած Յովհան Վիլհելմին, Հռոմի Պապին, Աւստրիոյ կայսեր, Թոսքանայի դուքսին եւ ռուսաց ցար Պետրոս Մեծին՝ Հայաստանի ազատագրութեան գործին սատարելու խնդրանքով։ Անգեղակոթի ժողովը Իսրայելի Օրիին տրամադրեց նաեւ մաքուր, բայց կնքուած թուղթեր, որպէսզի անհրաժեշտութեան պարագային այլ դիմումներ եւս կատարէր։

Իսրայէլ Օրի վերադարձաւ Եւրոպա՝ այս անգամ իր կողքին ունենալով, ժողովի թելադրութեամբ, Մինաս վարդապետ Տիգրանեանցը՝ իբրեւ մելիքներու ներկայացուցիչ եւ Օրիի օգնական։ 1699-ի Սեպտեմբերին հասնելով Տիւսելտորֆ՝ Օրի եւ Մինաս վարդապետ մշակեցին ու 1700-ի սկիզբը Յովհան Վիլհելմին ներկայացուցին Հայաստանի ազատագրութեան ծրագիրը, ըստ որուն՝ պէտք է կազմուէր եռեակ դաշինք։ Դաշնակիցներու բանակը պէտք է անցնէր Ռուսաստանի վրայով՝ վերջինիս համաձայնութեամբ եւ, հետեւաբար, ծրագրի իրագործման պէտք է մասնակցէր նաեւ Ռուսաստանը։ Ծրագրին համաձայն՝ եւրոպական ուժերու այդ արտաքին օգնութիւնը կը դիտուէր իբրեւ անհրաժեշտ լծակ՝ բուն երկրէն ներս ապստամբական շարժումին թափ տալու համար։ Հայաստանի ազատագրութիւնը պէտք է իրագործուէր, հիմնականին մէջ, սեփական ուժերով։ Ծրագրին մէջ առաջնահերթ կարեւորութիւն տրուած էր նախ պարսկական լուծի տակ գտնուող Արեւելեան Հայաստանի ազատագրութեան՝ յատկապէս ընդգծելով հայ ու վրացի ժողովուրդներու համատեղ պայքարին անհրաժեշտութեան գաղափարը։

Հանրագիտական աղբիւրները կրաւելցնեն, որ այս Ծրագիրը իրականացնելու համար Յովհան Վիլհելմը, համապատասխան յանձնարարականներով, Իսրայէլ Օրիին ուղարկեց Թոսքանայի դուքսին եւ Աւստրիոյ կայսեր մօտ, սակայն վերջինս դարձեալ հրաժարեցաւ Հայաստանի ազատագրման գործին մասնակցելէ՝ այս անգամ ալ Սպանական գահի ժառանգութեան համար սկսած պատերազմին պատճառով։ Աւստրիոյ հրաժարումը խափանեց Ծրագրով նախատեսուած եռեակ դաշինքին ստեղծումը եւ, Արեւմուտքէն իր յոյսը կտրած, Իսրայէլ Օրի 1701-ին մեկնեցաւ Մոսկուա։

Ռուս պետական գործիչներուն հետ իր վարած բանակցութիւնները Իսրայէլ Օրիի մէջ արմատաւորեցին այն գաղափարը, որ քրիստոնեայ Ռուսաստանը, իբրեւ Մերձաւոր Արեւելքի հանդէպ լուրջ քաղաքական ու տնտեսական շահագրգռութիւններ ունեցող երկրի, ի վիճակի եւ տրամադիր էր սատարելու Հայաստանի ազատագրութեան գործին։ Ուստի՝ Օրի մշակեց նոր Ծրագիր, ուր Հայաստանի ազատագրութեան հարցով գլխաւոր դեր կը յատկացուէր Ռուսաստանին։ Ըստ այս նոր Ծրագրին՝ Ռուսաստանը պէտք է յատկացնէր 25 հազարնոց բանակ մը, որ Դարիալի կիրճով ու Կասպից ծովով պիտի մտնէր Հայաստան, ուր անոր պիտի միանային հայ ու վրացի ապստամբները եւ, համատեղ ուժերով, օգտուելով Պարսկաստանի ընդհանուր թուլութենէն, կարճ ժամանակի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլար ազատագրել Արեւելեան Հայաստանը։
Ըստ Իսրայէլ Օրիի՝ ռուսական օգնութիւնը պէտք է զուգակցուէր հայերու ապստամբական լայն շարժումին՝ իբրեւ ազատագրութեան եւ հայրենի պետականութեան վերականգնման կայուն երաշխիք։ Գիտակցելով՝ որ Արեւելեան Հայաստանը ազատագրելու անյաջող փորձը կրնար վտանգաւոր կացութիւն ստեղծել հայ ժողովուրդին համար, Իսրայէլ Օրի կը ձգտէր ապահովել Ռուսաստանի եւ Հռոմի Սրբազան Կայսրութեան հակաթրքական համախոհութիւնն ու միացեալ ճակատը, որպէսզի միաժամանակ կարելի ըլլար հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարը դուրս բերել ազգային սահմանափակումէ։ Այդ նպատակով ալ Օրի սերտ յարաբերութիւններ հաստատեց Մոսկուա ապաստանած Իմերեթի թագաւոր Արչիլ Բ.ի, իսկ հետագային նաեւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ։

Ծրագիրը ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ 1701-ի Յուլիս 25-ին։ Հոկտեմբերին, Պետրոս Մեծը ընդունեցաւ եւ յատուկ զրոյց ունեցաւ Իսրայէլ Օրիի եւ Մինաս վարդապետի հետ, իսկ 1702-ի Մարտին հայ պատուիրակներուն պաշտօնապէս յայտնուեցաւ, որ ռուսական արքունիքը Հայաստանի ազատագրութեան խնդրով կը զբաղուի միայն շուետական պատերազմէն յետոյ։

1703-ին Իսրայէլ Օրիի նախաձեռնութեամբ կազմուեցաւ եւ ռուսական արքունիքին ներկայացուեցաւ նաեւ Հայաստանի քարտէսը։ Իսկ դէպի Անդրկովկաս նախատեսուող արշաւանքի յաջողութեան համար, Իրանի ներքին կացութեան վերաբերեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ հայ ու վրացի ապստամբական ուժերը համախմբելու նպատակով՝ ռուսական արքունիքը հաւանութիւն տուաւ նաեւ Իսրայէլ Օրիի առաջադրած Պարսկաստանի մօտ ռուսական դեսպանութիւն հաստատելու եւ անոր իրագործումը անձամբ Օրիի վստահելու գաղափարին։ Դեպանութեան նկատմամբ կասկածանք չառաջացնելու նպատակով՝ 1704-ին Իսրայէլ Օրի մեկնեցաւ Եւրոպա, Հռոմի Պապէն ձեռք բերաւ պարսկական տիրապետութեան տակ ապրող քրիստոնեաներու հալածանքը դադրեցնելու մասին Պարսից Շահին ուղղուած դիմում, նաեւ՝ գնեց զէնքեր ու 1706-ին վերադարձաւ Ռուսաստան։ Պետրոս Մեծը նոյնպէս գրեց համանման դիմում, Իսրայէլ Օրիին շնորհեց ռուսական բանակի գնդապետի աստիճան եւ զինք նշանակեց դեսպանութեան ղեկավար ու 1707-ին ուղարկեց Պարսկաստան։

Շքախումբով եւ ռազմական ջոկատի ուղեկցութեամբ՝ Իսրայէլ Օրի 1708-ի սկիզբը մուտք գործեց պարսկական պետութեան սահմանները։ Չնայած, որ Օրի պաշտօնապէս Հռոմի Պապի դեսպանն էր, սակայն ան հանդիպեցաւ մեծ արգելքներու։ Իրանի մէջ գործող եւրոպական, յատկապէս ֆրանսական մի-սիոնարները Հուսէյին Շահին ներշնչեցին, թէ Իսրայէլ Օրիի նպատակը հայկական պետութեան վերականգնումն է։ Այնուամենայնիւ, 1709-ին, Իսրայէլ Օրի յաջողեցաւ տեսակցիլ Շահին հետ։

Այնուհետեւ Օրի վերադարձաւ Անդրկովկաս, ուր եւ մնաց մինչեւ 1711։ Այդ շրջանին հանդիպումներ ունեցաւ Հայոց Կաթողիկոս Ալեքսանդր Աշ Ջուղայեցիի, Աղուանաց Կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի, հայ մելիքներու եւ անդրկովկասեան այլ գործիչներու հետ՝ առաջադրելով ազատագրական շարժման բռնկումը եւ ընդհանուր ճակատի ու հայկական միացեալ զօրական ուժերու ստեղծումը։ Այդ շփումներու ծիրէն ներս, Եսայի Հասան-Ջալալեանի հետ Իսրայէլ Օրի 1711-ին մեկնեցաւ Աստրախան, ուր Օգոստոս ամսուն, մութ հանգամանքներու մէջ, յանկարծամահ եղաւ։

Այդպէ՛ս յանկարծական եւ վաղաժամ ընդհատուեցաւ կեանքն ու գործունէութիւնը Իսրայէլ Օրիի՝ հայ ազգային-քաղաքական առաջին այն գործիչին, որ սկզբնաւորեց հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին քաղաքական հետապընդումը։ Թէեւ Իսրայէլ Օրիի մշակած եւ տենդագին հետապնդած ծրագիրները չիրականացան, բայց անոր գաղափարները երկար ժամանակ սնուցանեցին հայ ազատագրական միտքը, դարձան ներշնչման աղբիւր հայոց հետագայ սերունդներու ազգային -ազատագրական պայքարներուն համար։

Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ

Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն

 

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
Չինաստանը գործարկել է արբանյակային ինտերնետի փորձարկման հարթակԵրբ մարդիկ կկարողանան ապրել Լուսնի վրա․ կանխատեսումՋուր հավաքեք. բազմաթիվ հասցեներում երկար ժամանակ ջուր չի լինելուԱրցախի զինանշանի հեղինակ, նկարիչ և քանդակագործ՝ Լավրենտ Ղալայանը ԾիծեռնակաբերդումԷմմա Պողոսյանը՝ ծանրամարտի Եվրոպայի չեմպիոն Հիշել՝ նշանակում է պահպանել ինքնությունը. Պլեխանովի անվ․ ՌՏՀՀազարավոր օտարաղբյուր փաստեր հաստատում են Հայոց Ցեղասպանության օբյեկտիվ իրողությունը. Արա Քեթիպյան (տեսանյութ) Էմմա Պողոսյանը` Եվրոպայի չեմպիոնՌուսաստանը խոստացել է կոշտ պատասխան ԵՄ նոր պատժամիջոցներինԱրցախի մշակութային ցեղասպանության հարցը՝ ԵԽԽՎ-ում․ԱՄՆ-Ը թերագնահատել է Իրանին,հարվածներ պլանավորելիս (տեսանյութ) Աննա ջան, բարի ճանապարհ, ամուր կգրկես տղերքին, մինչ հանդիպում․Ադամ Սահակյանի մայր Ռուսաստանը և Ուկրաինան գերիներ են փոխանակել «193-ը 193-ի դիմաց» բանաձևով Ռուսաստանում նշել են ԵՄ 21-րդ պատժամիջոցների փաթեթի հնարավոր նպատակըԱխալքալաքում հարգանքի տուրք են մատուցել Հայոց ցեղասպանության զոհերի հիշատակին Apple-ը կթողարկի կոր էկրանով iPhoneԴրոշ այրելը բողոքի արտահայտման ընդունված ձև է. Ռոբերտ Քոչարյան (տեսանյութ) Ծանրորդ Արա Աղանյանը՝ Եվրոպայի առաջնության եռակի փոխչեմպիոնՄինչև ե՞րբ է շարունակվելու ձեր և Քոչարյանի միջև հակամարտությունը. Հարց Սերժ Սարգսյանին (տեսանյութ) Իսպանիայում շոկ․ ռազմական մեքենան ընկել է ուղղաթիռից (տեսանյութ) CNN-ը հաղորդել է Հորմուզի նեղուցում իրանական ռազմական թիրախներին հարվածելու ԱՄՆ ծրագրերի մասին Ցեղասպանության թանգարան-ինստիտուտը հեռացրել է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցի մասին տեղեկությունը Մենք հիշում ենք ... Հենրիխ Մխիթարյան Ազգային անվտանգության խնդիր է մեր պատմությունը և հիշողությունը խեղաթյուրելը, կեղծելը. Քեթիպյան (տեսանյութ) «Ոխերիմ ընկերներ» արտահայտությունը վերաբերում էր տարբեր մարդկանց․ նրանց, ովքեր իրենց չեզոք պահեցին, ովքեր պիտի անեին այն, ինչը չարեցին․ Սերժ Սարգսյանը՝ իր հայտարարության մասին Իրանի ԱԳ նախարարը նախատեսում է այցելել Ռուսաստան, Օման և Պակիստան Ծիծեռնակաբերդում երեք մանեթանոց լաց դնողների մասին․ Նիկոլ Փաշինյանը տեսանյութ է հրապարակելԹրամփը ակնարկում է Իրանի հետ բանակցություններում հնարավոր առաջընթացի մասինՄիջազգային արձագանքները Ցեղասպանության առթիվ.Ադրբեջանը դատապարտել է Թուրքիայի դրոշն այրելը (տեսանյութ)Ո՛չ ոք չի կարող մոռացության տալ Հայոց ցեղասպանությունը. ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ ՍարգսյանԲրազիլական «Սանթոս» ֆուտբոլային ակումբը ոգեկոչել է Հայոց ցեղասպանության տարելիցըՖրանսիայի առաջնություն․ Մեկնարկում է 31-րդ տուրը 33-ամյա Մանուկ Ադամյանը որոնվում է որպես անհետ կորածԿատարվածից դասեր է պետք քաղել, թույլ չտալ Հայրենիքը տանել աշխարհաքաղաքական ստրկության, իսկ ժողովրդին՝ կամազրկման. ԱԱԾ պահեստազորի սպաներՌԴ ԱԳՆ պաշտոնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան անդրադարձել է Հայոց ցեղասպանության տարելիցինԱՄՆ բանակի համար պատմական պահ է գրանցվելԻնքնահռչակ պետությունը ճանաչվել է ահաբեկչական կազմակերպությունՊետդումայում բացահայտել են Ռուսաստանի և Ուկրաինայի միջև գերիների փոխանակման մանրամասներըՀարգանքի տուրք ենք մատուցում 1.5 միլիոն զոհերի հիշատակին․ Հունաստանի նախագահ Տարադրամի փոխարժեքը՝ ՀՀ բանկերումԴիմում եմ բոլոր նրանց, ովքեր մեզ թշնամի են համարում՝ դուք ձախողել եք՝ ես ողջ եմ. Հայկ Մամիջանյանը՝ ԵԽԽՎ-ում Արտակարգ դեպք Երևանում․ «Opel»-ը Հաղթանակ թաղամասի ջրանցքում է հայտնվելՀայաստանը երկրորդ մասնակիցն ունի ԵԱ-ի կիսաեզրափակիչում. Խնձրցյանը պայքարելու է եզրափակիչի համարՄենք հիշում ենք. Մխիթարյանը հրապարակում է կատարել Հայոց ցեղաuպանության 111-րդ տարելիցի կապակցությամբՖրանսիա-Հայաստան բարեկամական խմբի անդամներն այցելել են Ծիծեռնակաբերդի հուշահամալիրԱԱԾ աշխատակիցները հարգանքի տուրք են մատուցել Մեծ եղեռնի զոհերի հիշատակինԱՄՆ-ում գնահատել են Rafale կործանիչների՝ Ռուսաստանի դեմ միջուկային հարված հասցնելու հնարավորությունըԶախարովա. Ճապոնիան խոստացել է զենք չուղարկել ՈւկրաինաԷրդողանն ապրիլի 24-ին Պոլսո Հայոց պատրիարքությանն ու Թուրքիայի հայ համայնքին ուղերձ է հղել՝ Հայոց ցեղասպանության 111-րդ տարելիցի առթիվՆահատակ սրբերի հիշատակով մենք կանգնած չենք մահվան լռության առջև, այլ կանգնած ենք հավատքի վկայության առջև, որովհետև նրանք ընտրեցին հավատքը. Հայր Գարեգին«Սիրտս անասելի ցավ ապրեց». Սիլվա Հակոբյանը՝ Ռոբերտ Աբաջյանի մայրիկի մահվան մասին
Ամենադիտված