Կը տեսնէ՞ք, թէ թուրքը որքան պատճառներ ունի Սուրիան քանդելու
ԱՐԽԻՎ
Ֆեյսբուքի օգտատեր Սալբի Գասպարյանը ARMENIANS OF ALEPPO«ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ» ֆեյսբուքյան խմբում գրել է.
«Մի քանի տարի առաջ, երբ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալասատ այցելեց Հայաստան տեղւոյն լրագրողներուն «ինչո՞ւ Ծիծեռնակաբերդ չայցելեցիք» հարցին պատասխանելով` ըսած էր հետեւեալը.
«Սուրիոյ ՏԷՐ Զօր քաղաքին մէջ կը գտնուի հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին կառուցուած ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ, անոր կից ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ եւ տեղւոյն անապատի ՄԱՐԿԱՏԷ եւ ՇԱՏՏԱՏԷ շրջաններու աւազակոյտերուն մէջ հայ զոհերու ոսկրտիքը։ Տէր Զօրը ինքնին հայոց ցեղասպանութիւնը վկայակոչող կենդանի յուշահամալիր է, Տէր Զօրը հայոց ցեղասպանութեան վաւերական թանգարանն է։»
Կը տեսնէ՞ք, թէ թուրքը որքան պատճառներ ունի Սուրիան քանդելու, անոր հայ դատի պատնէշին վրայ կանգնած հայ համայնքը անգամ մը եւս կոտորակելու, անգամ մը եւս զայն մասնատելու, անգամ մը եւս զայն ցագ ու ցրիւ ընելու։
Սուրիահայութիւնը տէր է, տէր կը մնայ ոչ միայն համայն հայութեան ուխտավայր դառձած ՏԷր Զօրին, այլ քաւութեան սրբարան՝ թուրք ողջախոհ մտաւորականութեան, որուն տակաւ ստուարացող շարքերը եւս լուրջ սպառնալիք են Թուրքիոյ հայատեացութեամբ առաջնորդուող վարչակարգին»։


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)