Խորապես մտահոգված ենք Հայաստանում տեղի ունեցող դեպքերով․ ԱՄՆ Արևելյան թեմի հայտարարությունը
Հրապարակումներ
Ամերիկայի Հայաստանյաց Առաքելական Եկեղեցու Արևելյան թեմի առաջնորդն ու թեմակալ խորհուրդը հայտարարություն են տարածել Հայաստանում տեղեի ունեցած դեպքերի մասին․
Մենք՝ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդն ու Թեմական Խորհուրդը, խորապէս մտահոգ ենք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող նորադարձ դէպքերով, որոնք առնչուած են պետութեան եւ եկեղեցւոյ միջեւ սրացող իրավիճակին։
Այս երկու հիմնարար հաստատութիւնները՝ հայկական սփիւռքի հետ միասին, անհրաժեշտ են մեր ազգին գոյատեւման համար։
Կոչ կ՛ուղղենք զսպուածութեան եւ ազգային միասնութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ իր ժողովրդավարական գործընթացները պէտք է յարգուին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ամբողջական ինքնավարութիւնը, կանոնները եւ արարողակարգերը—որոնք դարերու ընթացքին եղած են մեր եկեղեցւոյ անսասան հենասիւները։
Հայ ժողովուրդին պատմութեան այս վճռորոշ պահուն—աշխարհաքաղաքական անորոշութեան մէջ եւ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ—անհրաժեշտ է, որ մեր բոլոր ազգային հաստատութիւնները մնան ամուր եւ կարողանան կատարել իրենց կենսական դերերը։ Մեր պետութիւնը պէտք է առաջնորդէ մեր երիտասարդ ժողովրդավարութեանը՝ ապահովութեան, բարեկարգութեան եւ հասարակական համերաշխութեան բարդ հաւասարակշռութիւնը պահպանելով։ Մեր եկեղեցին պէտք է շարունակէ իր պատմական եւ կենսական առաքելութիւնը՝ պահպանելու մեր ինքնութիւնը, ժառանգութիւնը եւ հաւատքը։
Ամէն տեսակ գործողութիւն, որ կրնայ թուլացնել պետութեան կամ եկեղեցւոյ կարողութիւնը իրենց առաքելութիւնը կատարելու—ներառեալ եպիսկոպոսներու եւ եկեղեցականներու վերջին ձերբակալութիւնները, եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ուղղուած սպառնալիքները—կը միտին նաեւ մեր ազգը թուլացնելու, ներքին եւ միջազգային մակարդակի վրայ։
Այս օրհասական եւ կարելիուութիւններով լի օրերուն՝ հրատապ է, որ մեր ազգային հիմնական հաստատութիւնները շինուին եւ ամրացուին, ոչ թէ քանդուին, որպէսզի իւրաքանչիւրը կարենայ իր պարտական դերակատարութիւնը ունենալ մեր երկրի առաջընթացին մէջ։ Մենք պէտք է ուրախանանք, որ մեր ազգը ունի իր ազատ պետականութիւնը եւ ժողովրդավարական համակարգը։ Նոյնպէս, եկեղեցւոյ պատմական դերը պէտք է յարգուի. եկեղեցին, որ դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովուրդին հոգեւոր առաջնորդը՝ հալածանքներու, աքսորներու եւ ցեղասպանութեան մէջ անգամ։
Այսպիսի ժամանակներու մէջ, մեր յոյսն ու ուժը Քրիստոսով եւ եկեղեցւոյ միաբանութեամբ է։ Մեր դէմքը կը դարձնենք աղօթքի, վստահելով որ Տէրը կու տայ խաղաղութիւն, բժշկութիւն եւ իմաստութիւն իր բոլոր զաւակներուն։ Ինչպէս սաղմոսերգուն կը բացագանչէ. «Կանչէ՛ զիս նեղութեան օրը, եւ ես պիտի ազատեմ քեզ, եւ դուն պիտի փառաւորես զիս» (Սաղմոս 50։15)։
Կը հրաւիրենք մեր հոգեւորականները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը մնալ համոզումով, հաւատքով եւ հոգեւոր խաղաղութեամբ՝ պահելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իրենց ամէնօրեայ աղօթքներուն մէջ՝ խնդրելով Աստուծմէ առաջնորդութիւն, կարեկցութիւն եւ յոյս մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգին համար։
Թող Տէրը պահէ եւ պաշտպանէ Իր Սուրբ Եկեղեցին, զօրացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ խաղաղութեամբ, միասնութեամբ ու սիրով լեցնէ մեր ամբողջ հայ ընտանիքը։


















































Ամենադիտված
Ծեծկռտուք Մոսկվայի ռեստորաններից մեկում՝ հայտնի գործարարի և «Դոն Պիպոյի» միջև․ վերջինս թիկնապահի հետ փախուստի է դիմել (տեսանյութ)