Pashinyan, Putin hold phone call Today is International Children's Day Ruben Rubinyan receives Ambassador of Switzerland to Armenia US weapons already used in attempts to strike Russian territory: Peskov Armenia boosts exports to EEU market by 14 times - Mikhail Mishustin Diplomatic corps, international organizations’ representatives in Armenia visit flood disaster zone West is forcing Armenia and Azerbaijan to mediate for settlement of conflicts: Belousov Armenia will not participate in session of Council of Defense Ministers of CSTO Agreements between Armenia and Azerbaijan must be stable, balanced, and mutually acceptable, Zakharova Armenian MFA extends congratulations to Croatia on Statehood Day 

Փաշինյանի ձեռքերը կթաթախվեն արյան մեջ, եթե ֆրանսահայը մահանա Երևանի օդանավակայանում. Հարութ Սասունյան

Society

Ֆրանսահայ լրագրող Լէօ Նիկոլեան 16 օր շարունակ հացադուլ կ՛ընէ Երեւանի օդակայանին մէջ, Հայաստան մուտք գործելու արգելքէն ետք։

57ամեայ Նիկոլեան հետաքննող  խիզախ լրագրող է, որ բազմաթիւ վէճեր յառաջացուցած է   կարեւոր մարդոց մասին իր բացայայտումներուն պատճառով: Ան եղած է Արցախի հակամարտութեան եւ Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին վերջերս տեղի ունեցած բախումներու  առաջին գիծին վրայ, վիրաւորուած է երկու հակամարտութիւններու ժամանակ:

Անցեալ 30 տարիներու ընթացքին, Նիկոլեան տասնեակ անգամ այցելած է Հայաստան ու Արցախ եւ հարցազրոյցներ ունեցած է բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Այսուամենայնիւ, ան ինչի որ բախեցաւ երկու շաբաթ առաջ Երեւանի օդանկայանին մէջ, իր  վերջին այցելութեան   ընթացքին, ամբողջովին անսպասելի էր եւ ցնցող:

Ապրիլի սկիզբը Նիկոլեան այցելած էր Հայաստանի Տաւուշի մարզի Ոսկեպար գիւղը եւ հարցազրոյց ունեցած Տաւուշի Թեմի առաջնորդ Բագրատ

արքեպիսկոպոս Գալստանեանի հետ, որ կը ղեկավարէ ժողովրդական շարժումը՝ ընդդէմ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս կայացուցած որոշման՝ հայկական չորս սահմանային գիւղեր Ատրպէյճանին յանձնելու:

Ապրիլի վերջ, երբ Նիկոլեան փորձեց վերադառնալ Հայաստան, Երեւանի օդակայանին մէջ ներգաղթի ծառայութեան պաշտօնեաները ըսին անոր, որ իրեն թոյլ չի տրուիր մուտք գործել երկիր: Հարցումին, թէ ինչո՞ւ, անոր պատասխանեցին, որ ինք «վտանգ կը ներկայացնէ

Հայաստանի անվտանգութեան»: Ասիկա ծիծաղելի մեղադրանք է, քանի որ Նիկոլեան մասնագէտ լրագրող է, որ հայկական օրէնք մը չէ խախտած եւ յանցագործութիւն մը չէ կատարած:

Ցաւօք, Նիկոլեան միակ սփիւռքահայը չէ, որուն մուտքը Հայաստան արգիլուած է: Քանի մը այլ մարդոց եւս Երեւանի օդակայանին մէջ վայրէջքէն յետոյ ըսած են, որ իրենց թոյլ չի տրուիր այցելել Հայաստան: Անոնցմէ ոչ ոք անօրինական կամ յանցաւոր բան մը ըրած էր, որ նման կոշտ պատիժի արժանանար: Աւելին, եթէ անոնք որեւէ օրէնք խախտած են կամ վտանգ կը ներկայացնեն Հայաստանի անվտանգութեան համար, զանոնք պէտք է ձերբակալէին   օդակայանը եւ կանգնէին դատարանի առջեւ՝ անոնց

ճակատագիրը որոշելու համար։ Ոեւէ պաշտօնատար անձ, անկախ իր կոչումէն եւ պաշտօնէն, իրաւունք չունի դատական իշխանութեան անունով կամայական որոշումներ կայացնելու։

Աւելին, վարչապետ Փաշինեան իրաւունք չունի որոշելու, թէ ո՞վ կրնայ մուտք գործել երկիր: Հայաստան անոր սեփական տունը չէ: Ան չի կրնար որոշել՝ որո՞ւն թոյլ տալ կամ որուն թոյլ չտալ: Հայաստան աշխարհի  10 միլիոն հայերու հայրենիքն է, եւ ոչ մէկ

պաշտօնեայ իրաւունք ունի օրինական պատճառի բացակայութեան պարագային արգիլելու անոնցմէ ոեւէ մէկուն մուտքը՝ երկիր:

Նիկոլեանի եւ քանի մը այլ սփիւռքահայերու մուտքը Հայաստան արգելուած է միայն այն պատճառով, որ անոնք համարձակած են քննադատել Փաշինեանի պարտուողական քաղաքականութիւնը։ Վարչապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ժողովրդավար է: Սակայն, խօսքի ազատութիւնը ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, որ յաճախ կը խախտուի Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ,որոնք երկիրը վերածած են միանձնեայ կառավարման՝ բռնապետութեան:

Իրավիճակը աւելի վատթարացաւ, երբ Մուրատ Փափազեանի՝ Փաշինեանի ֆրանսահայ յայտնի քննադատին, թոյլ չտուին մուտք գործել Հայաստան, եւ ան բողոք ներկայացուց

հայկական դատարան, որ ապօրինի համարեց կառավարութեան արգելքը: Քանի որ հայ պաշտօնեաները 30 օր ժամանակ ունէին բողոքարկելու աւելի ցած ատեանի դատարանի որոշումը, ոչ ոք չէր գիտեր, թէ արդեօք անոնք նման բողոք կը ներկայացնե՞ն:

Բարեբախտաբար, երբ Փաշինեան այցելեց Փարիզ այդ 30 օրերուն ընթացքին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հանդիպեցաւ Փափազեանի եւ Փաշինեանի հետ եւ յորդորեց վարչապետին՝ հրաժարիլ Փափազեանը հետապնդելէ: Փաշինեան դժկամութեամբ   համաձայնեցաւ ջնջել բողոքը, բայց ամօթալի   էր, որ օտար երկրի մը ղեկավարը ստիպուած եղած էր   միջամտելու հայկական ներքին գործերու:

Մինչդեռ, Նիկոլեան վերջին 16 օրուան ընթացքին կը հիւծէր Երեւանի օդակայանը: Մեր հեռաձայնային  բազմաթիւ զրոյցներուն ընթացքին ան ինծի ըսաւ, որ կը շարունակէ իր հացադուլը, նոյնիսկ եթէ այդ յանգեցնէ մահուան: Անոր կեանքը վտանգուած է, քանի որ ան քանի մը լուրջ հիւանդութիւններ ունի։ Ժամանակ առ ժամանակ տեղւոյն բուժական անձնակազմը կուգայ անոր ճնշումը չափելու եւ քանի մը ներարկումներ ընելու։ Անոր թոյլ չեն տար դուրս գալու օդակայանէն՝ բուժական որեւէ օգնութեան համար: Վերջին օրերուն, շտապ օգնութեան մեքենայ ուղարկած էին օդակայան՝ ստուգելու համար անոր արեան ճնշումը, սրտին աշխատանքը եւ ներարկում մը եւս ընելու։

Նիկոլեանի վիճակը անորոշ է: Ան ինծի կ՛ըսէ՝ քանի որ ինք կը  գտնուի օդակայանին միջազգայնօրէն պահպանուող «չէզոք  գօտիի մէջ», հայ պաշտօնեաները չեն կրնար որեւէ գործողութեան ձեռնարկել իրեն դէմ: Վերջիններս փորձած են համոզել զինք՝ բարձրանալու Փարիզ մեկնող օդանաւը, սակայն ան մերժած է։ Անոր նաեւ սանտուիչներ եւ ջուր առաջարկած են, զորս ան մերժած է:

Նիկոլեան ըսաւ ինծի, որ մտադիր է սովամահ ըլլալ Երեւանի օդակայանը: Ան կը կարծէ, որ իր մահը ամօթալի կ՛ըլլայ վարչապետին համար: Ես համոզուած չեմ, որ ան ճիշդ է: Կը կարծեմ, որ այդ խայտառակութիւն կ՛ըլլայ Հայաստանի

Հանրապետութեան հեղինակութեան համար:

Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը, հակառակ իր դիւանագիտական պարտաւորութիւններուն, մերժած է այցելել իր սեփական քաղաքացիին՝ տեղեկանալու համար անոր վիճակին մասին։ Ասիկա Ֆրանսայի դեսպանին վրէժխնդրական դիրքորոշումն է, քանի որ Նիկոլեան լրատուական միջոցներուն բացայայտած էր դեսպանին գայթակղութիւնները: Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը նոյնպէս հետաքրքրութիւն չի ցուցաբերեր Նիկոլեանի բարօրութեան նկատմամբ, քանի որ ան նախապէս հրապարակաւ քննադատած է Ֆրանսայի նախագահը:

Թէեւ Նիկոլեան իր կոշտ քննադատութիւններուն եւ բիրտ անհատականութեան պատճառով հակադրուած է բազմաթիւ մարդոց եւ կազմակերպութիւններու, հայեր պարտաւոր են ընել ամէն բան, որպէսզի հրապարակայնացնեն անոր ծանր վիճակը եւ փրկեն իրենց հայրենակիցին կեանքը, նախքան անոր սովամահ ըլլալը:

Ես կոչ կ՛ընեմ Հայաստանի

քաղաքացիներուն՝ բողոքի ցոյցեր կազմակերպել Երեւանի մէջ,  վարչապետական շէնքին դիմաց՝ պահանջելով, որ Նիկոլեանի թոյլատրուի Հայաստան մուտք գործելը: Բողոքի ցոյցեր պէտք է կազմակերպուին նաեւ Երեւանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան դիմաց:

Ֆրանսահայերը պէտք է բողոքի ցոյցեր ընեն Փարիզի մէջ, արտաքին գործերու

նախարարութեան եւ նախագահական պալատին առջեւ՝ պահանջելով անոնց միջամտութիւնը Հայաստանի կառավարութեան մօտ:

Եթէ Նիկոլեան մահանայ Երեւանի օդակայանին մէջ իր երկարատեւ հացադուլին

պատճառով, վարչապետ Փաշինեանի ձեռքերը կը թաթխուին արեան մէջ, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնինը՝ նոյնպէս։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

 

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
Withdrawal from Syria only after security ensured: GulerPashinyan, Putin hold phone call18-year-old Chechen is suspected of planning terrorist attack during Paris Olympics in FranceAnkara welcomes sincere efforts of Armenia and Azerbaijan in settlement process: GulerAustin denies NATO expansion caused Ukraine conflictToday is International Children's DayBiden presents new Israel ceasefire plan, calls on Hamas to acceptHow does cheapest Intel Arc 310 graphics card handle modern games? Curious testKaty Perry will perform at the second pre-wedding celebration of the son of Asia's richest man on a cruise shipDefense ministers of the CSTO countries signed documentsAnahit Manasyan meets with residents of disaster zone in LoriGermany will provide Ukraine with additional Patriot air defense system and 500 million euros in aidRuben Rubinyan receives Ambassador of Switzerland to ArmeniaUS weapons already used in attempts to strike Russian territory: PeskovZelensky to sign three security agreements in Stockholm todayArmenia boosts exports to EEU market by 14 times - Mikhail MishustinAt least 15 dead in east India over 24 hours as temperatures soarFormer Speaker of Iranian Parliament enters presidential raceDiplomatic corps, international organizations’ representatives in Armenia visit flood disaster zoneArmenia and Azerbaijan are close to peace: AmirbekovNATO getting closer to war every week: OrbanWest is forcing Armenia and Azerbaijan to mediate for settlement of conflicts: Belousov14th package of EU sanctions against Russia may be adopted in mid-June: O’SullivanMay 31 - World No Tobacco DayBlinken and Fidan met: Gaza and Caucasus discussedArmenia will not participate in session of Council of Defense Ministers of CSTOThanks to the 118 million drams support from Karen Vardanyan, modern equipment was supplied to the National Center for Burns 'Guilty'. New York Times prints historic front page on Trump verdictFrance could announce sending military instructors to Ukraine – Le MondeNothing Phone (2a) Special Edition: An even more unusual version of the popular smartphone has appearedWe view political process in Armenia as country's internal affair, ZakharovaArmenian Prime Minister sends congratulatory message to Prime Minister of Croatia on National DayAgreements between Armenia and Azerbaijan must be stable, balanced, and mutually acceptable, ZakharovaOpportunity to establish peace between Armenia and Azerbaijan should not be missed, ErdoğanArmenian MFA extends congratulations to Croatia on Statehood DayKarkop is under the water-SanosyanTwo killed and five injured after Russian S-300 missile attack on KrasnopilliaIsrael has tactical control of Gaza-Egypt border corridor, says military spokesmanUK Parliament dissolved for new general election on July 4, 2024Pressure Grows on Biden to Allow Attacks on Russian Territory, NYTDeputy Prime Minister Mher Grigoryan participates in session of Council of Eurasian Economic CommissionRuben Rubinyna Receives Ambassador Extraordinary and Plenipotentiary of Kingdom of BelgiumSince popular, non-violent, velvet revolution of 2018, Armenia's economy has grown by almost 30 percent: PashinyanSuren Papikyan participated in opening ceremony of Schuman Security and Defence ForumThere is nothing against the church in Armenia - PashinyanSecurity is not enough, we need peace - PashinyanAzerbaijan denies Karabakh ex-state minister of Ruben Vardanyan’s appeal of his illegal arrestStorms kill at least 18 in several US statesPashinyan held remote meeting of operational headquarters of emergency situation management in Lori and Tavush provincesRestrictions to use Western arms to hit Russia hamper Kyiv’s ability to defend itself - Stoltenberg
Most Popular