Կոչված ենք մեր երկնավոր Հորը հավատարիմ լինել և մեր գործերը ընծայաբերել Նրան․ Արամ Ա Վեհափառ
Հասարակություն
ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՈՆԱԿ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔՈՒՄ
«Մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին, Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2026-ի երեկոյեան ժամը 04։00-ին։ Սաղմոսասացութիւններու, աղօթասացութիւններու եւ աւետարանական ընթերցանութիւններու աւարտին կատարուեցաւ հոգեպարար աւանդական Անդաստանի արարողութիւնը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուղղեց իր հայրապետական պատգամը:
Հայրապետին պատգամը ուղղուած էր յատկապէս մեր ծնողներուն: Ան բացատրեց եբրայական աւանդութիւնը՝ մանուկին տաճար ընծայումը՝ իբրեւ, 40-օրեայ մանուկ Յիսուսի ընծայումով, խորիմաստ աստուածաբանական աւանդութիւն, որովհետեւ այս ընծայումով հաւատացեալը կը հաստատէ Աստուծոյ իր պատկանելիութիւնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Անոր՝ Տիրոջմէ ստացած օրհնութեան՝ մանուկին համար: «Աստուած Ի՛նք է մեր ստեղծիչը. իսկ քրիստոնէական կրօնքին մէջ ընդգծուած է Աստուծոյ հայրութիւնը։ Հայր-զաւակ յարաբերութիւն գոյութիւն ունի Աստուծոյ եւ մեր միջեւ. հետեւաբար, կոչուած ենք մեր երկնաւոր Հօր հաւատարիմ ըլլալ եւ մեր անձերը, կեանքը, գործերը նուիրել ու ընծայաբերել Անոր»:
Վեհափառ Հայրապետը շարունակելով իր պատգամը՝ ընդգծեց մանուկները եկեղեցի առաջնորդելու ծնողքին դերակատարութիւնը, որովհետեւ անոնք այնքան կազմաւորուած չեն ընկալելու համար եկեղեցի յաճախելուն իմաստը: Հայրապետը նաեւ դիտել տուաւ ներկայ ժամանակներուն մէջ զաւակ դաստիարակելու ու կրթելու մարտահրաւէրները եւ լուսարձակի տակ առաւ յատկապէս հայ ծնողքին անփոխարինելի դերը՝ զաւակը ճիշդ ուղիի մէջ դնելու. «ահա թէ ինչո՛ւ ընտանիքը միշտ նկատած ենք եկեղեցի, եւ ընտանիքի նուիրական յարկին տակ հոգեւոր ապրումներով ու բարոյական արժէքներով լեցուն մթնոլորտի մէջ, մեր ծնողները կոչուած են իրենց զաւակները դաստիարակելու քրիստոնէական ու ազգային արժէքներով»: Ան նաեւ շեշտեց, որ սա աստուածատուր պատասխանատուութիւն է, եզրափակեց իր պատգամը Նորին Սրբութիւնը։
Հայրապետական պատգամի աւարտին, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան Սուրբ Խորանին լոյսը յանձնեց Նորին Սուրբ Օծութեան, որ, իր կարգին, բաշխեց հաւատացեալներուն, որպէսզի Քրիստոս Յիսուսի լոյսը, իբրեւ օրհնութիւն, միշտ վառ մնայ անոնց կեանքին եւ տուներուն մէջ: Ապա, ծնողներ իրենց զաւակները Սուրբ Խորան բերելով, Աստուածամօր օրինակով, իրենց զաւակները ընծայեցին Աստուծոյ։
Եկեղեցական հոգեպարար արարողութեանց աւարտին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, հաւատացեալներ, իրենց Հովուապետին գլխաւորած թափօրով, ուղղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր Հայրապետին ձեռամբ տեղի ունեցաւ աւանդական հրավառութիւնը։ Խարոյկին շուրջ Դպրեվանքի աշակերտները երգեցին հոգեւոր ու հայրենասիրական երգեր»:


















































Ամենադիտված
Վենսը Բաքվում կատակել է Մեհրիբան Ալիևայի մասին