Թուրքական չարիքին դէմ համընդհանուր պայքարի դրօշակիրը
Գիտություն և Մշակույթ
Տիգրան Երկաթ (Կարապետ Պիլեզիկճյան) (1870 - 1899), հայ գրող, հրապարակախոս, գրական-հասարակական գործիչ:
Ծնվել է Կ. Պոլսում: Փոքր հասակից, 1880-ին, մոր հետ մեկնել է Փարիզ, որտեղ ստացել է կրթությունը։ Եղել է Եվրոպայի և Ամերիկայի բազմաթիվ քաղաքներում։ Ֆրանսերենին զուգընթաց սովորել է նաև անգլերեն: Ֆրանսիական պարբերականներում հրատարակել է բազմաթիվ հոդվածներ արևելքի ժողովուրդների, արևելյան կենցաղի ու սովորությունների, հայկական հարցի վերաբերյալ։ Հիմնական աշխատակիցն է եղել «Նուվել ռեվյու», «Ինտերնասիոնալ», «Ֆիգարո» և այլ պարբերականների։ Համարվել է ճանաչված ու հարգված դեմք Ֆրանսիայում: Մտերմական կապեր է ունեցել Էմիլ Զոլայի, Ժան Ժորեսի և այլ ականավոր դեմքերի հետ։ 1893-ին վերադարձել է Պոլիս, զբաղվել ֆրանսերենի ուսուցչությամբ, միաժամանակ գաղտնի թղթակցել Փարիզում հրատարակվող «Ռևյու դե ռևյու» պարբերականին, որտեղ տպագրել է Գամառ Քաթիպայի հայրենասիրական ոտանավորներից մի քանիսի ֆրանսերեն թարգմանությունը։ Սիմոն Սիմոնովիչ, Կարապետ և Միր Կարո ծածկանուններով հոդվածներ է տպագրել նաև Կ. Պոլսի «Հայրենիք» թերթում։ 1895-ի կոտորածներից հետո նորից մեկնել է արտասահման։ Եղել է Աթենքում, կարդացել դասախոսություններ Հունական մամուլը մեծ հիացմունքով է խոսել նրա մասին։ Աթենքից մեկնել է Փարիզ, ապա' Բելգիա: 1898-ին մեկնել է Եգիպտոս, որտեղ և մահացել է Պարբերական մամուլում տպագրած բանաստեղծությունները հետմահու լույս են տեսել «Մի քանի ժամ» վերնագրով։ Դեռևս 1900-ականների սկզբներից Եգիպտոսի Ալեքսանդրիա քաղաքում հիմնադրվել է նրա անունով «Տիգրան Երկաթ» մշակութային միությունը, որը նկատելի դեր է կատարել այդ գաղութի կյանքում:
1899 թ. Դեկտեմբեր 1ին, իր ծննդավայր Պոլսոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ, թոքախտէ հիւծուած, 29 տարեկանին մեր աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն Տիգրան Երկաթը, որ իր ժամանակին Եւրոպայի տարածքին մեծ հռչակ նուաճեց իբրեւ Թրքական Չարիքին դէմ համընդհանուր պայքարի դրօշակիր հայ յեղափոխականը:
Հայ իրականութեան մէջ նոյնքան մեծ չեղաւ Տիգրան Երկաթի հռչակը։ Ինչպէս Գաբրիէլ Լազեան կը նշէ իր «Յեղափոխական Դէմքեր»ու երկրորդ հատորով՝ «Կեանքի պայմաններուն բերումով օտար մտաւորականներ աւելի կանուխէն զինք ճանչցան, իրմէ տպաւորուեցան ու զինք քաջալերեցին։ Իր մահէն ետքն է, որ մեր ժողովուրդը մասամբ ծանօթացաւ անոր կեանքին։ Իսկ 1935ին Աղեքսանդրիա հրատարակուեցաւ Ս. Բիւրատի կողմէ գրի առնուած կենսագրականը, բայց 1936ին Փարիզի մէջ Լ. Կերտանն էր, որ տուաւ մանրամասնօրէն եւ գեղեցիկ վերլուծումով մը անոր կեանքը ֆրանսերէն՝ «Un ami oriental de Barres – Tigran Yergat» 281 էջնոց հատորով մը, ուր լայն տեղ տրուած է Երկաթի նամակներուն»:
Այսպէս, Գ. Լազեանի արժեւորումով, «օտար մշակոյթը թէեւ զօրաւոր ազդեցութիւն մը գործած է Տիգրան Երկաթի վրայ, բայց ան զգաց իր ժողովուրդին տառապանքը ու լծուեցաւ անոր ազատագրութեան պայքարին։ Անողոք հիւանդութեամբ մը եթէ երիտասարդ հասակին մեռած չըլլար Երկաթ, ապահովաբար իրեն մեծ ապագայ մը վերապահուած էր հայ հանրային եւ գրական կեանքին մէջ»:
Աւազանի անունով Կարապետ Պիլեզիկճի, Տիգրան Երկաթ ծնած էր 1870ին, Պոլիս, կաթողիկէ ու աւանդապահ հայ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ե՛ւ մեծ հայրը՝ Պօղոս Ամիրա, ե՛ւ հայրը՝ Գրիգոր Պիլեզիկճի նիւթապէս ունեւոր, միաժամանակ բարեպաշտ եւ ուսումնատենչ հայեր էին։ Բայց ինչպէս այդ ժամանակաշրջանի Պոլսոյ հայ կաթողիկէներուն մօտ սովորութիւն էր, տան մէջ կը տիրապետէր թրքախօսութիւնը։ Կարապետի մայրը եւս կը սերէր ունեւոր եւ կաթողիկէ հայ Թընկըր ընտանիքէն, կը նկատուէր իր ժամանակի Պոլսոյ գեղեցիկ ու զարգացած կիներէն մէկը, որ ամէն ճիգ թափեց իր զաւկին բարձրագոյն ուսում ջամբելու համար։ Մայրը առանձին չէր այդ հոգածութեան մէջ։ Նոյնպէս եւ աւելիով հոգածու էր մայրական կողմէ մեծ հայրը, որուն խնամքը անմիջական եղած էր մանուկ Կարապետին վրայ, երբ հօր՝ Գրիգորի վաղաժամ, 28 տարեկան հասակին մահէն յետոյ, մայրը իր զաւակներով վերադարձած էր իր հօր տունը։
Թընկըրները յատուկ ուսուցիչ վարձած էին՝ Կարային (այդպէս կրճատած էին Կարապետին անունը) թրքերէն սորվեցնելու համար, իսկ ստնտուն՝ որ հելլէնուհի մըն էր, մեծապէս օգնեց իր սանուկին, որ ծանօթանայ եւ հմտանայ յունարէնի մէջ։ Բայց ծնողքը յատուկ կարեւորութիւն ընծայեցին շնորհալի իրենց զաւակին հայերէն սորվեցնելու եւ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու խնամատարութեան՝ այդ նպատակով մասնաւոր դասերու համար Մխիթարեան հայրերէն Մերճանեան վարդապետին օգնութեան դիմելով։
Նման բարեկեցիկ պայմաններու մէջ մեծցած եւ ուսումնական խնամքի արժանացած Կարապետը, 10 տարեկանին, ղրկուեցաւ Դոմինիկեան Հայրերու գիշերօթիկ վարժարանը, որ կը գտնուէր Արգէոյլիի մէջ։ Գիշերօթիկի միջավայրը, ուր թրքախօսութեան եւ թրքական բարքերու նկատմամբ օտարամոլութեան աստիճանի հասնող հակումը տիրական էր, շատ ծանր ազդեցութիւն գործեց եւ ընդվզումի մղեց ուսումնատենչ հայորդիին, որ թէեւ 17 տարեկանին փայլուն նիշերով աւարտեց գիշերօթիկը, բայց մտաւորական պատրաստութեան առումով կորսուած ժամանակ նկատեց թրքաբանութեամբ անցած ուսումնական այդ տարիները։ Այդ մեկնակէտով ալ, իր ընտանիքի նիւթական հնարաւորութիւններէն օգտուելով՝ 18 տարեկանին գնաց Մ. Նահանգներ, ուր տարի մը հետեւեցաւ ամերիկեան գրականութեան դասընթացքներու եւ կատարելագործեց իր անգլերէնը։
1889ին արդէն Փարիզ հաստատուած էր Կարապետ Պիլեզիկճի, որ դրամատան մը մէջ համեստ գործի անցնելով՝ իր ժամանակը լրիւ նուիրեց գրական-ստեղծագործական եւ քաղաքական-հասարակական գործունէութեան։ Մօտէն ծանօթացաւ եւ մտերմացաւ ոչ միայն ֆրանսացի կամ Փարիզ հաւաքուած եւրոպացի հանրածանօթ մտաւորականներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, այլեւ սերտ կապի մէջ եղաւ ֆրանսական մայրաքաղաքի թէ Եւրոպայի միւս մեծ մայրաքաղաքներուն մէջ գործող հայ յեղափոխականներու հետ։ Այդ ծանօթութիւններն ու մտերմութիւնները իր առջեւ բացին էջերը ինչպէս ֆրանսական թէ անգլիական, նոյնպէս եւ Պոլսոյ հայ մամուլին, որոնց կանոնաւոր աշխատակցեցաւ ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն յօդուածներով՝ եռաստղ ստորագրութիւնը կամ Տիգրան Երկաթ եւ «Միր-Կարօ» գրչանունները օգտագործելով։ Տիգրան Երկաթ եղաւ նաեւ փնտռուած բանախօս մը, որ Արեւելքի մասին ֆրանսական ուսանող թէ մտաւորական շրջանակներու մօտ իր կարդացած դասախօսութիւններով մեծ վարկի արժանացաւ։
1893ին Տիգրան Երկաթի համար սկսան տնտեսական դժուարութեան տարիները։ Թուրքիոյ մէջ ծանրացած տնտեսական տագնապին հետեւանքով, Թընկըրները կորսնցուցին իրենց հարստութեան մեծ մասը եւ Տ. Երկաթ ստիպուեցաւ Պոլիս վերադառնալ 1893ի Դեկտեմբերին։ Համիտեան կոտորածներու նախօրեակն էր, Տիգրան Երկաթ կը նախազգար մօտալուտ փոթորիկը եւ սկսաւ հայ մամուլի էջերուն հանդէս գալ յեղափոխական պայքարի բոցաշունչ կոչերով, իսկ եւրոպական մամուլին ղրկեց համիտեան քաղաքականութեան հակահայ էութիւնը մերկացնող ուժեղ գրութիւններ։
Համիտեան կոտորածներուն դէմ գրչով պայքարելու բուռն շրջան մը եղաւ մինչեւ 1896ի Հոկտեմբերը երկարած տարիները Տ. Երկաթի կեանքին մէջ։ Ֆրանսական մամուլին կամ ֆրանսացի մտաւորական իր ընկերներուն կողմէ պարբերաբար հրաւիրուեցաւ Փարիզ, որպէսզի դասախօսութիւններով ականատեսի եւ մասնակիցի իր վկայութիւնը տայ Համիտեան Չարիքին մասին։ Իսկ 1896ի Օգոստոսին, երբ Դաշնակցութիւնը իրագործեց Օսմանեան Դրամատան գրաւման գործողութիւնը, Տիգրանի եղբայրը՝ Մարտիրոս Պիլեզիկճի նոյն դրամատան պաշտօնեայ էր եւ Արմէն Գարօ ու Հրաչ Թիրեաքեան Մարտիրոսին յանձնարարեցին, որ թրքերէնով գրէ սուլթանական պալատին ուղղուած հայ յեղափոխականներու ծանօթ ազդարարագիրը։ Այդ առիթով է, որ Տիգրան Երկաթ պիտի ըսէր մօրը, թէ՝ «Դրամատունը մտան հերոսներու պէս, բայց պէտք էր որ օդը հանէին շէնքը, քան թէ թողէին այսպէս, առանց արդիւնքի։ Եղբա՞յրս պիտի կորսուէր հոն, ի՜նչ փոյթ, Հայաստանը փառաւորուած պիտի ըլլար...»:
Յեղափոխականի այսօրինակ կերպար ու մտածող էր Տիգրան Երկաթ, որ Օսմանեան Դրամատան գրաւման աւարտին Պոլիս գտնուող օտար դեսպաններուն ուղղուած յայտարարութիւն մը պատրաստեց եւ հրապարակեց՝ «Հայ Ազգը» ստորագրութեամբ, դիտել տալով.¬ «Հայկական Դատին յաջողութեան հետ կապուած են ոչ միայն պատիւը, այլ եւ ապահովութիւնն ու բարգաւաճումը Եւրոպայի։ Մեզմով պիտի բացուին իր առեւտուրին, իր ճարտարարուեստին, իր գաղափարներուն այն ճամբաները, այն դաշտերն ու այն հովիտները, որոնք բարբարոսները ամայացուցին։ Նոր գործողութիւն մը պատրաստ է, որով պիտի յայտնուի մեր ազգին կենսունակութիւնը։ Եթէ ներկայ զեկոյցին վրայ, ձեր կողմէ որեւէ ազդու միջոց ձեռք չառնուի, պիտի տեսնէք մեզ անգամ մըն ալ մահը միջամուխ ընելու կռուին մէջ»:
Տիգրան Երկաթ առանձին չէր Համիտի վրայ եւրոպական ճնշումը սաստկացնելու իր հետեւողական աշխատանքին մէջ եւ միայն յօդուածագրութեամբ չսահմանափակուեցաւ իր պայքարը։ Քաղաքական-յարաբերական գործի բնատուր կարողութիւններ ունէր եւ զանոնք ի գործ կը դնէր ի նպաստ հայկական իրաւունքներուն ազդու լոպիինկ կատարելու համար։ Սերտ գործակցութեան մէջ էր մանաւանդ օրուան Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Իզմիրլեան Արքեպիսկոպոսին հետ, որ Համիտի դէմ իր անխոնջ բողոքներուն համար ի վերջոյ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ Կարմիր Սուլթանին կողմէ։ Հալածանքի տակ առնուեցաւ նաեւ Տ. Երկաթ, որուն եւրոպական տէրութեանց մօտ կատարած դիմումներուն ու լոպիինկի կապերուն մասին իրազեկ էր սուլթանի կառավարութիւնը։ Շարժումի իր ազատութիւնը կորսնցուցած՝ Տիգրան Երկաթ որոշեց Յունաստան՝ Փիրէա անցնիլ եւ հոնկէ շարունակել իր պայքարը համիտեան բռնատիրութեան դէմ։ Հոկտեմբեր 1896ին Պոլսէն իր հեռացումին եւ Յունաստան ուղեւորութեան մէջ գործնապէս օգտակար եղաւ օրուան անգլիական դեսպանատան քարտուղարը։
Այնուհետեւ երեք տարի, մինչեւ թոքախտի հետեւանքով վաղաժամ իր վախճանը, Տիգրան Երկաթ երկար ժամանակ գործեց Յունաստանի մէջ, որոշ ընդմիջումներ կատարելով դէպի Փարիզ։ Յունաստանի մէջ ոչ միայն գործօն աջակցութիւն բերաւ 1897ի կրետական ապստամբութեան եւ անոր հետեւող յոյն¬թրքական պատերազմին, այլեւ ուղղակի անդամագրուեցաւ «Էթերիա» քաղաքական կազմակերպութեան, անոր գաղափարական եւ քաղաքական բարձրագոռ ձայներէն մէկը դարձաւ, նաեւ հետեւողական աշխատանք կատարեց յոյն եւ հայ յեղափոխականներու միջեւ մերձեցում առաջացնելու համար («Էթերիա»յի անունով Դաշնակցութեան ներկայացնելով գործակցութեան առաջարկներ): Յունաստանի մէջ Տիգրան Երկաթի ծաւալած յեղափոխական աշխոյժ գործունէութիւնը իրաւամբ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի եւրոպական դէմքին ճառագայթումը, նաեւ՝ մեծ ներդրում մը եղաւ հայեւհելլէն դարաւոր կապերու եւ սերտ գործակցութեան խորացման առումով (Հայեւհելլէն մերձեցումին վերաբերեալ Տիգրան Երկաթի խորհրդածութիւններէն շահեկան էջ մը կþարտատպենք «Ազատ Օր»ի Երկուշաբթի օրուան համարով)։
1898ին Տիգրան Երկաթ ձեռնարկեց նաեւ դէպի Կիլիկիա ֆրանսական զինուորական արշաւանք մը կազմակերպելու գործին, որ սակայն անաւարտ մնաց իր մահուան պատճառով։
1898ի սկիզբէն արդէն արագօրէն վատթարացաւ Երկաթի առողջական վիճակը։ Թոքախտը արագօրէն աւեր կը գործէր աննկուն յեղափոխականի մարմնին մէջ եւ ան ստիպուեցաւ երթալ Գահիրէ՝ եղբայրներուն մօտ, ապաքինումի նպատակով։ Եգիպտոս իր կարճատեւ կեցութեան ընթացքին էր, որ Տիգրան Երկաթ միացաւ Դաշնակցութեան եւ գաղափարական իր կարեւոր զօրակցութիւնը բերաւ յեղափոխական պայքարը առաւել մարտունակութեամբ յառաջ մղելու շարժումին։
1899ի գարնան, մարմնապէս լրիւ հիւծած, Տիգրան Երկաթ վերադարձաւ Պոլիս՝ մօր դիմումներուն ու թախանձագին խնդրանքին անսալով։ Տարուեցաւ հիւանդանոց, ուր եւ մօր գրկին մէջ աւանդեց հոգին 1899ի Դեկտեմբեր 1-ին։
Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, Մարտ 1900ի իր համարով, հակիրճ մահագրութիւն մը լոյս ընծայեց հայ ժողովուրդի ինքնատիպ այս յեղափոխականին վաղաժամ վախճանումին առիթով՝ Դաշնակցութեան յարգանքի խօսքը փոխանցելու համար։
«Դրօշակ»ի վկայութեամբ՝ «Տիգրան Երկաթի մէջ, իբր մարմնացած բողոք, կար յեղափոխութեան փոթորիկը, պաշտումը դիւցազներգութիւններու, քնքուշ ժպիտով մը շրջանակուած։ Մե՜ղք, որ վայրագ հիւանդութիւն մը, թոքախտը, քայքայեց այդ համակրելի եւ պատուական կեանքը։
«Վերջին օրերուն արտասահմանէն փոխադրեցին Պոլիս, իր ծնողաց կարօտը առնելու համար։
«Մեռելոց աշխարհ»ին մէջ, որ կը կոչուի Թուրքիա, մահուան թեւերուն տակ գերագոյն սարսուռով մը եւ համադրական վրէժի թափով մը, գրեց իր վերջին լուրջ ուսումնասիրութիւնը («Revue des Revues»ին մէջ լոյս տեսած) «Թուրքիան կրնա՞յ ապրիլ» վերնագրով։
«Ինչքան Թուրքիոյ դէմ ջղուտ եւ կորովի ատելութիւնով մը լեցուած հայրենասէրի մը երկունքը ըլլայ այդ գրուածը, անուրանալի է որ իմաստասիրական հմտութիւնով ու խղճմտանքով աշխատասիրուած վերջին ահաւոր դատաստան մըն է. հոն վեր կը հանէ Թիւրքիան, որ իր կշտերուն մէջ կը կրէ մահուան սերմը։
«Ճակատագրական մեծ հարցանիշ մը դնելէ եւ երիտասարդ հոգիի մարգարէութիւնը ու արհամարհանքը նետելէ յետոյ սուլթաններու կայսրութեան արիւնոտ ճակտին, այդ ազազուն, այլ խոհուն եղէգը, մարեցաւ 29 տարեկան կտրիճ հասակին մէջ, երեկոյեան այն աստղին պէս, որ քանի հորիզոնին կը մօտենայ՝ այնքան աւելի կը պայծառափայլի»։
Այսպիսի՛ մտաւորական պաշարով եւ յեղափոխական էութեամբ նուիրեալ մըն էր Տիգրան Երկաթ, որ առիթով մը պատգամած էր՝
«Ամէն ոք պէտք է օգնէ յեղափոխականներուն։ Ես ոչ մի կուսակցութեան չեմ պատկանիր, բայց իմ չնչին լուման Դաշնակցութեան գանձանակը կը սիրէի ձգել»...
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ
Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)