Հայկական գեղանկարչության աշխարհահռչակ վարպետը. Էդգար Շահին
Գիտություն և Մշակույթ
Էտկար Շահին կը հանդիսանայ 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդ գեղանկարիչներու փարիզեան սերունդին (Տիգրան Փօլատ, Վարդան Մախոխեան, Յակոբ Կիւրճեան, Երուանդ Քոչար) ճառագայթող դէմքերէն մէկը, որ ոչ միայն հայկական գեղանկարչութիւնը բացաւ նոր հորիզոններու, այլեւ՝ հայ անունը եւ հայկական տաղանդը պանծացնող բարձունք մը նուաճեց ֆրանսական գեղարուեստի աշխարհին մէջ։
Էտկար Շահինի արուեստին եւ հզօր տաղանդին մասին իրենց անվերապահ գնահատանքը արձանագրած են արուեստի աշխարհի միջազգային հեղինակութիւններ։
- Ֆրանսացի արուեստաբան Մաքս Ռոժէի վկայութեամբ՝ «այն հարստութիւնը, որ մեզ պարգեւեց Շահինը, կը պարտաւորեցնէ աւելիով գնահատել անոր տաղանդին հզօրութիւնն ու հմայքը»:
- Նոյնպէս ֆրանսացի արուեստաբան Շառլ Շէնեոլ իր կարգին կը վկայէ.- «Էտկար Շահին. ահա՛ մեր կերպարուեստին նորայայտ փառքերէն մէկը: Դիտեցէք իր օֆորթները (մետաղի վրայ փորագրութիւնները , Ն.). օր մը պիտի նախընտրէք անոր «Պառաւ»ը, յաջորդ օրը՝ «Շաթօ Ռուժ»ը եւ այսպէս շարունակ: Այս ամէնուն համար միայն մէկ բառ կայ՝ «ապշեցուցիչ»:
- Իսկ իտալացի արուեստաբան Փ. Օքքինի կþամբողջացնէ վկայութեանց շարքը՝ դիտել տալով, որ «Շահինը ոչ միայն նրբաճաշակ արուեստագէտ է, այլեւ՝ նրբազգաց հոգեբան, պատմագէտ»:
Ահա այսպիսի՛ տաղանդի եւ հռչակի տէր դարձաւ ֆրանսահայ նկարիչ Էտկար Շահինը, որ հանդիսացաւ 20րդ դարու փորագրական գեղանկարչութեան նշանաւոր վարպետ մը, որուն ազգային ինքնատիպ արուեստը կը նկատուի հայ եւ եւրոպական կերպարուեստի նշանակալի ու բարձրորակ համադրում մը։
Հանրագիտական տեղեկանքով՝ Էտկար Շահին ծնած էր 31 Հոկտեմբեր 1874ին, Աւստրօ-Հունգար կայսրութեան մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, հայկական համեստ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիները ան անցուց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուր յաճախեց Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը եւ կանուխ տարիքէն աշակերտեց յայտնի նկարիչ Մելքոն Տիրացուեանին։ 1890-92ին ուսումը շարունակեց Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին մէջ, իսկ 1893ին հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր գեղանկարչական իր տաղանդը կատարելագործեց ատենի մեծահռչակ Ժիւլիէն ակադեմիային մէջ։
1896էն սկսեալ, «Մարդկային թշուառութիւն» ընդհանուր խորագիրը կրող գեղանկարչական աշխատանքներով («Մուրացկանը» - 1896, «Փողոցի անկիւն մը» - 1897, «Շնչահեղձը» - 1898, «Անապաստանը» - 1899 եւ «Փողոց Մոնմարթրի մէջ») մասնակցեցաւ տարբեր ցուցահանդէսներու: Իսկ 1899ին ձեռնամուխ եղաւ փորագրական գեղանկարչութեան, որ անմիջապէս լայն ճանաչում ապահովեց երիտասարդ արուեստագէտին։ 1901ին մասնակցեցաւ Վենետիկի պիենալէին: Սկզբնական շրջանի իր փորագրութիւնները («Աղբահաններ», «Պետրոս Շահին», «Անատոլ Ֆրանս», «Լաթահաւաք կինը», «Զբօսանք», «Հայկական երեկոյի ծրագիր», «Ճեմմա», «Լիլի», «Լուիզ Ֆրանս», «Բեռնակառք», «Գործազուրկը», «Թխահերն ու շիկահերը», «Ինկած ձին») կը յատկանշուին մէկ կողմէ մարդոց գոյութեան պայքարն ու թշուառութիւնը, իսկ միւս կողմէ պերճանքն ու շռայլանքը խորութեամբ պատկերող ինքնուրոյն արուեստով:
Շահին իր գործերուն մէջ կիրարկեց փորագրութեան գրեթէ բոլոր եղանակները (օֆորթ, փափուկ լաք, աքուաթինթա), սակայն իր նախընտրութիւնը միշտ ալ եղաւ չոր ասեղով փորագրութիւնը, զորս հասցուց կատարելութեան:
1905էն սկսեալ Շահին պարբերաբար եղաւ ու ստեղծագործեց նաեւ Իտալիոյ մէջ։ Հռչակաւոր են իր «Իտալական տպաւորութիւններ» շարքի գործերը («Կուլոնի աբբայարանը» - 1915, «Սուրբ Պետրոսի ջրանցքը», «Ոգիներու տունը», «Սուրբ Մարկոսի հրապարակը», «Ի՜նչ գեղեցիկ հայկական քիթ» - 1921, «Հմայիչ կինը», «Հրաշալի երեխան», «Ֆրանչեսկոնի» - երեքն ալ 1922¬25 տարիներուն եւայլն): Այդպէ՛ս, ան արժանացաւ Վենետիկի մեծ նկարիչի եւ պատուաւոր քաղաքացիի տիտղոսին:
1930ականներուն Շահին ստեղծագործական աշխատանքով եղաւ Պրեթանյը եւ Լա Մանշի ափերը, ստեղծեց բացառիկ գեղեցկութեամբ բնանկարներու շարք («Քրաուզիկ», «Ձկնորսական նաւակներ», «Փոքրիկ լողափ» եւ այլն):
Շահին ստեղծեց նաեւ հայ իրականութենէն վերցուած մեծարժէք գործեր, որոնց շարքին են «Ալեւոր հայը», Պողոս Նուպարի, Տիկին Զարմիկեանի, օրիորդ Երամի եւ ուրիշներու դիմանկարները: Գրիգոր Զօհրապի առաջարկութեամբ ստեղծեց մետաղի վրայ փորագրութիւն մը, ուր պատկերուած են ջարդէ փրկուած հայ որբեր, իսկ խորքին՝ Անիի հանրածանօթ Հովիւի եկեղեցին է:
Շահինի ժառանգութեան մաս կը կազմեն նաեւ գրքերու նկարազարդման մեծարժէք գործեր։ Ձեւաւորած ու նկարազարդած է Անաթոլ Ֆրանսի «Կատակերգական պատմութիւն»ը, Կիւստաւ Ֆլոպէրի «Նոյեմբեր»ը, Կապրիէլ Մուրէի «Փարիզի տօնավաճառի մարդիկ» (140 օֆորթ), Մորիս Պարէսի «Վենետիկի մահը», Վերգիլիոսի «Մշակականք»ը (Տիգրան Փօլատի ու 15 այլ նկարիչներու հետ) եւ այլ գրքեր:
Շահին ընտրուեցաւ բազմաթիւ ընկերութիւններու (Հռոմի իտալական գեղարուեստի ազգային, Լոնտոնի գեղարուեստի թագաւորական եւ այլն) եւ միութիւններու (Փորագրողներու եւ այլն) անդամ: 1928ին հեռակայ կարգով ընտրուեցաւ Հայաստանի կերպարուեստագէտներու միութեան պատուաւոր անդամ: 1936ին Երեւանի ու Թիֆլիսի, իսկ 1940ին՝ Լենինկրատի Էրմիթաժ թանգարաններուն մէջ կազմակերպուեցան Շահինի փորագրութեանց ցուցահանդէսները։ Շահին իր գործերէն շուրջ 160ը նուիրեց Հայաստանին եւ Երեւանի Ազգային Պատկերասրահին մէջ ունեցաւ իր յատուկ բաժինը: 1974ին, 1994ին եւ 2004ին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցան Էտկար Շահինի ծննդեան 100, 120 եւ 130ամեակներուն նուիրուած ցուցահանդէսներ:
Է. Շահինի գործերը կը պահուին Փարիզի Ազգային Գրադարանին, Վենետիկի Քաղաքային Թանգարանին, Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին (300է աւելի), Էրմիթաժի, Մոսկուայի Պուշկինի անուան կերպարուեստի կեդրոնին ու եւրոպական բազում երկիրներու թանգարաններուն մէջ:
Իր կենդանութեան իսկ Էտկար Շահին արժանացաւ Ոսկէ Մետալի (1900ին, Փարիզ) եւ Ոսկէ Մեծ Մրցանակի (1903ին, Վենետիկ), Ֆրանսայի Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետի աստիճանին եւ շքանշանին:
Աշխարհահռչակ հայ գեղանկարիչը իրաւամբ կը հանդիսանայ հայկական արուեստի պարծանքը։
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ
Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)