Հայ երաժշտության հսկային պարտադրեցին ստեղծագործել իշխանության պահանջին համապատասխան
Գիտություն և Մշակույթ
(1879 թ. Դեկտեմբերի 26ին, Ալեքսանդրապոլի (Կիւմրի) մէջ լոյս աշխարհ եկաւ Արմէն Տիգրանեան, որ կոչուած էր՝ երաժշտական իր բնատուր ու մեծ տաղանդով, հայոց հոգեմտաւոր ժառանգութիւնը հարստացնելու «Անոյշ»ի եւ «Դաւիթ Բէկ»ի բարձրորակ արժէքով օփերային երաժըշտութեան գլուխգործոցներով, ինչպէս եւ «Սեւ Աչերէն»ի ու «Նուպար, Նուպար»ի օրինակով ժողովրդական սիրուած երգերով։
Բառին ազնուագոյն իմաստով մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնած մեծութիւն էր Արմէն Տիգրանեան։ 1900ականներուն արդէն հռչակի տիրացած էր իբրեւ հայ ժողովրդական երգի ու երաժշտութեան դասական հսկան՝ Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի անզուգական «Անոյշ»ը երաժշտականացնելով եւ, իր տեսակին մէջ, նոյնպէս անզուգական արուեստի բարձունք մը նուաճելով։
Արմէն Տիգրանեանի ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ խորհրդային կարգերու տակ, որոնց պարտադրած սնամէջ միջազգայնութեան հոսանքին նուազագոյն չափով տուրք վճարեց մեծ երաժիշտը... Խորհրդային պայմաններու մէջ անգամ Արմէն Տիգրանեան յաջողեցաւ ոչ միայն վերամշակել ու կատարելագործել «Անոյշ»ը, այլեւ՝ օգտուելով Երկրորդ Աշխարհամարտի սկզբնաւորութեան ազգային արժէքներու եւ մշակութային ակունքներու շղթայազերծման առջեւ խորհրդայիններու բացած կանաչ լոյսէն, հայ դասական երաժշտութեան նուիրաբերեց «Դաւիթ Բէկ»ը՝ անկրկնելի Րաֆֆիի համանուն պատմավէպի ներշնչումով։
Ա. Տիգրանեան Ալեքսանդրապոլի մէջ ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը։ 1894ին տեղափոխուած էր Թիֆլիս՝ հետեւելու համար երաժշտական բարձրագոյն ուսման։ 1902ին աւարտած էր Թիֆլիսի Երաժշտական Ուսումնարանի ֆլէյտայի եւ Ն.Ս.Կլենովսկիի անուան երաժշտութեան տեսութեան դասարանները։ Միաժամանակ՝ երաժշտական յօրինումի յատուկ դասեր առած էր հայ երաժշտութեան մեծ վարպետ Մ. Եկմալեանէն, որուն արժանաւոր յաջորդներէն եղաւ։
Արմէն Տիգրանեանի երաժշտական նկարագրի կազմաւորման եւ գեղարուեստական ճաշակի ձեւաւորման մէջ վճռորոշ դեր ունեցան Շիրակի շրջանի, յատկապէս Ալեքսանդրապոլի ժողովրդական երգն ու երաժշտութիւնը, հայ գուսանական երգերու առանձնայատկութեանց խոր ու ինքնատիպ ընկալումը։
Թիֆլիսի մէջ իր պատրաստութիւնը աւարտելով՝ Արմէն Տիգրանեան 1902ին Ալեքսանդրապոլ վերադարձաւ եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ երաժշտական գործունէութեան։ Կազմեց ժողովրդական քառաձայն երգչախումբ, եղաւ անոր տքնաջան խմբավարը եւ շուտով համերգներով հանդէս եկաւ ոչ միայն Ալեքսանդրապոլի, այլեւ՝ Կարսի, Թիֆլիսի եւ Պաքուի մէջ։ Սկզբնական այդ շրջանի իր մշակումները՝ «Հովերն առան սար ու դարեր», «Ախ իմ ճամբէն» եւ «Սեւ Աչերէն» երգերը, Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով (1903ին, 1906ին եւ 1907ին), ինչպէս նաեւ հայ ժողովրդական երգերու խմբերգային մշակումները անմիջապէս արժանացան լայն ժողովրդականութեան։
1908էն 1912, Ա. Տիգրանեան աշխատեցաւ «Անոյշ» օփերային վրայ, որմէ առանձին հատուածներ առաջին անգամ ներկայացուեցան 1908ին, Թիֆլիսի մէջ, իսկ ամբողջութիւնը բեմ հանուեցաւ, առաջին անգամ, 1912ի Օգոստոս 17ին, Ալեքսանդրապոլի մէջ, սիրողական ուժերով։ «Անոյշ»ը մեծ ընկալում գտաւ եւ ներկայացուեցաւ Ռուսաստանի ու Կովկասի կեդրոնական քաղաքներուն մէջ։
1913 ին Արմէն Տիգրանեան վերջնականապէս հաստատուեցաւ Թիֆլիս, ուր դարձաւ Հայ երաժշտական Ընկերութեան գործունեայ անդամը՝ միաժամանակ երգ ու երաժշտութիւն դասաւանդելով «Յովնանեան» վարժարանի մէջ։ Իր մշակած երգերէն կազմուած ծրագիրներով՝ համերգներ տուաւ։ նաեւ՝ նոր ստեղծագործութեանց վրայ աշխատեցաւ։ Այդ շրջանին մշակեց «Լէյլի եւ Մեճնուն» ողբերգութեան երաժշտաւորումը (աւարտած՝ 1915ին եւ բեմ հանուած 1918ին, Թիֆլիս), ինչպէս նաեւ «Արեւելեան Պար»ը՝ սիմֆոնիք երգչախումբի համար։
Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք, սկզբնական տարիներուն, Արմէն Տիգրանեան իր հերթին պարտադրուեցաւ օրուան իշխանութեանց պահանջին տուրք տուող շարքային ստեղծագործութիւններ հրապարակել։ Բայց արագ վերադարձաւ իր արմատներուն եւ ամբողջ թափով լծուեցաւ հայ երաժշտական արուեստի իր ուրոյն ոճը կատարելագործելու աշխատանքին։ Տարիներ տրամադրեց «Անոյշ»ի վերամշակումին, յաւելումներուն եւ նոր գործիքաւորումին։ Տարիներու վրայ երկարած այդ աշխատանքին արգասիքը գեղարուեստական ռումբի մը պայթումին տպաւորութիւնը գործեց 1935ի Մարտ 27ին, երբ խորհրդային կարգերու տակ առաջին անգամ ըլլալով բեմ հանուեցաւ Երեւանի Օփերայի եւ Պալէի Թատրոնին մէջ։ Նոյնպիսի յաջողութիւն գտաւ «Անոյշ»ը 1939ին, երբ «Հայ արուեստի եւ գրականութեան տասնօրեակ»ին առիթով բեմ հանուեցաւ խորհրդային մայրաքաղաքին մէջ ։
Արմէն Տիգրանեանի կարապի երգը եղաւ «Դաւիթ Բէկ»ը, որուն վրայ հայ մեծ երաժիշտը աշխատեցաւ 1941էն մինչեւ 1950։ Թէեւ «Դաւիթ Բէկ»ը աւարտուն տեսք ստացաւ հեղինակի մահուան նախօրեակին՝ 1949ին, բայց բեմ հանուեցաւ յետ մահու՝ 1959ին, երաժշտական խմբավար Գ. Բուդաղեանի խմբագրումով ու Լ. Խոջա¬էյնաթեանի գործիքաւորումով։ «Դաւիթ Բէկ» օփերան յաջողապէս մարմնաւորեց Արմէն Տիգրանեանի երաժշտական տասնամեակներու որոնումները եւ ինքնակատարելագործման ճիգերը՝ սեփական ժողովուրդի սրտին ու մտքին հասկնալի, հաղորդական եւ հոգեպարար լեզուն ու ոճը իր լրումին հասցնելով։
Ինչպէս որ երաժշտական քննադատները միաձայնութեամբ կը հաստատեն, Արմէն Տիգրանեան արժանաւորապէս բարձր գագաթ մը նուաճեց հայ երգի ու երաժշտութեան բազմադարեան ու հարուստ մշակոյթին մէջ։ Ստեղծեց իր ուրոյն ոճը, որ հայ ժողովրդական երգի ու երաժշտութեան դասականացումն էր՝ երգչախումբի համար նախատեսուած բաժիններով հարստացնելով հայկական օփերայի դասական ընկալումը։ Բայց մանաւանդ հայ ժողովուրդին սիրտն ու հոգին ջերմացնող մեծ արուեստի մը արարիչը դարձաւ Արմէն Տիգրանեան, որուն «Անոյշ»ը մինչեւ այսօր կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի ամէնէն սիրած ու հոգեհարազատ երաժշտական գլուխ¬գործոցը։
Արմէն Տիգրանեան վախճանեցաւ Թիֆլիս՝ 10 Փետրուար 1950ին։ Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Երեւան, ուր եւ իր յաւերժական հանգիստը գտաւ հայ ժողովրդական երգի ու երաժշտութեան դասական հսկան՝ սերունդներուն պատգամելով.¬
«Ինձ համար մի բան պարզ է, որ հայկական օպերան չպէտք է կրկնի եւրոպականը, պէտք է լինի ինքնատիպ, ազգային, ժողովրդին սիրելի եւ հասկանալի»:
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ
Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)