«Արդեօք յարուցեալ Քրիստոսին հետ ե՞նք, կը քալե՞նք իր ցոյց տուած ճամբէն»․ Արամ Ա-ի զատկական պատգամը
ՀասարակությունՆ․Ս․Օ․Տ․Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ․
ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵԶԻ ՀԵՏ՝
ՄԻՆՉԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆԸ
Աւետարանը կը պատմէ թէ Քրիստոս յարութիւն առնելէ ետք Գալիլիոյ մէջ աշակերտներուն երեւցաւ ու անոնց սրբազան առաքելութիւն մը յանձնեց՝ աշխարհ բերած իր արժէքները ու ճշմարտութիւնները քարոզելու եւ մարդիկ իրեն հետեւորդ դարձնելու, միաժամանակ վստահեցնելով, թէ "միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը" (Մտ 28.20)։
Յարուցեալ Քրիստոս խոստացաւ իրեն հաւատացողներուն հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհին վերջը, այլ խօսքով՝ մինչեւ իր երկրորդ գալուստը։ Արդ, Յարուցեալ Քրիստոս անցեալ չէ, այլ ներկայ։ Ան միշտ մեզի հետ է։
- Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ է՝ խաւարին մէջ կորսուած մարդուն լոյսը դառնալով։ Իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը Քրիստոս յայտարարեց. "ես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայ՝ խաւարի մէջ չմնայ" (Յհ 12.46)։ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին մեզ խաւարէն երկնային լոյսին առաջնորդեց եւ իր լոյսով շաղախեց մարդկային կեանքը ու մենք դարձանք "լոյսի որդիներ" (Ա.Թս 5.5) եւ "աշխարհի լոյսը" (Մտ 5.14)։
- Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ է՝ կեանքի փոթորիկին մէջ մնացած մարդուն յոյս ներշնչելով։ Դժուարութեան մատնուած մարդուն Քրիստոս ըսաւ՝ մի՛ վախնար, միայն հաւատայ։ Քրիստոսի յոյսով զօրացած Առաքեալներ կարեւորութեամբ շեշտեցին հաւատքով շաղախուած յոյսի հրամայականը քրիստոնեայի կեանքին մէջ։ Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղած իրենց հովուական թուղթերուն մէջ անոնք յիշեցուցին, որ "մեր յոյսը դրած ենք կենդանի Աստուծոյ վրայ" (Ա.Տմ 4.10), որովհետեւ "այս յոյսով էր որ փրկուեցանք" (Հռ 8.24), եւ հետեւաբար, "անխախտ պահենք այն յոյսը" (Եբր 10.23), որ "երբեք ամօթով չի ձգեր" (Յհ 5.5)։