Այս օրն է մահացել հայ գրականության հալածված, բռնադատված ու աքսորված սերնդի ներկայացուցիչ Գուրգեն Մահարին
Գիտություն և Մշակույթ
Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան արժէքաւոր դէմքերու փաղանգին մէջ իր ամրակուռ պատուանդանը նուաճած գրողն է Մահարի։
Տաղանդաւոր ձայնն է խորհրդահայ գրականութեան հիմնադիր սերունդին, որ ներբողանքի դրօշակիրը դարձաւ «կարմիր արեւ»ին՝ «Մուրճ ու Մանգաղ»ին, բայց որ ցմրուր ճաշակեց դառն ու ահաւոր բաժակը նոյնինքն խորհրդային «Չարիքի կայսրութեան» եւ այսպէս կոչուած «ստալինեան մաքրագործումներ»ուն...
Մահարի կրտսեր գործակիցն ու գաղափարակիցը եղաւ Չարենցի եւ Բակունցի, որոնք իրենց արեամբ վճարեցին ծանրագոյն գինը խորհրդային «այգաբաց»ին։ Մահարի իր կարգին հալածուեցաւ ու բռնադատուեցաւ, բայց Չեկայի բանտերուն մէջ ֆիզիքապէս չսպաննուեցաւ, այլ դատապարտուեցաւ ցմահ աքսորի... Այդուհանդերձ՝ գոյատեւեց եւ վերադարձաւ հայ գրականութեան, որպէսզի կարենայ վկայել խորհրդային «դրախտ»ի էութեան՝ հոգեբարոյական արհաւիրքին մասին։
Մահարի հաւատացողն էր, որ «Ամէն մէկի կեանքում պէտք է մի փոքր անձրեւային եղանակ լինի, որպէսզի յետոյ լաւ փայլատակի արեւը»: Իր ամբողջ գրականութիւնը կիզակէտ ունեցաւ այդ հաւատքն ու սպասումը։ Բայց յատկապէս անձնական իր կեանքին ու իր պաշտած ժողովուրդին ու հայրենիքին չար բախտէն, Մահարի ապրեցաւ ու վայելեց միայն կարճատեւ արեւոտ եղանակ, որովհետեւ շարունակ անձրեւ ու մշուշ, արիւն եւ ցաւ «տեղաց» իր ճամբու ընթացքին...
Գուրգէն Գրիգորի Աճէմեան ծնած էր 1903 թուականի Օգոստոս 1ին, Վան՝ Արեւմտահայաստանի պորտը հանդիսացող քաղաքին մէջ: Արեւմտահայու իր կազմաւորումը եւ մանկութեան ու պատանեկութեան իր յիշողութիւնները վճռորոշ նշանակութիւն ունեցան իր հետագայ կեանքին ու ստեղծագործական ուղիին համար։ Վանեցիի իր իւրայատուկ կազմաւորումով Մահարի մշակեց թէ՛ իր ազգային¬քաղաքական մտածողութիւնը, թէ՛ իր գեղարուեստական գրականութիւնը։ Պատահականօրէն չէր, որ Մահարիի արձակին մնայուն նուաճումները եղան իր «Մանկութիւն» (1929) եւ «Պատանեկութիւն» (1930), «Երիտասարդութեան սեմին» (1955) ու «Այրուող Այգեստաններ» (1966) գործերը, ուր մէկ կողմէ համով ու հոտով պատումն ու ստեղծագործական թարմ շունչը, իսկ միւս կողմէ դառն եւ թունաւոր տպաւորութիւններն ու համոզումները միշտ տիրապետեցին։ Թէեւ մինչեւ Առաջին Աշխարահամարտի բռնկումը, ինչպէս որ ինք կը վկայէ, Մահարի ապրեցաւ «քիչ թէ շատ անհոգ» մանկութիւն ու պատանեկութիւն, բայց այդ շրջանին իր ապրած թէ՛ անձնական, թէ՛ ազգային ողբերգական իրադարձութիւնները մինչեւ մահ ծանր մղձաւանջի մէջ պահեցին իր ողջ էութիւնը։ Մանաւանդ որ նախախորհրդային հայ իրականութեան ազգայինքաղաքական խմորումներուն՝ յատկապէս Դաշնակցութեան սերմանած ազատագրական եւ յեղափոխական արժէքներուն ու աւանդներուն հանդէպ անհաշտ հակադրութիւն մը շարունակ կրծեց Մահարիի գաղափարական էութիւնը, փոխարէնը անհիմն պաշտամունք մը զարգացնելով այսպէս կոչուած «խորհրդային դրախտ»ին նկատմամբ, որուն համար ծանրագոյն գին վճարեց՝ երկար տարիներ հայրենի հողէն ու հայ գրականութենէն զրկուած՝ հեռաւոր աքսորավայրերու մէջ ապրելով։
Մահարի գրչանունով անմահացած Գուրգէն Աճէմեանի գաղափարական աշխարհին անյաղթահարելի վէրքը եղաւ ու մնաց ընտանեկան ողբերգութիւն մը, որ պատահեցաւ իր մանկութեան տարիներուն։ Արմենական կուսակցութեան պատկանող հայրը սպաննուեցաւ իր սեփական մօրեղբօր կողմէ, որ դաշնակցական էր։ Մահարի մինչեւ մահ չկրցաւ հաշտուիլ այդ ողբերգութեան հետ եւ ամբողջ հայ ժողովուրդի անցած ուղին դիտեց ու արժեւորեց թունաւոր այդ հոգեվիճակով՝ միջ-կուսակցական վէճերով ու սուր հակադրութիւններով արատաւորել փորձելով հայ ազգային գաղափարաբանութեան անկորնչելի հարստութիւնը։
Եւ չափազանցութիւն պիտի չըլլայ այն ընդհանրացումը, որ Գուրգէն Մահարի գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը եղաւ մինչեւ մեր օրերը հայրենաբնակ հայութեան որոշ շերտերուն մէջ «վերապրող» հակակուսակցական եւ յատկապէս հակադաշնակցական գաղափարական մաղձին։
Կենսագիրները իրաւացիօրէն կը նշեն, որ Սիամանթոյով եւ Վարուժանով, Թէքէյեանով ու Մեծարենցով սնած ու գրականութեան փարած Մահարիի կեանքը հիմնովին գլխիվայր շրջուեցաւ, երբ պայթեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը։ Պատանիի զարհուրած աչքերով ան հետեւեցաւ ու սեփական մորթին վրայ զգաց ահաւորութիւնը թրքական հայատեացութեան, եւրոպական մեծ տէրութեանց դիւանագիտական կեղծիքին ու շահամոլութեան։ Տեսաւ մանաւանդ հերոսական խոյանքը սեփական ժողովուրդին, որ Վանի ինքնապաշտպանութեան օրինակով արեւուն տակ յաղթահասակ կանգնելու մեր ազգային արժանաւորութիւնը նուաճեց, բայց որովհետեւ քաղաքական իր ապագան կապած էր Ռուսաստանի հետ՝ ռուսական զօրքերու նահանջին հետ բիւրաւոր գաղթականներով անցաւ Արեւելահայաստան։ուրգէն Աճէմեան մեծ գաղթի ժամանակ կորսնցուց մայրն ու հարազատները. իր սերնդակիցներու մեծ մասին պէս պատսպարուեցաւ որբանոցներու մէջ։ Տարիներ ետք Մահարի վերագտաւ իր մօրը եւ հարազատներուն։ Իր մանկութեան այնքան պաշտելի «տատիկ»ը արդէն մահացած էր գաղթի ճամբուն վրայ։ Թէեւ Թիֆլիս, Ալեքսանդրապոլ թէ Երեւան, որբանոցներու մէջ, նախնական կրթութեան ու կտոր մը հացի եւ պնակ մը կերակուրի հնարաւորութիւնը ունեցաւ, բայց որբի կեանքը շատ ծանր տարաւ Մահարի, խոր դառնութիւն եւ անսահման ցասում ապրեցաւ, որոնք երիտասարդութեան սեմին կանգնած հայ որբին մղեցին դէպի պոլշեւիկեան «արեւածագ»ին ինքնախաբ պաշտամունքը։
Որբանոցի տարիներուն Մահարի ծանօթացաւ Չարենցին եւ ուղղակի իբրեւ ուսուցիչի կապուեցաւ անոր հետ։ 1922-ին լոյս ընծայեց բանաստեղծութիւններու իր առաջին հատորը՝ «Արտամետեան Գիշերներ» խորագրով։ Երկրորդ հատորը բանաստեղծութեանց՝ «Մրգահաս» խորագրով, լոյս տեսաւ 1932-ին, «Ձօն՝ Եղիշէ Չարենցին» ներածութեամբ։ Աւելի ուշ, աքսորէ վերադարձին, լոյս տեսան Մահարիի բանաստեղծական միւս ժողովածուները՝ «Ծովի Երգեր»ը, «Հնձաններ»ը, «Անդունդն Ի Վեր»ը, «Անանձնական»ն ու «Պոեմներ»ը: Բանաստեղծական իր գործերուն մէջ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին, մեծապէս զգալի են ոչ միայն արեւմտահայ գեղապաշտ սերունդին, այլեւ Տէրեանի ու Չարենցի ազդեցութիւնները։
Մահարիի գրական-գեղարուեստական եւ ազգային-գաղափարական հետագայ ուղիի հունաւորման մէջ մեծ եղաւ ազդեցութիւնը Ակսէլ Բակունցի։ Մահարի մեծ խանդավառութեամբ նետուեցաւ արձակագրութեան ասպարէզ եւ իրարու ետեւէ լոյս ընծայեց իր «Մանկութիւն» եւ «Պատանեկութիւն» գործերը, որոնք լայն ժողովրդականութիւն գտան եւ մեծ հռչակի արժանացուցին զինք: Բակունցի ներշնչումով՝ Մահարի իւրովի վերանայման ենթարկեց հայ ժողովուրդի մօտաւոր անցեալին վերաբերեալ իր տեսակէտները եւ սկսաւ վերարժեւորել ազգային-ազատագրական պայքարին գաղափարական աւանդները՝ համապատասխան թարմացման ենթարկելով իր ստեղծագործութիւնները։ Այդ հասունացումը բաւարար հիմք նկատուեցաւ խորհրդային իշխանութեանց համար, որպէսզի նաեւ Մահարիին ենթարկեն 1936-ի համատարած հալածանքին ու բռնադատութեանց։ Թէեւ մահապատիժ չստացաւ, բայց մինչեւ Ստալինի մահը աքսորի դատապարտուեցաւ նաեւ Մահարի։ Աքսորի մէջ ալ ամուսնացաւ լիթվացի Անտոնինայի հետ։ 1953-ին վերադարձաւ Երեւան՝ հիւծած ու քայքայուած առողջութեամբ։ Թափով վերսկսաւ ստեղծագործական աշխատանքի։ 1950-ականներու վերջերուն լոյս տեսաւ իր «Ծաղկած փշալարեր» վիպակը, որ աքսորի տարիներուն կը վերաբերի եւ իբրեւ «խորհրդային կուլակ»ի խորհրդանշած մարդկային ողբերգութեան ու գաղափարական արհաւիրքին նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն՝ իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ շուտով թարգմանուեցաւ ռուսերէնի,նուիրուած ցնցիչ գրականութիւն՝ իր տեսակին մէջ միջազգային մեծ արժէք կը ներկայացնէ. այդ պատճառով ալ արժանացաւ ռուսերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն թարգմանութեան։
Գուրգէն Մահարիի գրական ժառանգութեան մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւեն իր նամակները, որոնք երկար տարիներու վրայ գրուած են քսաներորդ դարու մեր գրականութեան մեծարժէք դէմքերուն եւ կը շօշափեն ոչ միայն հայ գրականութեան, այլեւ ազգային մեր կեանքին հրատապ խնդիրները։
Գուրգէն Մահարի վախճանեցաւ Յունիս 17-ին, 1969 թուին, Պալանգա (Լիթվա) եւ թաղուեցաւ Երեւան։
Ուշագրաւ է, որ Մահարի՝ այդքա՜ն բազմաչարչար կեանք ապրելով հանդերձ, խոր համոզումով տէր կանգնեցաւ իր կտրած ուղիին։ Ինչպէս որ իր ինքնակենսագրականի աւարտին կþընդգծէ.
«… Եթէ այս րոպէին ներս մտնէր ահեղ եւ ամենակարող Եհովան, նստէր իմ դիմաց, մի ծխախոտ վառէր եւ ասէր. Տալիս եմ քեզ երկրորդ կեանք, գծիր քո երկրորդ կեանքի ուղին օրօրոցից մինչեւ գերեզման, ինչպէս որ ցանկաս, եւ կը կատարուի քո կամքը… ինչպէ՞ս կþուզէիր ապրել։ Ես նրան կը պատասխանէի, առանց վարանելու - Ճիշտ այնպէս, ինչպէս ապրեցի»։
Միայն 66 տարի ապրած եւ մէկ կեանքի ընթացքին երկու անգամ արմատախիլ եղած՝ գաղթ ու աքսոր ճաշակած մեծարժէք հայ գրողի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս սիւնակը կþարժէ փակել «Նոյն Կարօտով» խորագիրը կրող եւ «Սիրելի Ակսէլին» վերտառութեամբ գրուած Մահարիի հետեւեալ բանաստեղծութեամբ.
Նոյն կարօտով ես նայում
Միչեւ հիմա իմ աչքին,
Ու իմ աչքերը հէնց քո
Կարօտներից սեւացան,
Հաւատացի ես մի օր
Քո անմարմին երազին,
Սեւ ցելերի սերմացան,
Սեւ ցելերի սերմնացան:
Սեւ ցելերի սերմնացան,
Հաւատում եմ եւ հիմա՝
Քո ցելերը սեւասեւ
Մի օր ոսկի կը դառնան,
Քո ցելերից երէկուայ
Միայն յուշեր կը մնան,
Եւ այդ յուշը կը հագնի,
Ա՜խ, այդ յուշն էլ կը հագնի
Սեւ ցելերից բարձրացած,
Կանաչներ գարնան...
Ու կը մնայ իմ հոգում,
Իմ սեղանին, իմ երգում
Մեր առաջին սիրոյ պէս
Քո կարօտը հերարձակ,
Կը նայեմ քո աչքերին
Ժպիտով ու աներկիւղ,
Սեւ ցելերի սերմնսցան,
Սեւ ցելերի սերմնացան...
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ
Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)