Կորուսեալ Հայն ու Հայաստանը վերագտնելու Զարթօնքի առաջին շեփորահարը
Գիտություն և Մշակույթ
Հիմի է՞լ լռենք, եղբայրք, հիմի է՞լ,
Երբ մեր թշնամին իր սուրն է դրել,
Իր օրհասական սուրը մեր կրծքին
Ականջ չի դնում մեր լաց ու կոծին:
Ասացէ՛ք, եղբայրք, հայեր, ի՞նչ անենք,
Հիմի է՞լ լռենք։Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին,
Դաւով, հրապուրքով տիրեց մեր երկրին,
Ջնջեց աշխարհից հայկայ անունը,
Հիմքից կործանեց Թորգոմայ տունը,
Խլեց մեզանից թագ, ե՛ւ խօսք, ե՛ւ զէնք,
Հիմի է՞լ լռենք:
Հիմի է՞լ լռենք, երբ մեր թշնամին,
Խլեց մեր սուրը - պաշտպան մեր անձին,
Մըշակի ձեռքիցն էլ խոփը խլեց,
Այդ սուր ու խոփից մեր շղթան կռեց։
Վա՜յ մեզ, շղթայով կապուած գերի ենք,
Հիմի է՞լ լռենք։
Աւազանի անունով Ռափայէլ Պատկանեան՝ Գամառ Քաթիպա եղաւ մեր ժողովուրդին ամէնէն հոգեհարազատ ու սրտամօտ բանաստեղծներէն մէկը, որ իբրեւ կորուսեալ Հայն ու Հայաստանը վերագտնելու, վերարժեւորելու եւ վերակենդանացնելու Զարթօնքին առաջին շեփորահարը անմահացաւ հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Յատկապէս «Արաքսի Արտասունքը» խորագրով իր բանաստեղծութեամբ՝ Գամառ Քաթիպա ամբողջ դարաշրջան մը բացաւ հայ ժողովուրդին առջեւ՝ արժանաւորապէս հանդիսանալով Հայու Տառապանքին անկեղծ երգիչն ու Պայծառ Գալիքին հաւատաւոր պատգամաբերը։
Դժուար է պատկերացնել ազգային շունչով կազմաւորուած հայ մարդ մը, որ խոր յուզումով չվերյիշէ մանկութեան իր տարիներուն սորված եւ, այնուհետեւ, անջնջելիօրէն իր ներաշխարհին մէջ պահպանած պարզունակ, բայց այնքան սրտառուչ եւ իմաստալի պատգամը «Արաքսի Արտասունքին»։ Գամառ Քաթիպա բացաւ սիրտը Հայաստան Աշխարհի եւ հայ ժողովուրդի խորհրդանիշ «մայր» Արաքս գետին, որ ամենայն պարզութեամբ ու խորութեամբ ողբաց կորուստը իր անցեալի կենսունակութեան ու հարստութեան, շէնութեան եւ փառքին՝ վերազարթնումի, վերականգնման ու վերանորոգման հրաւէրը ուղղելով իր զաւակներուն։
Ռափայէլ Պատկանեան ծնած էր Նոյեմբեր 8ին, 1830 թուականին, Նոր Նախիջեւանի (Ռոստով-Տոնի շրջան) մէջ։ Զաւակն էր հռչակաւոր մտաւորական, գրող եւ քահանայ Տէր Գաբրիէլ Պատկանեանի, որ հայկական վարժարան հիմնած էր Նոր Նախիջեւանի մէջ։ Սկզբնական իր կրթութիւնը հօր վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, Ռափայէլ 1843ին ղրկուեցաւ Մոսկուա եւ վեց տարի, մինչեւ 1849, ուսանեցաւ նորահաստատ Լազարեան ճեմարանին մէջ: Ուսուցիչ ունեցաւ մեծանուն մտաւորական, մանկավարժ եւ ազգային գործիչ Մկրտիչ Էմինը։
Լազարեանէն շրջանաւարտ՝ Ռափայէլ տեղափոխուեցաւ Թիֆլիս, ուր հայրը՝ Գաբրիէլ քահանան ստանձնած էր Ներսիսեան նորաբաց վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Ռափայէլ ուսուցիչի պաշտօն ստանձնեց Ներսիսեան վարժարանի մէջ եւ, միաժամանակ, սկսաւ իր գրած առաջին ոտանաւորները լոյս ընծայել այդ շրջանին հօր խմբագրած «Արարատ» շաբաթաթերթին մէջ։
Բայց ուսումի տենչը հանգիստ չտուաւ Ռ. Պատկանեանին։ Երկու տարի ետք, 1851ին, ան մեկնեցաւ Դորպատի համալսարանը՝ պատմագիտական եւ լեզուագիտական իր պատրաստութեան մէջ մասնագիտանալու նպատակով։ Բայց նիւթական դժուարութեանց հետեւանքով, ան միայն մէկ տարի կրցաւ մնալ Դորպատի մէջ եւ ստիպուած անցաւ Մոսկուա։
Ընդունուելով Մոսկուայի համալսարանը՝ Ռ. Պատկանեան մէկ կողմէ խորացուց իր պատրաստութիւնը պատմագիտութեան եւ լեզուագիտութեան մէջ, իսկ միւս կողմէ եռանդով նետուեցաւ հայ գրական-հասարակական կեանքի մէջ։ Այդ շրջանին էր, որ իր երկու մտերիմ ընկերներուն՝ Գէորգ Քանանեանի եւ Մնացական Թիմուրեանի հետ, Ռափայէլ Պատկանեան հիմը դրաւ գրական ընկերակցութեան մը՝ իրենց երեքին անուն-մականունին տառերէն կազմուած «Գամառ Քաթիպա» անունով։ Թէեւ կարճատեւ եղաւ ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ լուծարուեցաւ, բայց Ռափայէլ Պատկանեան շարունակեց իր ստեղծագործութիւնները ստորագրել Գամառ Քաթիպա եւ զայն դարձուց իր սեփական գրչանունը։
Մոսկուայէն, 1866ին, ան անցաւ Ս. Փեթերսպուրկ, որուն համալսարանին լեզուաբանութեան ճիւղը աւարտեց 1869ին եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ գրական գործունէութեան։ «Գամառ Քաթիպա» ընկերակցութեան անունով լոյս ընծայեց գրական պարբերագիրքերու շարք մը, ուր լոյս տեսան ատենի երիտասարդ հեղինակներու գործերը, յատկապէս իր ստեղծագործութիւնները։ Զարթօնքի Սերունդի եւ Աշխարհաբարի Շարժման տարիներն էին եւ «Գամառ Քաթիպա» ընկերակցութեան մէջ համախմբուած երիտասարդ հայ մտաւորականները պարզեցին դրօշը նորարարական շարժումի մը, որուն նշանաբանն էր՝ «Գրէ՛ այնպէս, ինչպէս որ խօսում ես. խօսէ՛ այնպէս, ինչպէս որ գրում ես»։ Այդ հանգանակով ալ շարժումը մեծ ներդրում ունեցաւ արեւելահայ աշխարհաբարի մշակման ու տարածման մէջ։
Ս. Փեթերսպուրկի մէջ իր ապրած տարիներուն ամուսնացաւ օտարուհիի մը՝ Օլկայի հետ, որ սակայն հայերէն սորվեցաւ եւ, ամուսնոյն կողքին, թարգմանական աշխատանք կատարեց։ Ռ. Պատկանեան 36 տարեկան էր, երբ կնոջ հետ վերադարձաւ իր ծննդավայրը՝ Նոր նախիջեւան, ուր նուիրուեցաւ ուսուցչութեան եւ գրականութեան։ Որոշ ժամանակ քաղաքի հայկական վարժարանին մէջ դասաւանդելէ ետք, հիմնեց իր սեփական մանկապարտէզը եւ հնարաւորութիւնը ստեղծեց իր ժամանակին մեծ մասը յատկացնելու գրական ստեղծագործութեան։
Ազգային մեր իրականութիւնը յուզող վէրքերն ու ցաւերը դարձան Գամառ Քաթիպայի գրականութեան առանցքը։ Հայ գեղջուկին թշուառութիւնն ու հայ պանդուխտին տառապանքը, ինչպէս նաեւ օտար լուծի տակ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած հարստահարումներն ու բռնութիւնները երգ դարձան Գամառ Քաթիպայի գրչին տակ՝ զինք դարձնելով Ազգային Բանաստեղծ։
Դժբախտաբար թոքախտը թոյլ չտուաւ, որ Ռ. Պատկանեան շարունակէ ստեղծագործել։ 62 տարեկանին, 26 Օգոստոս 1892ին, մեր կեանքէն վաղաժամ հեռացաւ ատենի հայ երիտասարդութեան ազգային-հայրենասիրական ապրումներուն եւ մղումներուն թռիչք տուած հայ բանաստեղծը։
Իր գրական ժառանգութեան մաս կը կազմեն առաջին ստեղծագործութիւնները խմբող «Պանդուխտ հայ ի Փարէզ»ը, «Առաւօտեան երգ շինակաց»ը, «Երեկոյեան երգ շինակաց»ը, «Հայոց գինի»ն, «Թիֆլիսի քէֆ»ը եւայլն։ «Ես նշանած էի», «Տիկինն ու Նաժիշտը», «Փառասէր»ը եւ այլ պատմուածքներ ու վիպակներ։ Նաեւ՝ «Անիի առումը» թատերական երկը։
Բայց յատկապէս «Արաքսի արտասունքը» եւ «Քաջ Վարդան Մամիկոնեանի մահը» ստեղծագործութեանց մէջ ի յայտ կու գայ Գամառ Քաթիպայի ազգային-հայրենասիրական յուզաշխարհը։
Բացի բազմաթիւ իր երկարաշունչ բանաստեղծութիւններէն, կարճ քերթուածներէն եւ պատմուածքներէն, Ռափայէլ Պատկանեան ունի նաեւ երգիծական էջեր, գրուած Նոր Նախիջեւանի հայոց բարբառով։
Իր ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այսօրուան էջը եւս կ'արժէ եզրափակել Գամառ Քաթիպայի ազգային պատգամով՝
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Վերջ տար հայի ցաւերին,
Չարը կորչէր ու բարին
Բուն դնէր մեր սրտերին:
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Ազատ շնչէր Հայաստան,
Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին
Փայլէին վարդ-անդաստան:
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Հայ ազգ ի մի գումարուէր,
Ի գլուխ Կարնոյ հայ ամրին
Հայի դրօշակ ծածանէր:
Երնէկ, թէ այս նոր տարին
Ոտքի կանգնէր Հայաստան,
Եւ կիսաքանդ մեր Կարին
Լինէր քաղաք մեր ոստան:
Հայեր, երբեք չերկմտիք,
Կը կատարուի այդ ամէն,
Եթէ իսպառ մենք հանենք
Փոքրոգութիւն մեր սրտէն:
Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ
Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն


















































Ամենադիտված
Ինչպիսի տեսք ունի բլոգեր Նինա Տիտանյանը՝ 30 կգ նիհարելուց հետո (լուսանկարներ)