Տեր Աստուած, պահպանէ Հայաստան Հայրենիքը, անառիկ պահէ սահմանները․ Հայրապետական մաղթանք՝ Մայրավանքում
ՔաղաքականՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ.
«21 Սեպտեմբեր 1991-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը հռչակեց իր անկախութիւնը՝ ձերբազատելով Խորհրդային Միութեան անդամակցութենէն։ Արդարեւ, ամէն տարուան Սեպտեմբերի 21-ին հայ ազգը հպարտութեամբ կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը։
Արդարեւ, Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2024-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք (գոհաբանական աղօթք)՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33-րդ տարեդարձին առիթով։ Միաբան հայրեր եւ հաւատացեալներ միասնաբար աղօթք վերառաքեցին առ Աստուած, որ պահպանէ Հայաստան Հայրենիքը, անառիկ պահէ անոր սահմանները եւ հզօր ու անսասան՝ հայոց բանակը։ Այս առիթով նաեւ կատարուեցաւ Հայաստանի դրօշի՝ եռագոյնի օրհնութիւն։
Գոհաբանական աղօթքէն ետք պատարագիչ հայր սուրբը՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան ընթերցեց Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին հայրապետական պատգամը՝ հրապարակուած Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով։ Արդարեւ, նախքան հայրապետական պատգամի ընթերցումը, հայր սուրբը ըսաւ, որ մեր եկեղեցին ըլլալով ազգային եկեղեցի, եկեղեցական տօներուն առընթեր նաեւ ունի ազգային-եկեղեցական տօներ, որոնք իրենց մէջ կը պարփակեն մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին հոգեւոր ու բարոյական արժէքները, բարքերը ու սրբազան աւանդոութիւնները։ Ապա, հայր Յովակիմ կարդաց հայրապետական պատգամը։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ յատկապէս ընդգծած է. «Մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի անկախութեան համար պայքարեցանք, ստեղծագործեցինք, նոյնիսկ արիւն թափեցինք այն խոր գիտակցութեամբ, որ անկախութիւնը Աստուածատուր իրաւունք է եւ, հետեւաբար, սրբազան արժէք է եւ անոր անվթար պահպանումը ու պաշտպանութիւնը պարտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր հայու։ ... Այսօր, երբ կը նշենք անկախութիւնը Հայաստանի, հարկ է անդրադառնալ, թէ ի՞նչ է մեր պարտաւորութիւնը ու իրաւունքը անոր նկատմամբ։ Այսօ՛ր մանաւանդ, երբ կը նայինք անկախ Հայաստանին, կ՚անդրադառնանք, որ ան ահաւոր տագնապներով է շրջապատուած, ներքին թէ արտաքին, հեռաւոր թէ մօտաւոր»։
Խօսելով ընդհանրապէս եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան մասին մեր ազգի կեանքին մէջ՝ Հայրապետը ըսած է. «Եկեղեցին բոլոր ազգերու կեանքին մէջ միշտ եղած է անկախութեան կողքին՝ զայն նկատելով իր առաքելութեան էական տարածքներէն մէկը։ Այսպէս եղած է մանաւանդ հայ եկեղեցին մեր ազգի պատմութեան ընթացքին՝ գործնապէս արտայայտելով իր ամուր կեցուածքը այն բոլոր փորձերուն նկատմամբ, որոնք կրնային խաթարել Հայրենիքին անկախութիւնը։ ... Մեր ժողովուրդին միասնակամութիւնը համահայկական օրակարգի մը շուրջ՝ ոյժերու համախմբումով եւ մեր հաւաքական վճռակամութեան ամրացումով աւելի քան հրամայական է մեր պատմութեան վճռադրոշմ այս հանգրուանին»։
«Ա՛յս է պատգամը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին» ըսելով՝ Հայրապետը եզրափակած է իր պատգամը։»: