«Կիրակի, 19 Հոկտեմբեր 2025-ի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, նուիրուած Արամ Ա. Վեհափառի գահակալութեան 30-ամեակին։ Հանդիսութիւնը կը վայելէր ներկայութիւնը ՆՍՕՏՏ Արամ Վեհափառ Հայրապետին՝ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի՝ Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմին, Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի՝ Առաջնորդ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմին, հոգեւոր հայրերու, Լիբանանի հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեանի, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին, ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչին, ազգային-եկեղեցական մարմիններու եւ հոգաբարձական կազմերու ներկայացուցիչներու, Հայ Օգնութեան միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ Թորոնթոհայ համայնքի միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Շքանշանակիրներու, Ազգային պատգամաւորներու, երեսփոխաններու եւ հոծ բազմութեան։
Հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան որ ըսաւ. «Երեք տասնամեակ առաջ, հայ ազգիս կամքով, հայրապետական Կիլիկեան դարաւոր Սուրբ աթոռի գահին ծառայելու համար, ընտրուեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Վեհափա՜ռը: Իր 30-ամեայ գահակալութեամբ, Սուրբ աթոռը եւ Սուրբ աթոռին ընդմէջէն Անթիլիասական դիմագիծը փառաւորուեցաւ, եւ հովուապետական գաւազանը ծաղկեցաւ Արամ Ա Վեհափառի եկեղեցասիրութեամբ եւ նուիրումով, նախանձախնդրութեամբ, աներկիւղ կամքով, ազգային ու հոգեւոր կեանքի բարեզարդումով եւ մշտարթուն հովուութեամբ:
«Այո հովուութեամբ եւ ղեկավարութեամբ, որ ակնյայտ է մանաւանդ այս օրերուն, երբ մեր հայրենիքին մէջ եկեղեցականներ կը ձերբակալուին եւ հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին կ’ենթարկուի նուաստացումի: Նորին Սրբութիւնը Գանատա հովուապետական իր այցելութեան մէջն իսկ, կրկին անգամ դատապարտեց այս անընդունելի երեւոյթը եւ յանձինս Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանին, իր մտահոգութիւնն ու դատապարտումը փոխանցեց նոյնիսկ ՀՀ-ի վարչապետի աթոռը զբաղեցնողին։ Վեհափառ Հայրապետին մօտեցումը այն էր, որ պետութիւն-եկեղեցի ներկայ վատառողջ վիճակը պէտք է վերջ գտնէ անյապաղ, եւ մեր ազգին ու հայրենիքին գերագոյն շահերը կը պահանջեն, որ մեր ազգի երկու կարեւոր սիւներուն՝ պետութեան ու եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը ըլլայ սերտ ու ամուր։
«Սակայն այս հանդիպումը եւ մօտեցումը, հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ հանրութեան ներկայացուեցաւ այնքան արագ եւ որպէս թէ այդ հանդիպումով Վեհափառ Տէրը բարեմաղթանք եւ օրհնութիւն էր, որ կը փոխանցէր վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձնաւորութեան:
«Ներկայացուածը խեղաթիւրուած իրականութիւն մըն էր, ապատեղեկատուութիւն, յարիր այս վարչախումբին, որ խստօրէն անհանգստացուց հայ ազգային կեանքը, վիրաւորեց մեր ազգային ոգին ու տեղի տուաւ անտեղի իրարանցումի, անհիմն ու անտեղի մեկանաբանութիւններու: Ահա այսպէս է, որ հայրենի իշխանութիւնները կը միտին պառակտել ազգս: Բայց մենք ծուղակը չենք իյնար»: Հանդիսավար Գուլաճեան շեշտեց հետեւեալ կէտերը ըսելով. «Յստակ ըլլալու է բոլորիս, թէ՝
– Անկարելի է, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրհնութիւն փոխանցէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողին եւ հայոց պատմութիւնը Հայաստանի պատմութեան վերածողին:
– Անկարելի է, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրհնութիւն փոխանցէ Արցախն ու հայրենի հողերը թշնամիին ծախողին եւ 5000 լուսաւոր տղոց գերեզման ուղարկողին:
– Անկարելի է, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրհնութիւն փոխանցէ այսպէս կոչուած խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրողին եւ դարաւոր թշնամիին ձեռքը սեղմողին:
– Անկարելի է, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրհնութիւն փոխանցէ իր հոգեւոր եղբայրները անպատուող ու հայոց եկեղեցին նսեմացնողին:
«Մենք միասնակամ ենք այս իշխանութեան արարքները դատապարտելու աշխատանքին մէջ՝ առանց բացառութիւններու։ Բոլորս կը գիտակցինք, որ այս վարչախումբին հետ իւրաքանչիւր արարք եւ արտայայտութիւն, որքան ալ շինարար ու բարեացակամ միտումով ըլլան, սխալ ու վտանգաւոր մեկնաբանութիւններու տեղի կրնան տալ եւ առ այդ ըլլալու ենք զգօն:
«Վեհափառ Տէրը Մոնթրէալի եկեղեցական կանոնական արարողութեան ընթացքին ըսաւ. «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, մնայունը մոռնալով գնայունին չկառչինք»: Սիրելիներ, հայրենի՛քն է մնայունը, այս վարչախումբը՝ գնայունն է, ան արժանանալու չէ որեւէ ուշադրութեան, եւ անոր հետ պայմանաւորուելու ամէն փորձ խիստ վտանգաւոր է»: Գուլաճեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Վեկափառ Տէր, շնորհակալութիւն ձեր հովուութեան ու ղեկավարութեան համար:
Վեհափառ Հայրապետը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Ամեակներու մէջ չսահմանափակուինք, այլ քալենք յառաջ, հաւատքով, տեսիլքով ու միասնաբար համախմբուինք մեր արժէքներուն շուրջ ու քալենք յառաջ, նոր տեսլականով եւ նոր միջոցառումներով»: