Արեգակի վրա ուժգին բռնկում է գրանցվել Ռուսաստանը երկարաձգել է բենզինի և դիզելային վառելիքի արտահանման արգելքը Գազայի հատվածում զոհվածների թիվը գերազանցել է 71 հազարը Հայաստանը շարունակել է հայկական մշակութային ժառանգության հանրահռչակումը ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ում․ ԱԳՆ 2025-ի այցերի կարևոր բաղադրիչ են եղել փորձագիտական շրջանակների ներկայացուցիչների հետ քննարկումները Փաստաբան Լևոն Բաղդասարյանը «Եվրոմեդիա24»–ի կողմից արժանացել է «Արդարության պահապան» մրցանակին (տեսանյութ) Ավտովթար՝ Գեղարքունիքի մարզում․ «Toyota»-ն դուրս է եկել երթևեկելի գոտուց և հայտնվել ծառերի մեջ 28-ամյա երիտասարդը 320 000-ի մետաղադրամներ է գողացել ավտոլվացման կետից Վաղը կմատուցվի տարվա վերջին Սուրբ Պատարագը․ մտածեք՝ որքան մոտեցաք Աստծուն. Հայր Զաքարիա Առողջապահական ապահովագրությունը ներդել են, բայց մարդիկիկ չգիտեն՝ ինչ են անելու հունվարի 1-ից (տեսանյութ) Գյումրիում կրակել են հայտնի դաջվածքներ անողի աչքին. վարույթ է նախաձեռնվել Գեղարքունիքի մարզի դպրոցներից մեկում ուսուցչուհին հոգեբանական բռնության է ենթարկել աշակերտուհուն 

Ցարական արքունիքի հայ բժիշկը, որ հայտնագործեց և աշխարհով մեկ տարածեց Սայաթ-Նովայի հանճարեղ երգը

Գիտություն և Մշակույթ

Մասնագիտական պատրաստութեամբ փայլուն բժիշկ եւ գաղափարական աշխարհով ժողովուրդի լայն խաւերուն նուիրուած բարեգործ ու հասարակական անձնուէր գործիչ էր Գէորգ Ախվէրտեանց, որ միաժամանակ հմուտ բանասէրի, հայ բարբառագիտութեան հիմնադիրի եւ, յատկապէս, Սայաթ-Նովայի մեծարժէք ժառանգութեան առաջին հաւաքողի եւ վերծանողի իր վաստակով՝ անմահութեան իրաւունք նուաճեց հայոց մեծերու համաստեղութեան մէջ։

19րդ դարու սկիզբի տարիներէն սկսեալ, մեր ժողովուրդին պատմութիւնը սերտօրէն կապուեցաւ ռուս ժողովուրդի ճակատագրին հետ։ Վերջին երկու դարերուն հայ ժողովուրդի ապրած ե՛ւ լուսաւոր, ե՛ւ սեւ ու մութ օրերը այս կամ այն առումով առնչուած են Ռուսաստանի, յատկապէս ռուս քաղաքական մտքի զարգացումներուն։

Իսկ Գէորգ Ախվէրտեանց եղաւ առաջին ծիծեռնակներէն մէկը, որ գործեց եւ յաջողութիւններու հասաւ ռուսական միջավայրի մէջ՝ հայկական տաղանդին եւ արժանաւորութեան ճառագայթող ներկայութիւն մը դառնալով։ Ան կրցաւ, ռուս պետական-ցարական, քաղաքական-մտաւորական, գրական թէ մշակութային շրջանակներուն հետ իր սերտ կապերով, բարձրացնել Հայաստանի գրաւած տեղն ու հայ ժողովուրդին վայելած վարկն ու վստահութիւնը ռուս ժողովուրդին մօտ։

Ընդհանրապէս հռչակուած իբրեւ առաջին կենսագիրը եւ արժեւորողը մեծանուն հայ աշուղ-բանաստեղծ Սայաթ-Նովայի՝ բանասէր, բժիշկ եւ տնտեսագէտ Գէորգ Ախվէրտեանց ծնած էր 1818ին, Թիֆլիս բնակող ու ցարական բանակին մէջ յաջողակ հայ սպայի մը ընտանեկան յարկին տակ: 1834ին աւարտած էր Լազարեան ճեմարանը, իսկ 1839ին՝ Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժինը:

Ուսման աւարտէն անմիջապէս ետք երիտասարդ բժիշկը վերադարձաւ Թիֆլիս եւ, 1839-42 թուականներուն, ամբողջ Կովկասի տարածքին, անխոնջ աշխատանքի լծուեցաւ եւ լայն ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ իբրեւ զինուորական փայլուն բժիշկ: Բժշկական ասպարեզէն ներս իր ձեռք բերած հեղինակութեան ու մասնագիտական հմտութեան համար, Կովկասի փոխարքան Ախվէրտեանցին իբրեւ ընկերակից ու խորհրդական յանձնարարեց Ցարական Կայսրութեան ռազմական նախարար կոմս Ա. Չերնիշովին, երբ 1842ին նախարարը շրջանը այցելեց՝ Կովկասի տարածքին ռազմա-ուսումնասիրական շրջագայութեան մը համար։ Կոմս Ա. Չերնիշով խորապէս տպաւորուեցաւ իրեն նաեւ անձնական բժիշկ եղած Ախվէրտեանցի թէ՛ մասնագիտական հմտութենէն, թէ՛ մտաւորական հարուստ պաշարէն եւ թէ մարդկային ազնուական նկարագրէն: Շրջագայութեան աւարտին նախարարը փափաքեցաւ իր հետ Ս. Փեթերսպուրկ տանիլ հայ երիտասարդ բժիշկը՝ անոր խոստանալով Գերմանիա ուղարկել բժշկական բարձրագոյն մասնագիտացման համար։

Թէեւ Գերմանիա ուսանելու այդ խոստումը բնաւ չիրականացաւ, այսուհանդերձ՝ Փեթերսպուրկի մէջ իր կեցութեան չորս տարիները լայն հորիզոններու բացին Ախվէրտեանցի թէ՛ գիտական պատրաստութիւնն ու բժշկական փորձառութիւնը, թէ՛ գրական-մտաւորական հետաքրքրութեանց ու ծանօթութեանց շրջանակը, թէ՛ ժողովրդային ծառայութեան մէջ իր գերագոյն բաւարարութիւնը գտնող հասարակական գործիչի իր ներաշխարհը։ Բայց հայրենի կարօտը ետ Թիֆլիս կը կանչէր զինք եւ 1847ին, երբ այլեւս վերջնականապէս փակուած նկատեց Գերմանիա երթալու եւ մասնագիտանալու խոստումին իրականացման յոյսը, Ախվէրտեանց վերադարձաւ Թիֆլիս։ Նախ բժիշկի պաշտօնավարութեան կոչուեցաւ փոխարքայի գրասենեակին մէջ, ապա՝ նշանակուեցաւ սպանդանոցային մաքսատան գործերու վարչութեան աւագ աստիճանաւոր՝ զօրավարի կոչումով:

Ինչպէս որ իր կենսագիրները կը հաստատեն, Գէորգ Ախվէրտեանց բազմակողմանի ունակութիւններով օժտուած եւ ամենատարբեր հետաքրքրություններ ունեցող հանրագիտակ անձնաւորութիւն մըն էր։ Հետեւաբար, բժշկական իր ասպարէզին կողքին, ան ամբողջապէս նուիրուեցաւ հայրենի կեանքին, սեփական ժողովուրդին, հայ մշակոյթին եւ գրականութեան գիտական ուսումնասիրութեան՝ անգնահատելի ծառայութիւններ կապելով իր անունին բանասիրութեան, բարբառագիտութեան եւ պատմագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ Ախվէրտեանցի կը պարտինք յայտնաբերումը հին Հայաստանի նախարարական տուներուն եւ նախարարներուն պատուաստիճաններու ցուցակին‘ Գահնամակին:

Յատկապէս հայոց ժողովրդական երգերը հաւաքելու, հրատարակելու եւ աշխարհին ծանօթացնելու մտածումը հանգիստ չէր տար Ախվերտեանցին: Իր ջանքերով հաւաքուեցան Կովկաս ապրող հայ-թուրք-վրացի աշուղներու գրաւոր ու բանաւոր խաղերը: Արդէն պատրաստ էր հրատարակելու աշուղական խաղերը, երբ Ախվէրտեանց յայտնագործեց Սայաթ¬Նովայի «Տաֆթարը» (տետրակը)։ Անմիջապէս յետաձգեց հայ միւս աշուղներու գործերուն հրատարակութեան գործը եւ լծուեցաւ բացառապէս Սայաթ-Նովայի երգերուն բանահաւաքման, ստուգման եւ վերծանման շատ ժամանակ խլող եւ մաշեցնող աշխատանքին։

Այդ շրջանի իր փնտռտուքներուն եւ ուսումնասիրութեանց մասին Ախվէրտեանց հետեւեալը կը գրէր իր առաջին ուսուցիչներէն եւ հետագայի մտերիմներէն Մկրտիչ Էմինին. «Ինձ մօտ հաւաքուել են անուանի քամանչիստ Սայաթ-Նովայի 45 կամ 50 երգերը եւ ցանկանում եմ զանոնք հրատարակել Թիֆլիսի բարբառով. նրա երգերում այնքան տեղական կոլորիտ կայ, որ սքանչելի է»։

Ամբողջ երեք տարի Ախվէրտեանց ամէն ջանք թափեց՝ վերծանելու համար «Տաֆթար»ի դժուար ընթեռնելի վրացատառ հայերէն, հայատառ թուրքերէն, վրացերէն գրուած տաղերը: Ապա գրեց ընդարձակ առաջաբան մը եւ պատրաստեց ծանօթագրութիւնը իւրաքանչիւր երգի. կազմեց նաեւ անհասկանալի բառերու բառարանը:

Երկար կեանք չունեցաւ Գէորգ Ախվէրտեանց։ Հազիւ 43 տարեկան էր, երբ 17 Նոյեմբեր 1861ին վախճանեցաւ։

Իր ծննդեան 194րդ տարեդարձին նուիրուած այս հակիրճ վկայութեան կողքին, Գէորգ Ախվէրտեանց մարդը, բժիշկը եւ հասարակական գործիչը աւելի մօտէն ծանօթացնելու նպատակով, արեւմտահայերէնով կը ներկայացնենք 1963ին, Սայաթ-Նովայի ծննդեան 275ամեակին առիթով, Երեւան լոյս տեսած եւ արժանաւոր այս հայուն կեանքն ու գործը ներկայացնող Ա. Աւետիսեանի մենագրութենէն հատուածներ։

Յուշատետր - Գէորգ Ախվերդեան
(հատուած) Ա. Աւետիսեան

XIX դարու առաջին կէսի մշակոյթի նշանաւոր դէմքերէն բժիշկ Գէորգ Ախվերդեանը։

Ըլլալով ժամանակի ամենակրթուած եւ բազմակողմանիօրէն զարգացած անձնաւորութիւններէն մէկը, ան մեծ գործունէութիւն ծաւալած է հայ իրականութեան մէջ‘ պայքարելով ժամանակի յառաջաւոր գաղափարներու համար։ Յատկապէս մեծ է Ախվերդեանի վաստակը սայաթնովագիտության ասպարէզին մէջ։ Մեր մէջ ան հանդիսացաւ հայ գուսանական գրականութեան խոշոր մասնագէտն ու գիտակը՝ կորուստէ փրկելով հայ գուսանական գրականութեան եւ երգերու շատ նմոյշներ։

Ախվերդեան միաժամանակ նշանաւոր հասարակական գործիչ էր, համքարական (արհեստակցական) շարժման ակնառու գաղափարախօսներէն մէկը։ Հիւմանիսթ (մարդասէր) բժիշկը իր ողջ կեանքի ընթացքին միշտ կանգուն մնաց ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեան դիրքերուն վրայ։

...Ուսանած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի, ապա Մոսկուայի համալսարանի բժշկական բաժանմունքին մէջ, ուր աչքի ինկած է իր արտակարգ ընդունակութիւններով ու յառաջդիմութեամբ։ Տակաւին համալսարանի երկրորդ կարգին մէջ իր գրած աշխատասիրութեան համար Ախվերդեան հանդիսաւորապէս ստացած է աւարտական կարգի յառաջադէմ ուսանողներուն համար նախատեսուած մրցանակը՝ ոսկէ մետալը։

Համալսարանի մէջ ուսանելու ժամանակէն իսկ Ախվերդեան հետաքրքրութիւն ցոյց տուած է ոչ միայն մարդու մարմնակազմութեան (անաթոմիի) ու բնակազմութեան (ֆիզիոլոճիի), այլեւ գրականութեան, արուեստի ու փիլիսոփայութեան հարցերու հանդէպ։ Ան իր ձեռքին տակ ունէր Հոմերոսի, Օվիտիոսի, Հիփոկրաթոսի, Ժագոթոյի ստեղծագործութիւնները, զորս կը կարդար բնագրէն։ Համալսարանի մէջ կը դրսեւորուին Ախվերդեանի մարդկային լաւագոյն յատկանիշները։

1839 թուականին Ախվերդեան փայլուն կերպով կ'աւարտէ համալսարանի բժշկական բաժանմունքը եւ կը ստանայ առաջին կարգի վկայական: Իր փափաքով եւ հոգեկան կրակով՝ Ախվերդեան իր հայրենիքին մէջ կը նուիրուի Ժողովուրդի առողջապահութեան գործին եւ, քաղաքացիական ծառայութեան մարզին մէջ ազատ տեղի չգոյութեան պատճառով, աշխատանքի կ'անցնի Զինուորական Հիւանդանոցին մէջ։ Սէրը՝ դէպի ընտրած գործն ու աշխատանքը, հոգատար ու զգայուն վերաբերմունքը՝ դէպի մարդը, կարճ ժամանակի միջոցին, զինք սիրելի կը դարձնեն բոլորին։ Ախվերդեանին կը սկսին ճանչնալ ոչ միայն Կովկասի մէջ, այլեւ՝ անոր սահմաններէն դուրս։

Ախվերդեան իր որոշակի հասկացողութիւնները ունէր բժիշկի կոչումին մասին եւ կը գտնէր, որ բժիշկը պէտք է օժտուած ըլլայ բարոյական բարձր արժանիքներով, որպէսզի կարենայ շահիլ հանրութեսն վստահութիւնն ու համակրանքը։ Ան համոզուած էր, որ բժշկութիւնը պէտք է դաոնայ կրօն, սրբութիւն.- «Երբ բժշկութիւնը կրօն չի դաոնար, ապա դա անմխիթար, ամենատաժանելի, ամենա-անշնորհակալ մասնագիտութիւնն է աշխարհի մէջ»։ Բժիշկներուն համարելով մարդկութեան գաղտնիքներուն հաւատարմատարը, ան կը պահանջէր անոնցմէ բարձր առաքինութիւններ. Հոգատարութիւն՝ դէպի մարդը, սրտցաւ վերաբերմունք՝ դէպի տառապեալը։ Ախվերդեան մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերէր իր կոչումին հետ եւ ողջ կեանքի ընթացքին ալ առաջնորդուեցաւ այդ սկգբունքով։

Եւ այսպէս, կ'անցնէին երիտասարդ բժիշկի կեանքի օրերր, երբ տեղի ունեցաւ անսպասելին։ 1842ին Ռուսական Կայսրութեան ռազմական
նախարար Ա. Չեռնիշովը, Կովկասը ուսումնասիրելու նպատակով, Փեթերսպուրկէն կու գայ Վրաստան՝ Թիֆլիս։ Կովկասի կառավարիչ Գոլովինի խնդրանքով՝ Ախվերդեան կþընկերանայ նախարարին եւ անոր հետ կը շրջի ամբողջ Կովկասը։ Երիտասարդ բժիշկր կը զարմացնէ եւ միաժամանակ հիացմունք կը պատճառէ Չեոնիշովին՝ իր խելքով եւ կեանքի իմացութեամբ: Նախարարը կը համոզուի, որ գործ ունի բանիմաց, վերին աստիճանի կրթուած մարդու մը հետ, որուն մուտքը արքունիք կրնար պատիւ բերել իրեն։

Չեռնիշովի առաջարկութեամբ՝ 1842ի Օգոստոսին Ախվերդեան կը տեղափոխուի Փեթերսպուրկ եւ կարճ ժամանակ յետոյ կը դաոնայ նախարարին անձնական բժիշկը։ Չեռնիշովը շէր սխալած։ Ախվերդեան կ'արժանանայ շրջապատի մարդոց համակրանքին ու բարձր շրջանակներու ուշադրութեան։ Իսկ 21ամեայ երիտասարդ բժիշկին Ռուսաստան մեկնելու նպատակն էր կատարելագործուիլ բժշկութեան մէջ, գրել աւարտաճառ։ Նախարարը անոր կը խոստանայ երկու տարիով ուղարկել Գերմանիա՝ կատարելագործումի համար։

Փեթերսպուրկի մէջ Ախվերդեան կր յաճախէ բժշկական ակադեմիա՝ քննութիւններ յանձնելու։ Խանդավաոուած ապագայի յոյսով, ան թուղթին կը յանձնէ իր մտքերը, միաժամանակ կը կարդայ ռուս եւ համաշխարհային գրականութեան գլուխ-գործոցները։ Կը մասնակցի Փեթերսպուրկի մշակութային կեանքին, կապեր կը հաստատէ մայրաքաղաքի առաջաւոր մտաւորականութեան հետ։ Միաժամանակ կը յաճախէ ցամաքային զօրքերու երկրորդ հիւանդանոցը՝ վիրաբուժութեան մէջ մասնագիտանալու համար։

Ախվերդեանի երազանքը՝ ծառայելու գիտութեան, չ'իրագործուիր։ Չի կարենար ամբողջացնել իր աւարտաճառը։ Նախարարը զինք կը ծանրաբեռնէ իր կոչումին անհամապատասխան յանձնարարություններով եւ չի կատարեր Ախվերդեանին Գերմանիա ուղարկելու իր խոստումը։ Յուսախաբ բժիշկը, վիրաւորանքը պահելով նախարարէն, կը սկսի տխրիլ, թախիծը կ'ուղեկցի իրեն օր ու գիշեր։ Կ'անցնին սպասումներով լի շորս տարիներ։ Ախվերդեան կը զղջայ, սխալ կը նկատէ հայրենիքէն իր հեռանալը, սակայն փեթերսպուրկեան այդ չորս տարիները մեծ նշանակութիւն ունեցան անոր կեանքին մէջ։ Մէկ կողմէ շփումը ռուս առաջաւոր մտաւորականութեան հետ, իսկ միւս կողմէ՝ յաճախակի հանդիպումները Փեթերսպուրկէն ոչ շատ հեռու՝ Ելիզավետինոյի շրջակայքը ապրող ճորտ ու անազատ գիւղացիութեան հետ, որոնց ան կը բուժէր անվարձ, նոր բովանդակութիւն կու տան անոր ժողովրդասիրութեան եւ հայրենասիրութեան։

Փեթերսպուրկի մէջ ապրած տարիներուն, ԱԽվերդեան իբրեւ բժիշկ բազմիցս հրաւիրուած է ագարակներն ու կալուածքները՝ բուժելու համար ճորտ, իրաւազուրկ գիւղացիները։ Անոնց հետ շփումը պատճառ հանդիսացաւ աւելի մօտէն ծանօթանալու այդ պարզ, հիւրասէր, բարեսիրտ, իրենց դառն քրտինքով ապրող մարդոց հետ, որոնց մասին այնքան յաճախ նշում կատարած է իր մտերիմներուն գրած նամակներուն մէջ։ Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէ Ախվերդեան՝ գիւղացիներուն ցոյց տուած օգնութեան մասին.- «Յամենայն ՛դէպս ես օգտւում եմ. շատ մեծ սիրով, փորձուած ու բարեսիրտ բժիշկի համբաւով լեցուցած եմ ամբողջ Ելիզավետինոյի մերձակայքը՝ 20 վերստ տարածութեամբ։ Ամէն առաւօտ տանս դուռը բռնուած Է հիւանդներով. «ո՞ւր է հապա Եուրի Ֆէոտորովիչը»։ Ո՞ւր ալ կանչեն, ե՞րբ ալ կանչեն, միշտ ամէն տառապեալի կանչին պատրաստ Է քո Ախվերդովը, եւ ինչո՞վ ըսես չեմ կտրեր հինգ, վեց,. ութ, տասը վերստ տարածութիւնը։ Անգամ մը ետեւէս եկաւ գիւղացի մը այնպիսի սայլակով, որով գոմաղբ կը կրեն: Եւ չնայած մերիններուն (պալատականներուն - Ա. Ա.) դէմքի ծամածռումներուն, ես առանց զզուանքի նստեցայ այդ սայլակր եւ բարի գործ կատարեցի։ Իսկ այն հիւանդներուն, որոնք կþապրին մեր հարեւանութեամբ, Նեւայի շրջակայք գտնուող գիւղերուն մէջ, չնայած անձրեւին կամ քամիին, սովորաբար գրեթէ ամէն օր կ'այցելեմ մակոյկով: Եւ բարի գեղջուկները, տեսնելով իմ ճիգերը՝ հանդիպակաց քամիի ժամանակ, եւ երեսիս քրտինքը, առատօրէն կը շռայլեն իրենց օրհնութիւնները։ Ըսէ՛, աւելի մեծ պարգեւ ո՛ւր կը գտնեմ: Եւ անոնք բոլորն ալ թէ՛ բուժումը, թէ՛ դեղօրայքը կը ստանան ձրի։ Նոյնինքն օգնութիւն ցոյց տալու մէջ արդէն ես կը գտնեմ իմ վարձատրութիւնս: Յաճախ ծեր կանայք ինծի թարմ ձուկ, հաւկիթ, հատապտուղ, սերուցք կը բերեն: Այդպիսիներուն ես կ'ուղարկեմ խոհանոց, որպէսդի այդ թանկարժէք նուէրները անոնք վաճառեն մեր խոհարարին»։

Այս ամէնը կը բացայայտէ Ախվերդեանի մարդկային բացառիկ յատկանիշները։

Ո՛չ Փեթերսպուրկի պալատական ճոխ ու փարթամ կեանքը, ո՛չ Ախվերդեանի ունեցած դիրքը բարձր շրջանակներու մէջ աղարտեցին, ապականեցին անոր հոգին։ Ան մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն՝ միշտ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար: Սիրեց հասարակ մարդուն՝ իր ողջ Էութեամբ, ապրեցաւ անոր ճակատագրով։

Ախվերդեան կ'որոշէ հեռանալ Փեթերսպուրկէն։ Չեոնիշովին հրաժարական կը ներկայացնէ։ Ռազմական նախարարի այն հարցին, թէ ինչո՞ւ կ'ուզէ վերադառնալ Հայրենիք, ան կը պատասխանէ, որ կարօտած է Հայրենիքը։

Բժիշկը անդրդուելի կը մնայ նախարարի խնդրանքին եւ խոստումներուն հանդէպ։ 1846ի Յունիսին Ախվերդեան կը վերադառնայ Կովկաս, ուր հասարակական գործունէթեան լայն ասպարէզ կը բացուի անոր առջեւ»։

Կը նշանակուի Կովկասի փոխարքայի գրասենեակի Յատուկ Յանձնարարութեանց բաժնի կրտսեր, ապա՝ աւագ աստիճանաւոր: Իրեն կը վստահուին Կովկասեան երկրամասի ոսկիի արտահանման ընդհանուր նախադիծը կազմելը, Արադվա ջրանցքի կառուցման նպատակայարմարութեան հարցերու մշակումը, երկրամասի տարածքին փոստակայաններու ստեղծման գործով գբաղիլը, Կովկասեան մարզի դասագիրքեր հաստատող կոմիտէի աշխատանքները։ Անոր կը յանձնարարուի զբաղիլ Հայրենի երկրամասի վերաշինութեան հարցերով։

Աղբյուրը՝ «Ազատ օր» օրաթերթ

Նյութը պատրաստեց Ք. Ա.-ն 

Հետևե՛ք -ին Youtube-ում`
Արեգակի վրա ուժգին բռնկում է գրանցվելՌուսաստանը երկարաձգել է բենզինի և դիզելային վառելիքի արտահանման արգելքըԳազայի հատվածում զոհվածների թիվը գերազանցել է 71 հազարըՀայաստանը շարունակել է հայկական մշակութային ժառանգության հանրահռչակումը ՅՈՒՆԵՍԿՕ-ում․ ԱԳՆ2025-ի այցերի կարևոր բաղադրիչ են եղել փորձագիտական շրջանակների ներկայացուցիչների հետ քննարկումներըՓաստաբան Լևոն Բաղդասարյանը «Եվրոմեդիա24»–ի կողմից արժանացել է «Արդարության պահապան» մրցանակին (տեսանյութ)Գերմանիայում կանխատեսել են Զելենսկի–Թրամփ հանդիպման ձախողումըԵՄ երկրների զինվորականներին Ուկրաինա ուղարկվելու դեպքում խորհուրդ են տվել սպիտակ դրոշ վերցնելԱվտովթար՝ Գեղարքունիքի մարզում․ «Toyota»-ն դուրս է եկել երթևեկելի գոտուց և հայտնվել ծառերի մեջՎերլուծաբանը կասկածի տակ է դրել ԱՄՆ-ի հարվածների թիրախի ընտրությունը ՆիգերիայումԳորդոնի նախկին կինը ծաղրել է նրա ամուսնությունը 23-ամյա նկարչուհու հետ28-ամյա երիտասարդը 320 000-ի մետաղադրամներ է գողացել ավտոլվացման կետիցՎաղը կմատուցվի տարվա վերջին Սուրբ Պատարագը․ մտածեք՝ որքան մոտեցաք Աստծուն. Հայր ԶաքարիաԴուրովի անվճար սերմնահեղուկը կարող է լուրջ ռիսկեր ստեղծել ապագա սերունդների համարԱռողջապահական ապահովագրությունը ներդել են, բայց մարդիկիկ չգիտեն՝ ինչ են անելու հունվարի 1-ից (տեսանյութ)Ռուսաստանի պատասխան հարվածները շոկի մեջ են գցել ՆԱՏՕ-ինԳյումրիում կրակել են հայտնի դաջվածքներ անողի աչքին. վարույթ է նախաձեռնվելԳեղարքունիքի մարզի դպրոցներից մեկում ուսուցչուհին հոգեբանական բռնության է ենթարկել աշակերտուհունՄոսկվայի օդանավակայաններում հետաձգվել է ավելի քան 50 չվերթԶելենսկին Արևմուտքից պահանջել է ուժեղացնել ՀՕՊ-ի մատակարարումներըՓաշինյանը բառաբան է խփում, ՔՊ-ականները՝ ուրախանում (տեսանյութ)Զելենսկին «կարմիր գծեր» է անվանել Կիևի դիրքորոշումը տարածքների հարցումԳեներալ-լեյտենանտ Լևոն Մնացականյանը մերժեց Բաքվի մեղադրանքները քառօրյայի, վարձկանների վերաբերյալ«Եվրոմեդիա24»–ը «Պայքարի էտալոն» մրցանակը շնորհել է իր հայրենիքի հող ու լեռի պահապան Դավիթ Ամալյանին (տեսանյութ) Դավիթ Իշխանյանը գերեվարված է Բաքվի իշխանությունների կողմից, Միքայել Սրբազանը` ՀՀ-ի․ Իշխան ՍաղաթելյանՈվ հարվածում է տաճարի դռանը, նա կատարում է սրբապղծություն՝ անկախ իր բերած «արդարացումներից և պատճառաբանություններից. Գրիգոր աբեղա ՄինասյանՌուսաստանի շրջանների վրա երեք ժամում խոցվել է 111 ուկրաինական ԱԹՍԱՄՆ-ը Ուկրաինային առաջարկել է 15 տարվա անվտանգության երաշխիքներ (տեսանյութ)Դավիթը, Միքայել Սրբազանը կազատվեն կապանքներից, բանտի ճաղերի հետևում կհայտնվեն հանցագործները. Արթուր ԽաչատրյանԳուլյայպոլեի մեծ մասը անցել է Ռուսաստանի բանակի վերահսկողության տակՆարկոլոգը բացահայտել է ալկոհոլի կանոնավոր օգտագործման վտանգավոր հետևանքներըՓորձագետը կոչ է անում ԱՄՆ-ին և Նիգերիային հարվածների վերաբերյալ հրապարակել ամբողջական տեղեկատվությունՔՊ-ն քննարկում է կուսակցական ընտրական ռազմավարությունըՏրակտորիստը դիմակայել է վագրերին և փրկել կովինԼեհաստանում մեկնաբանել են Ուկրաինայում խաղաղության հասնելու հեռանկարներըԲելգորոդի մարզում խաղաղ բնակիչը դարձել է ուկրաինական FPV-դրոնի զոհՍոբյանինը հայտնել է Մոսկվայի ուղղությամբ թռչող ևս երկու անօդաչուի ոչնչացման մասինՆոր մանրամասներ ՆԱԲՈւ-ի խուզարկությունների շուրջ․ թիրախում են Զելենսկու մերձավորներըԱՄՆ-ում հանդես են եկել Զելենսկու համար անբարենպաստ կանխատեսմամբ (տեսանյութ)Կամքի ուժի և հաղթանակի պատմություն․ Նազիկ Ավադլյանին հրավիրել են Վազգեն Սարգսյանի ռազմական ակադեմիաՇերեմետևո օդանավակայանում սահմանվել են ժամանակավոր թռիչքային սահմանափակումներՍիրիացի ապստամբները միտումնավոր համոզել են Ռուսաստանին չմիջամտել Ասադի համար. ԱԳՆԵրկրին ու ժողովրդին անմնացորդ ծառայելու օրինակդ դեռ կքաջալերի հաջորդ սերնդի գործիչներին. Աշոտ Ղուլյանը՝ Դավիթ Իշխանյանի մասինԱյսօր Արցախի խորհրդարանի պատանդված նախագահ Դավիթ Իշխանյանի ծննդյան օրն էՄոսկվայի օդանավակայաններում սահմանափակվել են թռիչքները՝ անօդաչուների խոցումից հետոՖիլիպոն վրդովված է ԵՄ դրոշի ներքո Ուկրաինա զորքեր ուղարկելու գաղափարիցԼրատվամիջոցները բացահայտել են՝ ինչ է սպասվում Զելենսկուն վաղը ԱՄՆ-ումԱԹՍ-ները հարձակվել են Մոսկվայի վրա«Մթնոլորտային ցուրտ ճակատն ուշ երեկոյան կներխուժի ՀՀ տարածք»․ ՍուրենյանԱզատ է արձակվել 44-օրյա պատերազմում զոհված հերոս Մխիթար Գալեյանի հայրը (տեսանյութ)
Ամենադիտված