Արամ Ա կաթողիկոսը Վատիկանից աջակցություն խնդրեց Արցախի և գերիների հարցով
ԲլոգոսֆերաՄի քանի օրեր առաջ, Վատիկանի մէջ Ֆրանսիս Պապին հետ ունեցած իր հանդիպման ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց անցնող շրջանին Արցախի հարցին գծով անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար՝ միաժամանակ խնդրելով, որ նոյն զօրակցութիւնը շարունակուի Արցախի հայութեան միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախ վերադառնալու եւ Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման գծով: Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ խօսեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Քալաղըրին եւ արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու գրասենեակի պատասխանատու քարտինալ Կիւճերոթիին հետ:
Յայտնենք, որ մի քանի շաբաթներ առաջ ռուս եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Քիրիլ Պատրիարքին ուղղած իր նամակին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը առաջարկած էր Պատրիարքին, որուն հետ երկար տարիներու անձնական բարեկամական կապեր ունի, միջամտելու Ռուսիոյ նախագահին մօտ, իր կարգին աշխատանք տանելու Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ու մշակութային հարստութեանց ու ժառանգութեանց պահպանման համար: