Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հովվապետական այցելությամբ մեկնում է Հունաստան և Կիպրոս
ՀասարակությունԱյս առաւօտ՝ Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Յունաստանի Հայոց Թեմ:
Նորին Ս. Օծութեան այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023 եւ պիտի ներառնէ Հայրապետական պատգամներ, այցելութիւններ ու հանդիպումներ՝ ազգային, միջ-եկեղեցական ու պետական մարմիններու ու պատասխանատուներու հետ: Գրում է «Գանձասար» պարբերականը։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Աթէնքէն պիտի մեկնի Կիպրոս։ Հոն եւս ան իր եռօրեայ հովուապետական այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական, միջ-եկեղեցական ու պետական պատասխանատուներու ու մարմիններու հետ:
Նորին Ս. Օծութեան հովուապետական այցելութեան մէջ կարեւոր տեղ պիտի գրաւէ թեմի վերակազմակերպումը, որ առանցքային կարեւորութեամբ յիշուած էր Հայրապետին Սփիւռքի վերակազմակերպումի գծով հրապարակած իր յաջորդական երկու Հայրապետական հռչակագիրներուն մէջ:
Վերոյիշեալ այցելութեանց ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ'ընկերանան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ՝ Գրիգոր Մահսէրեճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան: