Շարունակելու ենք Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսության հայագիտական առաքելությունը․ Արամ Ա
ՔաղաքականԱրամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հանձնել է Հայագիտական կեդրոնի 2023-24թթ․ ուստարվա վկայականները․
«Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի 2023-2024 կրթական տարուան վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Յուլիս 2024-ի յետմիջօրէին, Դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» սրահին մէջ, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին։
Հանդիսութեան ներկայ էին միաբան հայրեր, բաժանմունքի յանձնախումբի անդամներ, Կեդրոնի ուսուցիչներ, ուսանողներ եւ շրջանաւարտներու ընտանիքներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կեդրոնի տեսուչ Ահարոն Շխրտըմեան։ Ան դիտել տուաւ, որ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով Հայագիտական Կեդրոնի ծրագիրը ուսանողներուն կը ներկայացուի երեք տարբեր դասարաններով եւ այս տարուան հունձքը կը կազմեն միայն երեք տարիները յաջողութեամբ ամբողջացնողները. «մեր նպատակն է դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով, սփիւռքեան մեր գոյավիճակին մէջ, Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնը վերածել հոգեւոր, ազգային, կրթական, մշակութային արժէքներու պահպանութեան եզակի վայրի մը, որուն իրականացման մէջ մեծապէս շնորհակալ կը մնանք Կաթողիկոսարանի դիւանապետին, ինչպէս նաեւ կրթական յանձնախումբին եւ ուսուցչական կազմին հետեւողական աշխատանքին», ընդգծեց ան։ Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ Շխրտըմեան մաղթեց, որ կեդրոնէն հրաժեշտ առնելով՝ իրենց գիտելիքները ի գործ դնեն ազգային կեանքին բարօրութեան։ Աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, դիւանապետին, ուսուցչական կազմին եւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները։ Այս առիթով ան յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարեշրջանին Հայագիտական Կեդրոնը պիտի փոխադրուի նորահաստատ Խորէն Ա. կեդրոն։
Աւարտականներուն անունով սրտի խօսք փոխանցեց Մարինա Տաղլեան։ Ան հաստատեց, որ երեք ուսումնական տարիներու աւարտին դժուար է հուսկ բանք արտասանել ու բաժնուիլ Կեդրոնէն, ուր Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեան ներքեւ հարստացուցին արեւմտահայերէնի, հայ մշակոյթի եւ գրականութեան իրենց գիտելիքները:
Վկայականաց բաշխումէն ետք իր պատգամը յղեց Նորին Սրբութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայագիտութեան պարզած ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ այդ ծիրէն ներս արեւմտահայերէնի նահանջին եւ շեշտեց հայագիտութեան նոր մղում տալու կարեւորութիւնը։ Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնին մէջ տարուող աշխատանքը աւելի ծաւալելու ու կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը եւ այս գծով իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց։ Հայրապետը նաեւ ըսաւ, որ հայագիտութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է եւ այս նախանձախնդրութեամբ Կաթողիկոսարանը պիտի շարունակէ նախաձեռնել նոր ծրագիրներու ու աշխատանքներու։ Ան ողջունեց Կեդրոնէն չորս վկայեալները՝ գնահատելով անոնց կատարած աշխատանքը։ Արամ Ա. Կաթողիկոս, այս առիթով, իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց Կեդրոնի տնօրէն Ահարոն Շխրտըմեանին, յանձնախումբին եւ ուսուցչական կազմին։
Նշենք, որ եռամեայ ծրագիրի չորս շրջանաւարտներն են՝ Լոռի Եագուպեան Յարութիւնեան, Մարինա Յարութիւն Տաղլեան, Ցոլեր Սերոբ Գարակէօզեան եւ Օսան Խաչեր Խաչերեան»,- նշվում է հաղորդագրության մեջ։