Ավստրալիայում գործող եկեղեցական դասը զօրակցություն է հայտնում «Տավուշը հանուն հայրենիքի» շարժմանը
ՔաղաքականԱւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանը, Թեմական Խորհուրդը եւ Եկեղեցական դասը իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքին» հոգեւոր եւ ազգային շարժումին:
Համազգային ընդվզում ստեղծած հայրենի կառավարութեան միակողմանի հողային զիջումները դատապարտելի են:
Մեր ձայնը կը միացնենք Վեհափառ Հայրապետին, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդին եւ բազում թեմական Առաջնորդներուն, եւ կը պահանջենք Հայաստանի իշխանութիւններէն սթափիլ եւ վերջ տալ զիջումի քաղաքականութեան, տէր կանգնիլ Հայաստանի ամբողջականութեան եւ ազգային իրաւունքներուն:
Բարձրաշնորհ Տէր Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի գլխաւորած շարժումին նպատակը արդարութեան եւ իրաւունքներու պահանջքին գործադրութիւնն է: Մենք սատար կը հանդիսանանք այդ նպատակին եւ նեցուկ պիտի կանգնինք անոր իրականացման: Կը հաւատանք, որ շնորհիւ ժողովրդային զօրակցութեան եւ պահանջքին, Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի, կարելի պիտի ըլլայ տէր հանդիսանալ Հայ ժողովուրդին արդար իրաւունքներուն:
Աղօթարար՝
Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեան
Առաջնորդ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Թեմին