Անհրաժեշտություն է այս տարին նվիրել հոգևոր կյանքի վերանորոգմանը. Արամ Ա
Հասարակություն
Հունվարի 11-ին ընթերցվել է Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Առաջինի հայրապետական հռչակագիրը։Հայրապետը 2026թ.-ը հայտարարել է «Հոգևոր կյանքի վերանորոգման տարի», և այսուհետև ամեն տարի Սուրբ Ծնունդին հաջորդող կիրակի օրը՝ պատարագի ժամանակ, ընթերցվելու է նրա հայրապետական հռչակագիրը։
Արամ Առաջինն իր այս տարվա հռչակագրում նշել է, որ պարագայական որոշում չէ այս տարին հոգևոր կյանքի վերանորոգմանը նվիրելը, այլ հրամայական անհրաժեշտություն՝ հաշվի առնելով հայի կյանքի մեջ հոգևոր կյանքի առանցքային կարևորության նահանջը։
Հայրապետը նշել է նաև, որ այսօր իրավիճակից ելնելով՝ հայ ժողովրդի մոտ հոգևոր կյանքը չի ներկայացնում այն նույն կենսական վիճակն ու հարազատ պատկերը, ինչպես եղել է անցյալում։
«ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՏԱՐԻ»
Ինչպէս նախապէս յայտարարած էինք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2026 տարին, հայրապետական յատուկ հռչակագիրով, յայտարարեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»։ Ամէն տարի, Սուրբ Ծննդեան յաջորդող կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի մատուցման ընթացքին, կ՚ընթերցուի հայրապետական հռչակագիրը։ 2003 թուականէն սկսեալ, Վեհափառ Հայրապետը իւրաքանչիւր տարին նուիրեց մեր կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող երեւոյթի մը, մտահոգութեան մը կամ դէպքի մը, թելադրելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ ամբողջ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերել զայն՝ իրենց մտածումներուն, գործերուն եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ:
Առ այդ, Կիրակի, 11 Յունուար 2026-ին, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի մատենադարանապետ, ձեռագիրներու ու հնատիպերու բաժանմունքներու տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց հայրապետական հռչակագիրը։
Արամ Ա. Կաթողիկոս հռչակագիրին մէջ կը նշէ, որ պարագայական որոշում մը չէր այս տարին հոգեւոր կեանքի վերանորոգման նուիրելը, այլ հրամայական անհրաժեշտութիւն էր՝ ի տես հայ կեանքէն ներս հոգեւոր կեանքի առանցքային կարեւորութեան նահանջին: Ան Պօղոս առաքեալի հռոմայեցիներուն ուղղած նամակին վրայ հիմնուելով (Հռ 8.5-8)՝ հոգեւոր կեանք հասկացութիւնը կը սահմանէ հետեւեալ մտածումով. «հոգեւոր կեանք կը նշանակէ հոգեւորը նկատել գերիվեր նիւթականէն եւ մարդկային կեանքը իմաստաւորել Աստուծոյ ներկայութեամբ ու զայն լեցնել երկնային արժէքներով: Չմոռնանք, որ քրիստոնէական հասկացողութեամբ մարդը, ֆիզիքականէն անդին ու վեր, հոգեւոր գոյութիւն է՝ Աստուծոյ պատկերով ու նմանութեամբ ստեղծուած։ Հոգեւոր կեանքը այնպիսի կեանքի որակ է, որուն առանցքը Քրիստոս Ինքն է՝ Իր ուսուցումները, հրաշքներէն եկող պատգամները, Իր խաչն ու յարութիւնը. այլ խօսքով, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեան խորհուրդն ու փրկագործական նպատակը՝ շաղախուած մարդու կեանքին, մտածումին ու գործին հետ։ Պօղոս առաքեալ կը հաստատէ. «ես չէ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս է, որ կ՚ապրի իմ մէջս: Այս կեանքը, որ այժմ կ՚ապրիմ մարմինով, կ՚ապրիմ հաւատալով Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ Իր կեանքը զոհեց ինծի համար» (Գղ 2.20): Ահա՛ հոգեւոր կեանքի հիմքը»։
Նորին Սրբութիւնը ապա լուսարձակի տակ կ՚առնէ ներկայ ժամանակներու կենցաղին ազդեցութիւնը հոգեւոր կեանքին վրայ։ Անդրադառնալով Աստուածաշունչին՝ ան կ՚ըսէ. «Աստուածաշունչը կը պարունակէ Աստուծոյ յայտնութիւնը՝ գրի առնուած Սուրբ Հոգիով ներշնչուած անձերու կողմէ: Հետեւաբար, Աստուածաշունչը Աստուածային ճշմարտութիւններու, սկզբունքներու, արժէքներու, պատուիրաններու եւ ուսուցումներու ամբողջութիւն մըն է: Հին Կտակարանը կը շեշտէ մարդուն մեղանչումը եւ մարգարէներու թելադրութիւնն ու յիշեցումը՝ վերադառնալու Աստուծոյ, մարդուն մէջ վերականգնելու Աստուծոյ անկեալ պատկերն ու նմանութիւնը: Նոր Կտակարանը Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղութեամբ ու առաքելութեամբ իրագործուած կոչ մըն է մարդուն՝ ապրելու Քրիստոսով տրուած «լեցուն կեանքը» (Յհ 10.10), հետեւելու երկնային արժէքներու եւ ընթանալու փրկութեան ճանապարհէն: Արդ, Աստուածաշունչին համաձայն, հոգեւոր կեանքը մարդուն վերադարձն է իր երկնաւոր Հօր՝ Աստուծոյ. ան Աստուծոյ ներկայութիւնն է մարդու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետեւիլ է՝ երկնային ճշմարտութիւններու ու արժէքներու կենսագործումով»։ Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ եկեղեցւոյ, Հայրապետը կը նշէ, որ ծէսը, վանական կեանքն ու մշակոյթը արտայայտիչ ազդակներ են հոգեւոր կեանքին։ «Այսօր, պայմաններու բերումով, մեր ժողովուրդին մօտ հոգեւոր կեանքը չի ներկայացներ նոյն կենսունակ վիճակը ու հարազատ պատկերը՝ յարաբերաբար անցեալին», կ՚ըսէ Հայրապետը՝ կատարելով հետեւեալ նշումները.-
ա) Հայ եկեղեցին դարձած է առաւելաբար ծիսակեդրոն, հետեւաբար հրամայական եւ անյետաձգելի է ծիսական կեանքի բարեփոխումը՝ ներկայ պայմաններու ու պահանջներու պատշաճեցումով, աւանդութիւններու ու տօնախմբութիւններու ճոխացումով եւ ժողովուրդին գործօն մասնակցութեամբ:
բ) Պատմութեան ընթացքին հայ եկեղեցւոյ կեանքին, առաքելութեան ու ծառայութեան մէջ ազգայինը դարձած է տիրական՝ ի հեճուկս հոգեւորին։ Առանց անտեսելու ազգային արժէքներու կարեւորութիւնը, անհրաժեշտ է որ եկեղեցին յատուկ նախաձեռնութիւններու դիմելով՝ շեշտէ հոգեւոր արժէքներու կենսական կարեւորութիւնը հայ կեանքէն ներս՝ որպէս աղբիւրը մեր բարոյական, մշակութային, կրթական ու ազգային արժէքներուն:
գ) Մեր կրօնական շրջանակներէն ներս հոգեւոր կեանքը սկսած է դառնալ ընդհանրապէս ձեւական ու ցուցական եւ հայ իրականութենէն ներս՝ լուսանցքային։ Հոգեւոր արժէքներու ներթափանցումը մեր անհատական, ընտանեկան ու հաւաքական կեանքէն ներս տակաւին կը կարօտի աւելի ազդու ու ներգործող նախաձեռնութիւններու ու հետեւողական աշխատանքներու:
Վերջապէս, Հայրապետը մանրամասն կ՚անդրադառնայ հոգեւոր կեանքին եւ հայրապետական հռչակագիրը կ՚աւարտէ հայրական թելադրութիւններով՝ ուղղուած համայն հայութեան։
Նշենք, որ յիշեալ հայրապետական հռչակագիրը շուտով պիտի հրապարակուի։


















































Ամենադիտված
«Անցած գիշեր Գյումրիի երկնքում բնակիչները ֆիքսել են այսպիսի լուսին». Գագիկ Սուրենյան (տեսանյութ)