Արամ Ա-ի նախաձեռնությամբ մարդասիրական աջակցություն՝ ԼՂ-ից բռնի տեղահանվածներին
ՀասարակությունՆորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Մեծի Տանն Կիկիկիոյ Կաթողիկոսը, Արցախեան հայենիքի իննամսեայ պաշարումին յաջորդող աւելի քան 100,000 հաշուող Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին հետեւանքով, կազմեց յատուկ յանձնախումբ մը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան օժանդակութիւնը մատակարարելու մեր տարագրուած հայրենակիցներուն։ Այս յանձնախումբի անդամներն են Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմին), Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոս Տօնոյեանը (առաջնորդ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին), մեթր Ժիրայր Հապիպեանը (ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Ու Շրջակայից թեմին) եւ տիար Յակոբ Լուսարարեանը (անդամ Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային Վարչութեան)։
Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ յիշեալ յանձնախումբը եռօրեայ այցելութեամբ ուղեւորուեցաւ Հայաստան՝ գործնական քայլերու դիմելու նպատակաւ։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 18 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, սրբազան հայրերը հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, անոր փոխանցեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին եղբայրական ողջոյնները եւ Վեհափառ Հայրապետին ու Կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին զօրակցութիւնը յայտնեցին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ տարուող մարդասիրական աշխատանքներուն։ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, իր կարգին, դրուատիքով արտայայտուեցաւ Նուիրապետական զոյգ Աթոռներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող համագործակցութեան ոգիին մասին, զայն որակելով ցցուն ապացոյց հայ եկեղեցւոյ ներքին միութեան ու զօրութեան, միաժամանակ անդրադարձաւ թեմակալ առաջնորդներու հետ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն։
Յիշեալ հանդիպումէն ետք, առաջնորդ սրբազան հայրերը, յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ, այցելեցին Երեւանի, Պռոշեանի եւ Կոտայքի մէջ ապաստանած գաղթականներուն եւ իրենց յորդորներով հաւատք ու յոյս ներշնչեցին ներկայ ահաւոր տագնապներէն ամէնաշուտ ժամանակին դուրս գալու վճռականութեամբ։ Յանձնախումբը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Արագածոտնի մարզպետ Սէրգէյ Մովսիսեանի հետ։
Յայտնենք, որ յանձնախումբը իր այցելութեան ընթացքին կատարեց նիւթական յատկացումներ տեղահանուած ընտանիքներուն։