Պահպանենք hայկական բոլոր իրավունքները․ ՌԱԿ
ՀասարակությունՊահպանենք hայկական բոլոր իրավունքները: Այս մասին հայտարարություն է տարածել է Ռամկավար ազատական կուսակցության կենտրոնական վարչությունը։
«Ժամանակէ մը ի վեր, եւ յատկապէս վերջին շրջաններուն խոր վրդովումով կը հետեւինք Երուսաղէմի մէջ տեղւոյն հայագաղութը, եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը մտատանջող, ոչ ցանկալի իրավիճակին:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը նախանձախնդիր է, որ կատարելապէս երաշխաւորուի պահպանումը՝ ազգային մեր բոլոր պատմական իրաւունքներուն, ըլլան անոնք գոյքային ունեցուածք կամ տրուած պատմական մենաշնորհներ:
Հասկնալի է, որ պայմաններու բերումով անխուսափելիօրէն կ'ըլլան եւ պիտի ըլլան կալուածներու հետ առնչուող գործառնութիւններ: Մեր ակնկալութիւնն է, որ բոլոր այդօրինակ գործարքները ըլլան լիակատար կերպով թափանցիկ:
Մեր ակնկալութիւնն է նաեւ, որ պատկան մամինները լուծեն այս հարցը ըստ հնարաւորին:
Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին 301 թուականէն սկսեալ անբաժանելի մէկ մասը եղած է մեր ժողովուրդին կենցաղին եւ պատմութեան. որպէս այդպիսին, ան կը վայելէ մեր հայութեան բացարձակ վստահութիւնը:
Արդ, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ'ակնկալէ, նաեւ մեր ժողովուրդին ջերմ փափաքն է, որ Հայաստանեայց Առաքելական սուրբ եկեղեցին մշտապէս եւ արդարօրէն շարունակէ վայելել այդ վստահութիւնը: